Գրող, Ճարտարագէտ Թադէոս Եսայեան –Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Յարգելի Պարոն Թադէոս Եսայեան, Ի՞նչպէս ընթացած է եւ կ’ընթանայ ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարը աւելի քան մէկ դարէ ի վեր:
106 տարիներ անցան ցեղասպանութեան արհաւիրքին, բայց մեզի համար կարծես երէկ էր եւ հայ դատը մեր նահատակներու ձայնին արձագանքը կը տանին աշխարհի բոլոր երկիրներուն եւ արդարութիւն կը պահանջեն:
Ինչպէս գիտէք, ոմանք պաշտօնապէս ընդունած են ցեղասպանութիւնը, ոմանք առ ի երես ցաւակցած եւ ոմանք ալ ուրացած: Ֆրանսան ճանչնալով հանդերձ նոյնիսկ պատճամիջոցներ յղած է ուրացողներու հանդէպ: Հարաւային Ափրիկէի Արքեպիսկոպոս Desmond Tutu Իր Երուսաղէմ հայոց վանք այցելութեան ընթացքին հետեւեալը ըսած է .- «Ես կ’աղօթեմ հայ ժողովուրդին համար, հայ ժողովուրդը չարչարուած ժողովուրդ է, չարչարուած մանաւանդ վերջին հարիւր տարիներուն: Այսօր, Ամենակալ Բարձրեալը զգաստութեան կը հրաւիրէ համայն մարդկութիւնը արդարութեան ճանաչումին»:
Պարոն Թադէոս Եսայեան, Ի՞նչպէս եւ ի՞նչ նոր միջոցներ պէտք է օգտագործել աւելի լաւ արդիւնք ունենալու համար:
Յստակ է թէ ինչ պէտք է ընենք այսուհետեւ:
Պահանջատիրութեան մեր արշաւը պէտք է շարունակուի աւելի մեծ թափով: Ցոյցներն ու ոգեկոչումի հայերէն յօդուածներ բաւարար չեն: Պէտք է քաջալերենք, որ օտար երկրի լրատուական հարթակները գրեն իրենց լեզուով մեր մասին.. ինչպէս The Armenian National Committee of America եւ ճիշդ այնպէս ինչպէս Եգիպտոսի Հայ Դատի Յանձնախումբը ի գործ դրած է իր բոլոր ջանքերը մամուլի եւ հեռատեսիլի հարթակներուն վրայ:
Շատ կարեւոր է, որ օտարը գիտնայ, որ հայը խաղաղասէր է, թէ հայը պարտաճանաչ քաղաքացի է, ուր որ ալ ապրի, թէ հայը պարզապէս իր իրաւունքն է, որ կը պահանջէ Թուրքիայէն:
Այս աոումով՝ Հայաստանի իշխանութեան աջակցութիւնն ու գործնական ներդրումը խիստ կարեւոր է սակայն առանց Արեւմտեան Հայաստանի իրաւունքները քաղաքականութեան նժարի մէջ դնելու:
Արդարութիւնը չպէտք է թաղուի: Արդէն Anatole France ըսած է .- «այն ազգը, որ կը պայքարի ապրելու համար, այդ ազգը չի մեռնիր: Այո՛, յարատեւ պայքար :
Շնորհակալութիւն՝
Շաքէ Մանկասարեան
«Սփիւռքի Ձայնը» Հայաստանի Հանրային Ռատիօ եւ Ռատիօ ԱՅԳ