Կիրակի, 26 Նոյեմբեր 2023-ին, Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Պետրոս Ծ. Վրդ. Մանուէլեան ներկայ գտնուեցաւ «Արտ Ալ Մաարէտ»ի մէջ տեղի ունեցող գիրքի մեծ ցուցահանդէսին, ուր «Զաթ Ալ Սալասէլ» գրախանութի տաղաւարին մէջ ներկայացուած էր քուէյթահայ ազգային բարերար Ասպետ Կիրակոս Գույումճեանի արաբերէն լեզուով հեղինակած՝ «Ճանապարհորդութիւնս Երկաթին Հետ» գիրքը: Հայր Սուրբին կ’ընկերակցէին խումբ մը ազգայիններ:
Նշենք, թէ գիրքին մէջ հեղինակը կը պատմէ Քուէյթի մէջ երկաթի գործարան մը հիմնելուն իր պատմութիւնը եւ հետաքրքրական կերպով կը ներկայացնէ երկաթ նիւթի ճամբորդութիւնը՝ երկրի ընդերքէն ելլելու պահէն սկսեալ մինչեւ տարբեր գործածութիւններու առարկայ դառնալը եւ մերօրեայ կեանքին մէջ կենսական պարտականութիւններ ստանձնելը:
Ներկաները առիթը ունեցան հեղինակին մակագրութեամբ ստանալու գիրքի իրենց օրինակները: