ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք».- Թուրքիոյ մէջ, Ապրիլ ամսուան ընդառաջ, աւելի յաճախակի կը դառնան հակահայ ձեռնարկները: Թրքական «Միլլիյէթ» թերթը կը գրէ, թէ կազմակերպուած է «Հայկական Հարցը եւ գաւառապետ Քեմալ պէյը» նիւթով «գիտաժողով» մը, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցած է Իհսան Քուրթ։
Քուրթ նոյնիսկ խուսափած է մինչեւ իսկ թրքական պաշտօնական պատմագրութեան կողմէ ընդունուած «տեղահանութիւն» բառէն՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը անուանելով «տեղափոխում» եւ պնդելով, թէ անիկա «աքսորի իմաստով կիրառուած տեղահանութիւն մը չէ՛ եղած»:
Թուրք «գիտնական»ը կրկնած է նաեւ թրքական պաշտօնական պատմագրութեան կեղծ թէզերը, ըստ որոնց՝ «քանի որ այն ժամանակ երկիրը կը գտնուէր պատերազմական դրութեան մէջ, ապա նման դէպքեր բնական պէտք է համարել»:
Իսկ անդրադառնալով Եոզկաթի փոխկառավարիչ Քեմալ պէյին՝ Քուրթ պնդած է, թէ ան մահուան դատապարտուած էր՝ միա՛յն հայկական քարոզչութեան իբրեւ հետեւանք:
Յիշեցնենք, որ 1919-1921 թուականներուն, հայոց տեղահանութեան եւ կոտորածներուն մեղադրանքով Պոլսոյ մէջ յարուցուած շուրջ 63 դատական գործերէն առաջինը Եոզկաթի դատավարութիւնն էր, որուն իբրեւ արդիւնք, դատարանը ունկնդրութեան արժանացնելով բազմաթիւ թուրք եւ այլազգի վկաներ՝ մահուան դատապարտած է Քեմալ պէյը՝ բազմաթիւ հայեր սպաննելու նպատակով կեդրոնէն ստացուած հրամանը ի գործ դնելուն համար: Քեմալի մահապատիժը իրականացուած է 1919ի Ապրիլ 10ին՝ Պոլսոյ Պայազիտ հրապարակին վրայ: Սոյն մահապատիժէն անմիջապէս ետք, երիտթուրքերը մեծ ցոյց մը կազմակերպած էին՝ Քեմալը ներկայացնելով իբրեւ առաջին «զոհ»ը, ապա զայն մեծ շուքով թաղած էին, ինչ որ արգիլուած էր նման դատապարտեալներու պարագային:
Յետագային, Թուրքիոյ հանրապետութիւնը ոչ միայն հերոսացուցած է Քեմալի նման հայասպանները, այլ նոյնիսկ թոշակ եւ գոյք տրամադրած է անոնց ընտանիքներուն: Եւ մինչեւ այսօր, Թուրքիոյ մէջ պարբերաբար կը կազմակերպուին նման մարդասպաններու յիշատակը ոգեկոչող ձեռնարկներ: