Փրոֆ. Դոկտոր Գէորգ Բաղդիշեան
Հայաստանի Հանրապետութեան ռատիոյի հաղորդած լուրերէն բոլորովին վերջերս տեղեկացանք, թէ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան բարձրաձայնած է հետեւեալը (բովանդակութիւնը կը ներկայացնենք անուղղակի խօսքով): Թուրքիա կ’ընդունի Հայոց Մեծ Եղեռնը, եթէ այն ի՛րապէս տեղի ունեցած է Թուրքիոյ կողմէ: Այս խնդրին շուրջ մինչեւ հիմա ինչ որ ըսուած է կամ գրուած, միակողմանի է, առաւելապէս՝ զգացմունքային, զգայական: Հետեւաբար, տարբեր ժողովուրդներու քաջահմուտ մասնագէտնե-րէ պէտք է կազմել խումբ մը՝ որպէսզի համակողմանիօրէն ուսումնասիրէ այս խնդիրը, տայ իր վճռական կարծիքը: Այն հիմք կը դառնայ՝ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Մեծ Եղեռնը ընդունելու կամ մերժելու համար:
Հոս լրջոււթեան նշո՜յլ անգամ չկայ: Էրտողան կը հաւատա՞յ իր ըսածներուն: Ի՞նչ կը նշանակէ ջանալ ապացուցել բան մը, որ դիւանագիտութենէն դուրս շա՜տ վա-ղուց ապացուցված է, իսկ դիւանագիտութենէն ներս՝ ա՛յդքան բռնաբարուած:
Որո՞ւ յայտնի չէ, թէ այսօրուան Թուրքիոյ տարածքը այլ քաղաքակիրթ ժողո-վուրդներուն հայրենիքներն են՝ յափշտակուած: Թուրքիոյ ո՛չ միայն մերօրեայ, այլեւ դարաւոր մտածողութեամբ՝ ուրիշէն գրաւած իւրաքանչիւր թիզ հողն իր հայրենիքն է, իսկ անիրաւուած ժողովուրդները՝թուրքին «հայրենիքը» խլել կամեցող բարբարոսներ, որոնց նկատմամբ Թուրքիա հաշուեյարդար կը տեսնէ ցեղասպանութեամբ: Այսպէս եղած է Օսմանեան կայսրութեան հիմնադիր Օսմանէն սկսեալ մինչեւ հիմա:
Թուրքիոյ հին եւ նոր ղեկավարներն իրենց առաջին եւ ոխերիմ թշնամին հա-մարած են քրիստոնեաները՝ անկախ անոնց ազգային պատկանելիութենէն: Մահ ու սարսափ տարածելով՝ աւերած են, քարը քարին վրայ չեն թողած, աշխատած են վե-րացնել անոց հետքերն անգամ: Ասիկա թուրքին եւ Թուրքիոյ պետութեան բնաւորու-թիւնն է: Ըսուածը հաստատելու համար լիուլի բաւարար է հայ ժողովուրդի, անոր Հայրենիքի, հող ու ջուրի, մշակոյթի եւ հազար ու մի ա՛յլ հանգամանքներուն հանդէպ Թուրքիոյ կեցուածքը:
Քաղքակիրթ աշխարհի թէկուզեւ մէ՛կ գիրք կարդացած մարդուն յայտնի չէ՞, թէ Հայոց Մեծ Եղեռնը անփառունակ Թուրքիոյ առաւել անփառունակ ձեռքի գործն է: Էրտողան չի՞ գիտեր, թէ ի՜նչ անբուժելի վերք են հայուն համար եղեռն, ջարդ, Սփիւռք հասկացութիւնները, որոնց հեղինակը Թուրքիան է:
Մարդկութեան պատմութեան մէջ եղեռնագործուած են եւ, դժբախտաբար, այ-սօր ալ կ’եղեռնագործուին ժողովուրդներ: Օրինակ, Հրեաներ եղեռնագործուան են ո՛չ իրենց հայրենիքին մէջ: Սակայն անոնք կրցան ապացուցել իրենց հետ կատարուածը աշխարհին եւ ստացան համապատասխան փոխհատուցում:
Հայերը Թուրքիոյ կողմէ եղեռնագործուեցան 1915-ին իրնց հայրենիքին մէջ՝ կորսնցնելով ե՛ւ հողատարաքներ, ե՛ւ մշակոյթ, ե՛ւ շա՜տ ու շատ բաներ: Մենք, սակայն, ահա մէկ դարէ աւելի է,որ չենք կրնար հաստատել, համոզել աշխահը (թէեւ վեջինս շա՜տ աղուոր գիտէ ճշմարտութիւնը)՝ ճանչցնելու համար Հայոց մեծ եղեռնը: Այո՛, կրնանք ըսել՝ մեր պայմանները այլ էին եւ են: Սակայն մէկ դարն ալ քիչ ժամանակ չէ:
Այսօր նոյնիսկ ամօ՛թ է այս մասին նրբացուցիչ դէպք յանցանացներ թուելը: Սակայն անառարկելի փաստն ա՛յս է: Աւելին, մեծ տէրութիւններուն եւ անգամ անոնց արբանեակ պետութիւններուն դիւանագիտական լպրծուն կեցուածքը քիչ մնայ մեզի ալ համոզէ, թէ աւելի դիւրին է եղեռնագործուիլը, քան կատարուած փաստը աշխարհին ապացուցելը: Դիւանագիտական շահ հասկացութիւնը կրնայ ե՛ւ աշխարհը ծաղկեցել, ե՛ւ աշխարհը հողին հաւասարեցնել՝ նայած թէ՝ ո՜վ է դիւանագէտը:
Մեր պարագային Հայոց Մեծ Եղեռնի խնդիրը միջազգայնօրէն ճանաչել տալու եւ միջազգային օրէնքներով փոխհատուցում ստանալու համար տարուած կամ կատարուելիք աշխատանքներու մասին խօսելու համար շուրջ մէկ դարեայ ժամանակահատուածը պէտք է բաժանել երկու մասի՝ 1.Հայաստանի խորհրդայի շրջան եւ 2. Հայաստանի նորագոյն անկախացման շրջան:
Խորհրդային շրջանին Հայաստանը պետութիւն մըն էր սոսկ անուանապէս՝ անուրանալիօրէն իր արձանագրած բոլոր յաջողութիւններովը հանդերձ: Խորհրդային Միութեան կազմին մէջ եղած տարիներուն ո՜վ կրնար խօսիլ ազգային պահանջատի-րութեան մասն: Հայոց պարագային առաջին բացառութիւնը այն է, որ «1946 Փետրուար 3-ին Հայաստանի Համայնավար կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Գրիգոր Յարութիւնեան իր արտասանած նախընտրական ճառին մէջ, առաջին անգամ ըլլալով, կը խօսի Հայաստանի հողային պահանջատիրութեան մասին.«Մենք հարց կը դնենք, – ըսած է ան, որ Սովետական Հայաստանին վերադարձուին Թուրքիոյ կողմէ զավթուած հայկական մարզերը»: Այս խոստումը չի՛ իրականանար: Չմոռնանք, Խորհըրդային Հայաստանի յատկապէս արտաքին քաղաքանութեան մշակումը Հայաստանի կառավարութեան գործը չէր:
Հայոց նորանկախ պետութեան խորհրդարանն ու կառավարությունը Հայոց ցե-ղասպանութիւնը պետականօրէն կ’ընդունին 1996-ի Ապրիլ 25-ին: Այդ օրուընէ սկըսեալ՝ ազգային պահանջատիրութինն արդէն որեւէ անհատի, կուսակցութեան,գիտական կազմակերպութեան յուզող խնդիր ըլլալէն զատ, ամենէն առաջ պետական-քաղաքական հարց է, հետեւաբար, ամենէն առաջ պետական մակարդակի բարձրացման հարց՝ Հայոց պահանջատիրութիւնն աշխարհին ու Թուրքիոյ պետականօրէն ներկայացնելու համար:
Առողջ պետութիւնը ազգն է, ազգն ալ՝ պետութիւնը: Փա՛ռք Աստուծոյ, այսօր երկուքն ալ ունինք:
Այսօր իսկ հայ եւ օտար գիտնականներուն կողմէ հրատարակուած են ահռելի քանակութեամբ գիտական ուսոմնասիրութիւններ, արխիւային նիւթե՛ր, յուշագրութիւններ, ժամանակի առաջատար եւ վստահելի մամուլին մէջ (յատկապէս ամերիկեան ) տպագրուած խիստ արժէքաւոր յօդուածներ եւ այլն: Պակասները օր առաջ պէտք է լրացուին, ամբողջ նիւթը, ըստ բնագաւառներու եւ անհրաժեշտութեան ուսումնասիրուի: Ստացուած արդիւնքը պետակնօրէն, միջազգային ընդունուած իրաւական պահանջքներուն համահունչ, ներկայացուի այնտեղ, ուր պէտք է: Ի գործ, որպէսզի դար մըն ալ նորէն չըսպասենք:
Շնորհակալութիւն՝
Շաքէ Մանկասարեան
«Սփիւռքի Ձայնը» Հայաստանի Հանրային Ռատիօ եւ Ռատիօ ԱՅԳ
21 Ապրիլ 2021