ՕՐՈՒԱՆ ԼՐԱՀՈՍ՝ 9 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2020
Հայութեան սիրտը ամենուրեք կը տրոփէ: Մէկ բան յստակ է սիրելի’ ընթերցող, մահուկենաց պահեր կ’ապրի Արցախը: Վճռական բախումներ տեղի կ’ունեան Արցախի ամբողջ ուղղութիւններով:
Ահաւասիկ օրուան լուրերուն համայնապատկերը.
Թշնամին կէս գիշերէն ետք հեռահար քանի մը հրթիռ արձակեց Ստեփանակերտի ուղղութեամբ: Ան այսօր առաւօտեան որոշային դիրքի բարելաւում ունեցաւ Մարտունիի ուղղութեամբ, սակայն յետ շպրտուեցաւ: Ռմբակոծումը կը շարունակուի մինչեւ այս տողերը թուղթին յանձնելը:
8 նոյեմբերին եւ 9-ի լոյս առաւօտեան ժամերուն, Արցախի բանակը ծանր մարտեր վարեց հարաւ-արեւելեան, հարաւային եւ Հարաւ-արեւմտեան ուղղութիւններով: Շուշի- Քարին տակ հատուածին մէջ բուռն բախումներ տեղի ունեցան թշնամի խմբաւորումներու դէմ: Թշնամին մեծ քանակութեամբ ուժ կորսնցելէ ետք նահանջեց:
Արցախի պաշտպանութեան ուժերը յաջողեցան կասեցնել Կարմիր շուկայի ուղղութեամբ թշնամիին յարձակումը: Հակաօդային ուժերը յաջողեցան չէզոքացնել թշնամիին երեք անօդաչու թռչող սարք:
Հայաստանի պաշտպանութեան բանակի խօսնակ Շուշան Ստեփանեան յայտարարեց, թէ թշնամիին ծանր հարուածներ կը կրէ տարբեր ռազմաճակատներու վրայ: Մեր ուժերը գերի վերցուցած են երկու ազերի բանակային:
Ամփոփելով օրուան ռազմական համայնապատկերը, քիչ առաջ, Հայաստանի հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կարճ գրառում մը կատարեց դիմատետրի իր էջին մէջ.« Շուշիի համար բախումները կը շարունակուին»:
Վերոյիշեալ գրառումին տակ աւելցած է հետեւեալ մեկնաբանութինը՝ վարչապետի գրառումը յաջորդած է այն քննարկումներուն, թէ Շուշին դուրս է հայկական ուժերու վերահսկողութենէն:
Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան դիմատետրի իր էջին մէջ գրած է.« Հանրապետութեան Շուշի քաղաքի ուղղութեամբ ներկայիս մարտեր կ’ընթանան: Շուշին եղած է եւ պիտի մնայ հայկական: Բեկում մտցնելու ժամանակն է»:
Արցախի հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր, ՀՅԴ ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան յայտնեց, թէ ամբողջ օրուան ընթացքին ծանր բախումներ տեղի ունեցած են Շուշի քաղաքին մէջ: Բախումները կը շարունակուին:
«Ամբողջ օրուան ընթացքին ռազմական գործողութիւնները շարունակուեցան, այս պահուն դժուար է ընդհանուր գնահատական տալ: Եթէ պաշտպանութեան բանակը համապատասխան հաստատումներ չի կատարեր, կը կարծեմ, որ քաղաքական իշխանութիւններու տեսակէտը կասկածի տակ պէտք է առնել ինչ որ տեղ եւ տուրք չտալ այդ բոլորին: Ի վերջոյ, բանակը ունի իր խնդիրները եւ բանակը կը կատարէ իր խնդիրները». դիտել տոաւ Իշխանեան:
Ան նշեց, որ շատ կարեւոր է հետեւիլ Պաշտպանութեան բանակին լրատուական ծառայութեան հրապարակումներուն եւ մէկ տեղէ ստանալ ամբողջական տեեկատուութիւնը:
Դիւանագիտական գետնի վրայ, Ռուսիոյ նախագահի խօսնակ Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, թէ Մոսկուա հնարաւոր կարելին կը կատարէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը քաղաքական- դիւանագիտական ճանապարհով կարգաւորելու համար:
Փեսքով շրջանցեց Լեռնային Ղարաբաղի հարցով աշխատանքային խումբ ստեղծելու Թուրքիոյ առաջարկը:
Իր կարգին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովա յայտնեց, թէ Ռուսիա չի բաժներ Անգարայի տեսակէտները Լեռնային Ղարաբաղի հարցով:
Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը աղօթք մը կատարեց պատմական Շուշի բերդաքաղաքի պահապաններուն համար.« Կ’աղօթենք մեր պատմական բերդաքաղաք Շուշիի պահապաններուն համար՝ Ամենակարող Աստուծմէ հայցելով զօրաւոր պահել հայոց բազուկի ուժը՝ յանուն յաղթանակի եւ յարատեւ խաղաղութեան». հայցեց Ամենայն հայոցը:
Յունական «Kathimerini » օրաթերթին տուած հարցազրոյցին, Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան կը պնդէ.« Մենք երբեք թոյլ չենք տար, որ եւս մէկ անգամ ցեղասպանութիւն տեղի ունենայ»: