Մինչ կառավարութիւն կազմելու հոլովոյթը կը մնայ տեղքայլի մէջ, ցուցարարները անցեալ շաբաթավերջին եւ յատկապէս երէկ վերադարձան փողոց:
Երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն ցուցարարներ փակեցին Զահլէի «Լիպանփոսթ»-ի եւ «Օժերօ»-ի կեդրոնները եւ արգիլեցին, որ պաշտօնեաները մուտք գործեն այդ կեդրոնները` կատարելու համար իրենց աշխատանքները:
Միւս կողմէ, ցուցարարներ բողոքի ցոյց մը կատարեցին Պաալպեքի Կեդրոնական դրամատան դիմաց` ապահովութեան ուժերուն կողմէ որդեգրուած ապահովական խիստ միջոցառումներու ներքեւ:
Ցուցարարները անդադար կրկնեցին երկրին ելեւմտական եւ դրամատնային քաղաքականութիւնը դատապարտող կարգախօսներ:
Թրիփոլիի մէջ ցուցարարներ բողոքի ցոյց մը կատարեցին ելեւմտայարկի յատուկ կառոյցին դիմաց եւ արգիլեցին պաշտօնէութեան շէնք մուտքը:
Մինչեւ կէսօր կատարուած այս ցոյցերը դադրեցան ամբողջ յետմիջօրէին եւ նոր թափով վերսկսան երեկոյեան ժամը 7:00-ի շուրջ:
Երեկոյեան ցուցարարներ փակեցին Սայտայի Էլիա հրապարակը, ուր վրաններ լարեցին: Այդ պատճառով ալ անոնք բախումներ ունեցան լիբանանեան բանակին հետ, որ փորձեց վերաբանալ ճամբան:
Բախումները պատճառեցին 5 վիրաւորներ:
Սայտայի մէջ ցուցարարները կոչ ուղղեցին այսօր գործադրելու ընդհանուր գործադուլ մը:
Սայտայի մէջ արձանագրուած բախումներէն ետք ցուցարարներ հրկիզուող անիւներով փակեցին Քիյայայի ճամբան, Մընիէի ճամբան, Պըտտաուիի մայրուղին, Թրիփոլիի մայրուղին` Փալմայի ճամբան, Հիլալիէի ճամբան:
Նշենք, որ Պէյրութի պարագային ցուցարարները երէկ երեկոյեան փակեցին Ռինկի կամուրջը` ներքին ապահովութեան ուժերու ներկայութեան:
Ցուցարարները Ռինկէն Էշրեֆիէ տանող անցքը բաց պահեցին:
Իսկ ուշ գիշերին` ժամը 11:00-ի շուրջ ցուցարարներ փակեցին Համրայի Կեդրոնական դրամատան ճամբան` դատապարտելով դրամատնային քաղաքականութիւնը:
Մեծ թիւով ներքին ապահովութեան ուժեր ուղղուեցան Կեդրոնական դրամատուն եւ շրջափակեցին զայն:
Իսկ 11:30-ին ցուցարարները ողողեցին Ռիատ Սոլհի հրապարակը:
Կէս գիշերին Ռինկի կամուրջին վրայ գտնուող ցուցարարները ուղղուեցան Համրա` միանալով Կեդրոնական դրամատան դիմաց գործադրուող բողոքի ցոյցին: