ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի Սիւնիքի մարզը տուած իր այցելութեան ընթացքին, զրուցելով լրագրողներու հետ՝ յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վերջին պատերազմի հետեւանքները չեն յաղթահարուած, իսկ տագնապը չէ լուծուած, որովհետեւ տակաւին չէ լուծուած Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը:
«Մենք կ՛աշխատինք իբրեւ Մինսքի խումբի համանախագահ՝ այդ դիրքերէն ձգտելով իրավիճակի շիկացման նուազեցման, միջադէպերու վերացման, որպէսզի կարելի ըլլայ նակտի առնել մնացեալ հարցերը՝ պատերազմի հետեւանքներու եւ միւս հարցերու վերջնական լուծումը», յայտնեց դեսպանը։
Անդրադառնալով ապահովութեան եւ սահմանային միջադէպերու վերաբերող հարցերուն` Թրէյսի նշեց, որ այս գծով իր կարծիքը յայտնած է, քանի մը անգամ ալ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը արտայայտուած է։ «Թերեւս գիտէք, որ ես Յուլիսին այցելեցի Գեղարքունիքի մարզի սահմանային հատուածներէն մէկը, ուր միջադէպեր արձանագրուած էին, եւ կ՛ուզեմ յստակօրէն նշել, որ մենք կոչ կ՛ուղղենք իրավիճակի թուլացման եւ կարելի եղածին չափ արագ բռնութիւններու կասեցման», նշեց ան:
Դեսպանը ընդգծեց, որ այս հարցերու լուծումը մեծապէս կարեւոր է յատկապէս այն պատճառով, որ քաղաքացիներ կը յայտնուին տագնապներուն կեդրոնը, կը վտանգուի անոնց ապահոգութիւնը եւ բնական կեանքը, ուստի, այս բոլորը նկատի ունենալով, այդ հարցերուն լուծումը հրատապ կը դառնայ։
Սիւնիքի մէջ դեսպանը նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանի զբօսաշրջութեան ոլորտին եւ այն հարցին, թէ Հայաստան ինչպէ՛ս պէտք է շարունակէ գրաւել զբօսաշրջիկներուն ուշադրութիւնը, իրականացնէ իր ներուժը, երբ, օրինակ, նոյն Սիւնիքի մարզի սահմանային հատուածներուն մէջ Ատրպէյճան պարբերաբար կը լարէ իրավիճակը, կան ապահովութեան վերաբերող հարցեր:
Դեսպան Լի Թրէյսի յայտնեց, որ զբօսաշրջիկները պէտք է նկատի ունենան ապահովութեան հարցերը, բայց միայն Հայաստանի պարագային չէ, որ այդ հարցը կայ։ «Ապահովութեան հարցերը հրատապ, անյետաձգելի հարցեր են, զորս կարելի եղածին չափ արագ լուծելը շատ կարեւոր է, բայց այցելութիւնները պէտք է շարունակուին ինծի պէս այցելուներուն, զբօսաշրջիկներուն համար: Պէտք է այցելել եւ զմայլիլ այս վայրերով: Ես անձամբ քանի մը շաբաթ առաջ հոս էի, եւ այդ է պատճառը, որ այսօր նորէն հոս եմ, եւ իմ ներկայութեամբ կ՛ուզեմ անգամ մը եւս շեշտել ու կարեւորել զբօսաշրջութեան դերը: Հայաստան այս ոլորտին մէջ շատ բաներ ունի առաջարկելիք, յատկապէս՝ Սիւնիքի մարզը», յայտնեց ան։