ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Ապրիլ 24ին Երեւան հրաւիրած է շարք մը երկիրներու ղեկավարներ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը ոգեկոչելու համար:
Ֆրանսայի, Ռուսիոյ, Լեհաստանի եւ Պելոռուսի նախագահները արդէն ընդունած են նախագահ Սարգսեանի հրաւէրը: Սպիտակ տունը դեռ հանդէս չէ եկած յայտարարութեամբ, թէ արդեօք նախագահ Օպաման պիտի այցելէ՞ Հայաստան այս մեծաշուք առիթով:
Հարիւր տարի առաջ Օսմանեան կայսրութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հենրի Մորկենթաու 1.5 միլիոն հայերու կազմակերպուած բնաջնջումը բնութագրեց իբրեւ «Ամբողջ ազգի սպանութիւն»: Հրէական ծագումով լեհ իրաւաբան Ռաֆայէլ Լեմքին «Սի.Պի.Էս.»ին յայտնեց, որ ինք ցեղասպանութիւն եզրոյթը յօրինած է. Ա. Աշխարհամարտին հայերու եւ Բ. Աշխարհամարտին հրեաներու դէմ իրագործուած զանգուածային ոճրագործութիւններուն հիման վրայ:
Ահա այն տասը պատճառները, թէ ինչո՛ւ պէտք է Միացեալ Նահանգներու նախագահին օդանաւը Ապրիլ 24ին վայրէջք կատարէ Երեւանի «Զուարթնոց» միջազգային օդակայան.
1. Նախագահ Օպաման յարգանքի տուրք պիտի մատուցէ Ամերիկայի հարիւր հազարաւոր գթասիրտ քաղաքացիներուն՝ Ցեղասպանութենէն ետք թշուառ հայերուն օգնելու նպատակով 117 միլիոն տոլար (այսօր աւելի քան 2 միլիառ տոլարի համարժէք գումար) հանգանակելնուն համար: Դեսպան Մորկենթաուի նախաձեռնութեամբ եւ նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի աջակցութեամբ, Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցը օգնեց փրկելու եւ խնամելու աւելի քան 132 հազար հայ որբեր: Այս հսկայական բարեգործական նախաձեռնութիւնը առաջին միջազգային մարդասիրական օգնութիւնն էր Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ:
2. Այս առիթով այցելելով Հայաստան՝ նախագահ Օպամա պիտի վերահաստատէ Միացեալ Նահանգներու կողմէն Հայոց Ցեղասպանութեան երկարամեայ ճանաչումը։ Ցեղասպանութիւնը իբրեւ հաստատուած պատմական փաստ ճանչցած են.
– Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը՝ Միջազգային դատարան ներկայացուցած փաստաթուղթին մէջ, 1951ին.
– Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը 1975ի եւ 1984ի բանաձեւերուն մէջ.
– Նախագահ Ռանըլտ Ռիկըն՝ նախագահական հռչակագիրին մէջ, 1981 Ապրիլ 22ին.
– Միացեալ Նահանգներու 50 նահանգներէն 43ը.
– Աշխարհի աւելի քան երկու տասնեակ երկիրներ, ներառեալ՝ Ֆրանսա, Իտալիա, Ռուսիա, Քանատա, Հոլանտա, Վատիկան, Զուիցերիա, Շուէտ, Արժանթին, Լիբանան, Յունաստան, Կիպրոս, Լեհաստան եւ Վենեզուելա.
– Շարք մը միջազգային կազմակերպութիւններ, ներառեալ՝ ՄԱԿի խտրականութեան կանխարգիլման եւ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան ենթայանձնաժողովը, Եւրոխորհրդարանը եւ Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութիւնը:
3. 100ամեակը կրնայ նաեւ նախագահ Օպամայի վերջին հնարաւորութիւնը ըլլալ՝ վերականգնելու ամերիկահայ համայնքին վստահութիւնը՝ յարգելով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ իր լուրջ խոստումները իբրեւ ծերակուտական եւ նախագահութեան թեկնածու:
4. Նախագահ Օպամա կրնայ հիմը դնել հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման՝ հիմնուած ճշմարտութեան եւ արդարութեան վրայ, համահունչ Ներկայացուցիչներու տան մէջ սպասուող բանաձեւին եւ իր նախորդ ապրիլքսանչորսեան ուղերձներուն, յայտարարելով, որ՝ «փաստերու լիարժէք, անկեղծ ու արդար ճանաչումը կը բխի բոլորիս շահերէն»: Նախագահ Օպամայի այցը նաեւ պիտի խրախուսէ մարդու իրաւունքներու թուրք պաշտպանները՝ շարունակելու իրենց դժուար աշխատանքը, որպէսզի օժանդակեն Թուրքիոյ կառավարութեան՝ հաշուի նստելու իր անցեալի ամենամութ էջերուն հետ:
5. Միացեալ Նահանգներու նախագահը օգտուելով այս այցէն, կրնայ կոչ ուղղել Թուրքիոյ՝ վերացնելու Հայաստանի շրջափակումը՝ հայեացք նետելով փակ սահմանէն քիչ մը այն կողմ գտնուող աստուածաշնչական Արարատ լերան:
6. Ի պատասխան Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի վրայ յարձակումներու աշխուժացման՝ նախագահ Օպամա կրնայ շեշտել այս բարդ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղուած Ուաշինկթընի լուրջ աջակցութիւնը:
7. Նախագահ Օպամայի այցը պիտի օգնէ հաւասարակշռելու Հայաստանի յարաբերութիւնները Արեւմուտքին հետ, յատկապէս Ռուսիոյ գլխաւորած Եւրասիական տնտեսական միութեան անոր անդամակցութենէն ետք, եւ հաշուի առնելով Ապրիլ 24ին Փութինի նախատեսուող այցը Երեւան: Հայաստան սերտ յարաբերութիւններու մէջ է արեւմտեան Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ եւ ներգրաւուած է միջազգային խաղաղապահ ուժերուն՝ Աֆղանիստանի, Իրաքի, Քոսովոյի եւ Լիբանանի մէջ: Վերջերս Հայաստանի նախկին վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի նշանակումը Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին կ՛ընդգծէ, թէ Երեւանը որքան կարեւորութիւն կու տայ Միացեալ Նահանգներու հետ իր յարաբերութիւններուն:
8. Քանի որ նախագահ Օպամա ուքրանական ճգնաժամին պատճառով պիտի չմեկնի Մոսկուա՝ մասնակցելու Մայիս 9ին կայանալիք Բ. Համաշխարհային պատերազմին իրականացած Յաղթանակի օրուան տօնակատարութիւններուն, ուստի Երեւանի մէջ ան հնարաւորութիւն պիտի ունենայ հանդիպելու նախագահ Փութինին՝ աւելի հանգիստ պայմաններու մէջ:
9. Նախագահ Օպամայի այցը Հայաստան բարի կամքի կարեւոր դրսեւորում պիտի ըլլայ ամերիկահայ համայնքին նկատմամբ: Անցեալ շաբաթ ամերիկահայ 16 մեծ կազմակերպութիւններ միասնական նամակով դիմեցին Միացեալ Նահանգներու նախագահին՝ կոչ ուղղելով անոր մասնակցելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ձեռնարկներուն Հայաստանի մէջ:
10. Նախագահ Օպամա պիտի կատարէ Միացեալ Նահանգներու նախագահական առաջին պատմական այցը Հայաստան, որուն նախորդած են շարք մը բարձրաստիճան ամերիկացի պաշտօնեաներ՝ պետական նախարար Ճէյմս Պէյքըր Գ.ը, 1992ին, պաշտպանութեան նախարար Տանըլտ Ռամսֆելտ՝ 2001ին եւ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն՝ 2010ին եւ 2012ին, երբ վերջինս ծաղկեպսակ զետեղեց Երեւանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրին մէջ, ինչպէս կ՛ընեն Միացեալ Նահանգներու բոլոր դեսպանները ամէն տարի Ապրիլ 24ին՝ Հայաստանի 1991ի անկախացումէն ի վեր:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
«Եռագոյն» կայքը