Սթամպուլի «Ակօս» պարբերականի հաղորդմամբ, պայմանական ազատ արձակուած են Տինքի սպանութեան ժամանակ Սամսունի ոստիկանութեան աշխատակից Եաքուփ Քուրթարանն ու Տրապիզոնի ոստիկանութեան հետախուզական բաժինի աշխատակից Օզքան Մումջուն:
Սթամպուլի ծանր յանցագործութիւնները քննող դատարանի կայացուցած վճիռով կասկածեալներուն արգիլուած է երկրէն դուրս գալ: Անոնք պիտի մասնակցին յետագայ հարցաքննութիւններուն ու դատական նիստերուն: