Տոքթ. Եղիկ Ճերեճեան բարի աւանդոյթ դարձուցած է հայկական ազատագրական պայքարին մեծ ներդրում ունեցած գործիչներու մասին մենագրութիւններու հեղինակումն ու հրատարակումը, ինչպէս կ’ըսէ Հ. Հ. Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Պատմութեան Հիմնարկի տնօրէն փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան: Այս տարի բախտաւորութիւնն ունեցանք կարդալու Միքայէլ Սերեանի (Պանդուխտ) մասին հատորը, որ արգասիքն է Եղիկ Ճերեճեանի հետազօտական հերթական ծանր աշխատանքին: Գիրքը հրատարակուած է ՀՐԱՍԻՐՏՆԵՐԸ մատենաշարով, իբրեւ անոր 3-րդ հրատարակութիւնը, եւ կը բաղկանայ 237 էջերէ:
Կ’արժէ հոս մէջբերել քանի մը տող Պատմութեան Հիմնարկի առաջատար գիտաշխատող, Երեւանի Պետական Բժշկական Համալսարանի հասարակական գիտութիւններու ամպիոնի վարիչ Վահան Մելիքեանի` հատորին սկիզբը զետեղուած «Որպէս Նախաբան» գրութենէն. «Պանդուխտի մասին մեր հանրութեան առաջին անգամ իրազեկուել է Եղիշէ Չարենցի «Երկիր Նայիրի» վէպի միջոցով, որտեղ բանաստեղծը անթաքոյց հիացմունքի խօսքեր է շռայլում Պանդուխտի մասին: Յաջորդիւ նրա անունը կապւում է 1918 թ. Մայիսեան հերոսամարտերի, մասնաւորապէս Սառնաղբիւրի գոյամարտի հետ: Եղիշէ Չարենցից յետոյ, Պանդուխտի մարտական երթը իրենց աշխատութիւններում կերպարանաւորել են մեծանուն գրողներ Խաչիկ Դաշտենցը, Վահան Թոթովենցը, Սերօ Խանզադեանը, Բագրատ Ուլուբաբեանը եւ ուրիշներ: Ե. Ճերեճեանի աշխատասիրութեան էական առանձնայատկութիւնը Պանդուխտի կեանքի եւ գործունէութեան անյայտ էջերի բացայայտումն է»:
Պանդուխտ, բուն անունով Միքայէլ Սերեան (յիշատակուած է նաեւ Միքայէլ Սէֆէրեան) ծնած է Մշոյ Դաշտի Յունան գիւղը, 1884-ին: Քսան տարեկանին ականատեսը եղած է իր գիւղի աւերման քիւրտ եւ թուրք բարբարոսներու ձեռքով, ինչը զայն մղած է միանալու յեղափոխական գործունէութեան: Երիտասարդ հասակին` Պանդուխտ մտած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերը եւ կռուած Անդրանիկի խումբին մէջ: Իր հաւատարմութեամբ սիրուած է եւ Մեծ Հայդուկապետի հիացմունքին ու վստահութեան արժանացած: Ամէն տեղ ուր հարկը զգացուէր, Պանդուխտ ներկայ էր` ի ծառայութիւն եւ ի զոհողութիւն իր ազգին: Գաւառներու եւ քաղաքներու մէջ, ինչպէս Պաքու, Թիֆլիս եւ Երեւան, հայ բնակչութեան ապահովութիւնը պաշտպանողներէն եղած է Պանդուխտ: Այս նպատակաւ Պանդուխտ Անդրանիկի հայդուկային կեանքի վարժ խումբին կը միանայ:
1907-ին Պանդուխտ Հ. Յ. Դ.-ի շարքերէն կը հեռանայ եւ կարճ ժամանակ ետք կը միանայ Սոցիալ-Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան:
Օսմանեան սահմանադրութեան վերահռչակումէն հաշուած օրեր ետք Պանդուխտ կ’երթայ Կ. Պոլիս, ուր կը հանդիպի ծանօթ կուսակցական գործիչներ Ստեփան Սապահ-Գիւլեանին, Մեծն Մուրատին, Փարամազին, Արամ Աչըգպաշեանին, Յարութիւն Ճանկիւլեանին, Յ. Արծրունիին (Յակոբ Աւետիսեան) եւ ուրիշներու:
Եղիկ Ճերեճեան սահմանադրական ժամանակաշրջանի դէպքերը մանրամասն ուսումնասիրած է ու զանոնք լաւագոյնս ներկայացուցած հատորի Գ. գլուխին մէջ: Հոս կը տեսնենք թատերախաղի մը մէջ գլխաւոր հերոսին՝ Ապրոյի դերը ստանձնած Պանդուխտը: Ապրօ անիրաւաբար կը բանտարկուի: Յուսահատական պահեր ապրելէ յետոյ, Ապրօ կը համակուի յեղափոխական շունչով ու կ’ըմբոստանայ անարդարութեան դէմ: Թատերախաղին թեման յեղափոխութիւնն է, որուն Պանդուխտ շատ զօրաւոր կերպով կապուած էր, հաւանաբար թատրերգութեան հեղինակն ալ ինքն էր:
1909-ի Հոկտեմբերին Պանդուխտ քսան մշեցիներու հետ Ամերիկա կը գաղթէ: Հնչակեան Կուսակցութիւնը զայն «շրջիկ գործիչ» կը նշանակէ:
1915-ի Յունուարին Պանդուխտ իբրեւ կամաւոր Նիւ Եորքէն Կովկաս կը հասնի: Եղիկ Ճերեճեան մանրամասնօրէն կը նկարագրէ կամաւորական խումբեր կազմելու նպատակաւ Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցած բոլոր շփումները: Պանդուխտ կը միանայ կամաւորական 6-րդ գունդին: 16-22 Մայիս 1918-ին Պանդուխտ կը մասնակցի Շիրակի Դաշտի ինքնապաշտպանական մարտերուն: Ընդհարումներուն սկիզբը բնակիչները, գաղթականներն ու կռուողները շրջակայ լեռները կը բարձրանան եւ ապահով վայրեր կ’ապաստանին: Գիւղերուն մէջ կը մնան փոքրաթիւ զինեալ տղաք, որոնք թուրքերուն անակնկալ հարուածներ կու տան: Թշնամին կը նահանջէ: Շիրակի Դաշտի կռիւներէն ետք Պանդուխտ իր 200 հոգինոց խումբով Արագածի հիւսիսային լանջերուն վրայ կը տեղաւորուի: Պանդուխտի այդ ժամանակահատուածի գործունէութեան մասին յուշագրող Մանասէ Մանասէրեան հետեւեալը կը յայտնէ. «Կենտրոնում, ուղիղ 440-րդ բարձունքի դիմաց, դիրք է գրաւել մեր 5-րդ գունդը: Մեզանից ձախ՝ ղարաքիլիսեան ու պարտիզանական գնդերն են, եզտիների գումարտակը, սահմանապահ զօրամասը եւ մի քանի այլ խմբեր: 5-րդ գնդի հեռաւոր աջ թեւում, հիւսիսում՝ Կոշ գիւղում ու Արագածի լանջերին, ըստ տեղեկութեան, գտնւում են գնդապետ Հասան-Փաշաեանի (Կարօ Ղասապպաշեանի) հետեւակ գունդը եւ խմբապետ Պանդուխտի 200 հոգուց բաղկացած հեծելազօրը: Դրանք պաշտպանում են մեզ անակնկալ թեւանցումից եւ շրջապատումից… Ինձ նախօրօք յայտնել են, որ իմ աջ թեւը պաշտպանում է Պանդուխտի հեծելազօրը: Յարձակումն սկսելիս ու նրա զարգացման ընթացքում նա աջ թեւից՝ Արագածի լանջերից պիտի իջնի ցած, հարուածի թուրքերին աջից ու թիկունքից եւ օգնի ինձ 440-րդ բարձունքը գրաւելու» (էջ 185):
Եղիկ Ճերեճեան գիրքին Ը. գլուխին մէջ կ’անդրադառնայ Սարդարապատի Ճակատամարտին Պանդուխտի մասնակցութեան, որ կ’ըլլայ Հայաստանի արեւելեան հատուածի զանազան շրջաններուն մէջ կռուելէ յետոյ: Այս ճակատամարտի իր նկարագրականին մէջ, ռուսական բանակին մէջ ծառայող, ալզասեան ծագումով յուշագրող Ալեքսանդր Շնէուր կը գրէ. «Պանդուխտին հեծեալները յառաջ կը շարժին եւ կռիւի կը բռնուին թուրք հեծեալներու հետ… Այստեղ Պանդուխտին ջանքերով կը կազմակերպուի 1000 հոգինոց փարթիզանական ջոկատ: Թուրքերը կ’իյնան խուճապի մէջ: Անոնց գումարտակները կ’անցնին Արփաչայի արեւմտեան ափը: Թրքական ջոկատներուն միջեւ կապը կը կտրուի եւ անոնք կը զրկուին ուտելիքէն եւ ջուրէն: Մայիս 28-ին Սարդարապատի ջոկատին զօրամասերը կը գրաւեն Գարա-Պուրունը, Ներքին եւ Վերին Թալինը» (էջ 191-192):
Սարդարապատի ճակատամարտէն ետք Պանդուխտ կը մասնակցի Զանգեզուր-Արցախի ինքնապաշտպանական մարտերուն, ապա Երեւան գալով` ազգային հասարակական գործունէութիւն կը տանի: Պատմաբան Յարութիւն Թուրշեան Պանդուխտի կեանքի վերջին օրերուն մասին կը գրէ. «Տխուր վախճան ունեցաւ հնչակեան խմբապետ Պանդուխտը: Գաղափարական Պանդուխտը պատշաճ տեղ չգտնելով մայրաքաղաքում, իր շատ նօսրացած խմբով գնացել էր անհիւրընկալ Սարիղամիշ՝ սպասելով հայրենի Մուշ ու Սասուն վերադառնալու առաջին հնարաւորութեանը: Այստեղ էլ նա մեռնում է անտէրութեան մէջ, 1920 թուականի ամրանը» (էջ 218):
Պանդուխտի անկեղծ բարեկամներու մահախօսականներէն կ’արժէ յիշել հնչակեան գործիչ Լազոյի խօսքը, որ անքննելի ճշմարտութիւն է. «Ժամանակակիցներից բացի՝ կայ նաեւ պատմութիւն, որը անաչառօրէն կը դրուատէ արժանաւորին» (էջ 224):
Եղիկ Ճերեճեան հատորը օժտած է օգտագործուած աղբիւրներու եւ անձնանուններու ցանկերով: Շնորհակալ աշխատանք է նաեւ իւրաքանչիւր գլուխի վերջաւորութեան տեղ գտած ծանօթագրութիւններուն հեղինակումը, որով ընթերցողին եւ ուսումնասիրողին յաւելեալ արժէքաւոր տեղեկութիւններ կը տրամադրուին:
Ահաւասիկ պատմութեան համար շատ օգտակար գործ մը, որով Պանդուխտ կը վերակենդանանայ մարմնապէս մեզմէ հեռանալէ գրեթէ դար մը ետք եւ կը գնահատուի արժանաւորապէս:
Վարձքդ կատա՛ր, Տոքթ. Եղիկ Ճերեճեա՛ն:
Ակնդէտ կը սպասենք նուիրեալ հայորդիներու մասին յաջորդ հատորներուդ:
Յարութիւն Իսկահատեան
Պէյրութ