ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան Մարտ 13ին, ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլույէն յստակացում պահանջած է Մարտ 6ին, Տրապիզոնի Սանթա Մարիա կաթոլիկ եկեղեցւոյ վրայ կատարուած յարձակումին առնչութեամբ, կը գրէ «Պիանեթ» լրատուական կայքը։
Փայլան նախարարին ներկայացուցած դիմումին մէջ անդրադարձած է նախորդ տարիներուն նոյն եկեղեցիին վրայ կատարուած յարձակումներուն: Մասնաւորապէս, ան յիշեցուցած է, որ 2006ին հոն սպաննուած էր եկեղեցւոյ քահանան՝ Անտրէա Սանթորօն, իսկ 2011ի Յունուարին, եկեղեցին սպառնալիքներ ստացած էր, անոր գմբէթին խաչին համար: Եկեղեցւոյ վրայ նետուած էին շիշեր, որոնցմէ մէկուն մէջ եղած էր հետեւեալ գրութիւնը. «Եկեղեցւոյ գլխու խաչը կա՛մ դուք իջեցուցէք, կա՛մ մենք պիտի իջեցնենք»:
Այլ յարձակում մը տեղի ունեցած էր Յուլիս 15, 2016ի ռազմական յեղաշրջման փորձէն ետք, երբ խումբ մը անձեր քարեր նետած էին եկեղեցւոյ վրայ՝ կոտրելով ապակիները. փորձ կատարուած էր նաեւ եկեղեցւոյ դուռը քանդելու:
«2006էն ի վեր տեղի ունեցած իրադարձութիւնները ցոյց կու տան, որ եկեղեցւոյ վրայ համակարգուած յարձակումները կը շարունակուին», նշած է Փայլան:
Ան հետաքրքրուած է նախարարէն, թէ արդեօք այդ յարձակումներուն առնչութեամբ հետաքննութիւն սկսա՞ծ է, եւ կամ ձեռնարկուա՞ծ են քայլեր՝ եկեղեցւոյ աապահովութիւնը երաշխաւորելու համար։ Ան հարց տուած է, թէ որո՞նք են Մարտ 6ի յարձակումին կասկածեալները եւ թէ ինչո՛ւ այդ յարձակումը չէ կանխուած:
Փայլան փորձած է ճշդել նաեւ, թէ թրքական իշխանութիւնները քայլեր ձեռնարկա՞ծ են Տրապիզոնի մէջ երաշխաւորելու 2006էն ի վեր յարձակումներու ենթարկուող քրիստոնեայ բնակչութեան ապահովութիւնը, ինչպէս նաեւ կանխելու ընդհանուր առմամբ Թուրքիոյ մէջ ատելութեան հողի վրայ իրականացուող յանցագործութիւնները, որոնց թիւը տարուէ տարի կը շարունակէ աճիլ: