ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 7 Հոկտեմբերին հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին հետ:
Ըստ Հայաստանի կառավարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան՝ Փաշինեան նախ շնորհաւորեց Փութինի տարեդարձը, ապա ընդգծեց, որ Հայաստան եւ հայ ժողովուրդը բարձր կը գնահատեն Ռուսիոյ նախագահին ջանքերը եւ բացառիկ դերակատարութիւնը՝ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան պահպանման մէջ, ինչպէս նաեւ երախտագիտութիւն յայտնեց անոր՝ Հայաստանի նկատմամբ ցուցաբերուող ուշադրութեան համար:
Ռուսիոյ նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց մաղթանքներուն համար՝ դիտել տալով, որ Ռուսիա շատ կարեւոր կը նկատէ ռազմավարական դաշնակից Հայաստանի հետ սերտ համագործակցութիւնը:
Զրուցակիցները քննարկեցին հայ-ռուսական յարաբերութիւններու օրակարգին վերաբերող հարցեր: Անդրադարձ կատարուեցաւ տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակին եւ զարգացումներուն: