ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Կրթական տարուան աւարտը կը մօտենայ: Բնականաբար պիտի ունենանք շրջանաւարտներ, որոնց պէտք է լաւ հոգ տանինք: Այս տարի բարեբախտաբար կրթական լաւ տարեշրջան մը ունեցանք: Եթէ նախորդ տարիներուն «Քորոնա»-ի, տնտեսական տագնապի, գործադուլներու, ցոյցերու եւ տարբեր պատճառներով դպրոցներու կրթական կեանքի խախտումներուն հետ բաղդատենք, կարելի է ըսել, որ լաւ, հանդարտ, ամբողջական եւ առանց ցնցումի տարեշրջան մը ունեցանք:
Հիմնական երկու հարցեր կը մնան անլոյծ: Առաջինը` տնտեսական տագնապին ստեղծած վիճակին պատճառով մեր ուսուցիչներուն ամսաթոշակներուն անհաւասարակշռուած մնալը, որ կարելի է ընդհանրացնել բոլոր մարզերուն մէջ ալ` ազգային, միութենական, մշակութային, բարեսիրական եւ այլ պաշտօնեաներու նման: Բնականաբար իրենց զոհողութեան եւ գիտակցութեան յենելով, անոնց` աշխատանքը շարունակելը տեսնելով, պէտք չէ լուծումները յետաձգենք կամ ուշացնենք:
Բարի կամեցողութիւնն ալ սահման ունի: Միշտ ալ ուսուցիչը պէտք չէ ըլլայ զրկուողը, զոհուողը, համբերողը, հասկցողը: Ընդհակառակը, ուսուցիչները արդարօրէն գնահատելով` մեր դպրոցներուն աւելի թափ ու թռիչք կը տրուի:
Երկրորդ` շրջանաւարտներուն տէր ըլլալու, զանոնք ուղղելու, անոնց օգնելու եւ մանաւանդ հետեւելու պարտականութիւնը շատ կարեւոր է: Մեր շրջանաւարտները պէտք է համախմբել մեր միութիւններուն մէջ, որպէսզի անոնք հոն հասակ նետեն, կազմաւորուին եւ պատրաստուի սերունդ, որ համալսարանական տարիներուն ալ ինքզինք հարազատ զգայ հայկական որեւէ մարզի մէջ գործող միութիւններու մէջ` մշակութային, մարզական, առողջապահական, երիտասարդական, ուսանողական, հայրենակցական, կրօնական եւ այլն:
Մեր շրջանաւարտները պէտք չէ խրտչին, հեռանան եւ այլ շրջանակներու մէջ գտնեն իրենց հանգիստը: Վերջին տարիներուն ոչ կառավարական միութիւններու (NGO) մէջ աշխատիլը նորոյթ է կարծես: Ընդհանրապէս յարգելով բարեսիրական նպատակներով վերոնշեալ միութիւններու գործունէութիւնը` պէտք է գիտնալ, որ մեծամասնութիւնը քաղաքական օրակարգ կը հետապնդէ, եւ պէտք է զգոյշ ըլլալ այս իմաստով:
Մենք ալ, մեր կարգին, մեր միութիւնները աւելի ազատ, շնչող եւ հանդուրժող միջավայրեր պէտք է դարձնենք, որպէսզի նորարար միտքերն ու մօտեցումները մեր նպատակներուն ծառայեցնենք:
Վերջապէս, այս բոլորը կ՛ըսեմ` հաւատալով, որ լիբանանահայութիւնը տակաւին ունի այդ ներուժը, որ կրնայ ինքզինք վերականգնել եւ բոլորին հասնիլ:
Վա՛րձքը կատար բոլորին: