ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Նախաձեռնութեամբ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտական ուսմանց հիմնարկին, կազմուած է «Year100.org» համացանցային կայքը, իբրեւ դիւրամատչելի կայք ծառայելու՝ Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներուն եւ հրատարակութեանց հետեւելու համար, միաժամանակ՝ լուսարձակ մը եւս բանալով պատմական այդ իրադարձութեան վրայ։
Այս տեղեկութիւնը փոխանցած Հայագիտական ուսմանց հիմնարկի վարիչ Սալբի Ղազարեան կ՛աւելցնէ, թէ կայքը եռալեզու է՝ անգլերէն, հայերէն եւ թրքերէն։ Անիկա նաեւ հարստացած է Հրայր Բազէ Խաչատրեանի, Ստեփան Նորայր Շահինեանի եւ Մեթիու Քարանեանի լուսանկարներով։
Անոնք, որոնք կը փափաքին, կրնան Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած իրենց ձեռնարկը աւելցնել կայքին վրայ։ Կայքէջի հասցէն է՝ http://year100.org/add-your-own-event։
http://asbarez.com/