ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր»․- Օսմանեան եւ Թուրքիոյ պատմութեան յայտնի մասնագէտ եւ Ցիւրիխի համալսարանի փրոֆեսէօր Հանս-Լուքաս Քայզերի՝ «Թալէաթ Փաշա․ Արդի Թուրքիոյ Հայրը, Ցեղասպանութեան Ճարտարապետը» գիրքը թարգմանուած է թրքերէնի:
Թրքական կարգ մը լրատուամիջոցներուն զայրոյթը յարուցած է յատկապէս «ցեղասպանութեան ճարտարապետ» արտայայտութիւնը եւ այն, որ «Իլեթիշիմ Եայընլար» անկախ հրատարակչութիւնը վերնագիրին «ժամանակակից Թուրքիոյ հայր» հատուածը փոխարինած է «իթթիհաթականութեան ուղեղը» արտայայտութեամբ:
Գիրքը թուրքերուն կողմէ որակուած է՝ «այսպէս կոչուած ցեղասպանութեան պնդումներու ծանուցում»: