ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
Նախագահ,
Մեծայարգ Պերճ Սեդրակեան
ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը եւ Լիբանանի մէջ գործող բոլոր միաւորները, անդամ-անդամուհիները սրտի խոր ցաւով տեղեկացան ՀԲԸՄ-ի ցկեանս նախագահ Ալեք Մանուկեանի դուստր, երբեմնի նախագահ, ազգային բարերար Լուիզ Սիմոնի մահուան գոյժը:
Հարազատի մը անվերադարձ մեկնումը մեր անցողակի աշխարհէն ու անոր պատճառած վիշտը կրնան սփոփուիլ միայն երկնային մխիթարութեամբ:
Հայ ժողովուրդը՝ Սփիւռք եւ հայրենիք երբեք պիտի չմոռնայ Լուիզ Սիմոնի անթիւ եւ բազմակողանի ծայառութիւնները:
Սոյն գրութեամբ կը փափաքինք Ձեզի փոխանցել մեր ցաւակցական անկեղծ զգացումները, Ամենակալէն խնդրելով որ երկնային հանգիստ պարգեւէ հանգուցեալի հոգիին, Ձեզի եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան՝ մխիթարութիւն, որպէսզի կարենաք համբերութեամբ տանիլ այս ծանր կորուստը:
Խունկ ու աղօթք Լուիզ Սիմոնի յիշատակին
ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան
Ատենադպիր Ատենապետ
Յակոբ Թէլվիզեան Վիգէն Չերչեան