ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Տարիները որքա՜ն արագ սահեր են:
Դեռ երէկ էր կարծէք, երբ Ճեմարանի շրջափակին մէջ հազարաւոր հայորդիներու ներկայութեան կը տօնախմբուէր մեր այս սիրելի կրթօճախին 50-ամեակը (1997): Լոյս կ՛ընծայուէր նաեւ դպրոցին պատկառելի յուշամատեանը` հոն ամփոփելով այն բոլոր թանկագին տեղեկութիւններն ու պատմական լուսանկարները, որոնք կը գծէին հալէպահայութեան կրթական կեանքին կարեւոր մէկ երեսը:
Այդ թուականէն անցեր են ահաւասիկ քսան տարիներ եւս: Ու այդ քսան տարիներուն հինգը` պատերազմի թոհուբոհին ու արհաւիրքին մէջ: Ամէն ինչ տակնուվրայ ընող ու գլխիվայր շրջող անգութ պատերազմ մը, որ իր հիմերէն պիտի սարսէր մեր գաղութը: Նոր Գիւղ թաղամասը պիտի հայաթափուէր, հայապատկան բնակարաններ, գործատեղիներ ու դպրոցներ պիտի փակուէին անվերադարձօրէն…
Բարեբախտաբար ինքզինք ոտքի պիտի պահէր Նոր Գիւղի սի՛րտը հանդիսացող Քարեն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանը:
Օրեր առաջ 70-ամեակի հանդիսութիւնը անոր լաւագոյն ապացոյցն էր: Եւ ինչպէս պիտի շեշտէր առաջնորդ Շահան սրբազանը իր հուսկ բանքին մէջ, եօթանասունամեակի այս ձեռնարկը յանձնառութեան եւ ուխտի վերանորոգութեան մեկնարկ մըն էր:
Արդարեւ, շաբաթ, 23 դեկտեմբերի երեկոյեան Հալէպի «Գէորգ Եսայեան» հանդիսասրահը դա՛րձեալ կը յորդէր բազմութեամբ: Ու անոնք, որոնք ներկայ եղան 70-ամեակի այս շատ որակաւոր հանդէսին, անպայման անմոռանալի պահ մը ապրած եղան, որովհետեւ, Ճեմարանի խնամակալութեան կողմէ կազմակերպուած այս ձեռնարկը այնքա՜ն խնամեալ ու տպաւորիչ յայտագիր մը ունէր, այնքա՜ն հայաշունչ էր ու անթերի, այնքա՜ն առինքնող ու գօտեպնդիչ, որ ուղղակի շշմեցուց մեզ: Կը համարձակինք ըսել, որ երկար ատենէ ի վեր ա՛յս որակի հանդիսութեան մը ներկայ չէինք եղած: Հայոց լեզուն ամբողջ ձեռնարկի ընթացքին շարունակ մնաց իր բարձունքին վրայ` թէ՛ բանաւոր ելոյթներու եւ թէ՛ գեղարուեստական յայտագրին ընդմէջէն: Ու կարծէք` գաղտնի պատգամ մը կը տրուէր այս բոլորով. Հալէպէն դուրս` հայ սփիւռքի ՈՉ ՄԷԿ ԱՆԿԻՒՆԻՆ ՄԷՋ կարելի էր այսպիսի որակեալ, տոհմաշունչ ու հայաբարբառ ձեռնարկ սարքել: Հալէպը կը շարունակէր մնալ Անդրանիկ Ծառուկեանի բնորոշած «երազային» քաղաքը…
Այս ձեռնարկը, ամէն բանէ առաջ, երախտիք մըն էր դանիացի Քարեն Եփփէի յիշատակին:
Բարերար Քարեն Եփփէն կը տիրապետէր բեմին` իր մեծ լուսանկարով, իր կողքին ունենալով դպրոցին միւս գլխաւոր հիմնադիրները` Զարեհ Ա. վեհափառն ու Հրաչ Փափազեանը:
Ամբողջ յայտագիրը ի գործ դրուեցաւ բացառաբար ճեմարանաւարտներու մասնակցութեամբ: Եւ այս երեւոյթը նշանակալից էր:
Քրիստ Խրոյեանը, որ հանդիսավարի դերը ստանձնած էր, վարժ ու շատ համակրելի շարժումներով, նախ հրաւիրեց խնամակալութեան երկու ներկայացուցիչներ` դատաւոր Շիրազ Սիսեռեանը (արաբերէն) եւ Վերա Գաբրիէլեան-Գէորգեանը (հայերէն)` բացատրելու ձեռնարկին միտք բանին: Յետոյ ընթացք տրուեցաւ յայտագրին` մերթ բանաւոր ելոյթներով, մերթ գեղարուեստական սիրուն մատուցումներով:
Ճեմարանի զոյգ տնօրէնները` Յակոբ Քիլէճեանն ու Վահէ Ղազարեանը իրենց սրտի խօսքը արտասանեցին: Անոնք շեշտեցին, որ Ճեմարանը անցնող եօթը տասնամեակներուն դիմագիծ տուաւ ամբողջ սուրիահայութեան ու շարունակեց կատարել վահանի դեր մը` սփիւռքը կրծող ուծացումի վտանգներուն դիմաց:
Ռիթա Կաղեան-Տիքպիքեանը, որ փորձառու ասմունքող մըն է, երկարաշունչ ու խորիմաստ հատուածներ արտասանեց Շաւարշ Նարդունիէն ու բանաստեղծ Ժաք Ս. Յակոբեանէն` սքանչելիօրէն փառաւորելով հայ լեզուն ու շատ թովիչ բառերով վեր առնելով հայուն անընկճելի կամքը, անկասելի գոյերթը:
Երիտասարդ ուժեղ ձայն մը` Արամ Խաչատուրեանը (անուանի երաժշտահանին անուանակից) եւ ջութակահար մը` Լիլա Սահակեանը դաշնակահար Ռուզան Պարսումեանին հետ միասին մթնոլորտ ու երանգ շահեցուցին ձեռնարկին:
Հաճոյքով ու վերացումով ունկնդրեցինք նաեւ Մարիա Գաբրիէլեանին տպաւորիչ բանախօսութիւնը: Մարիա Գաբրիէլեանը, որ հայերէնաւանդ ուսուցչուհի է Ճեմարանի երդիքին տակ, կրցած էր իր ելոյթին մէջ դնել այն անհրաժեշտ բոլոր տարրերը, որոնք բեմական խօսքը կը դարձնեն անմիջական ու գրաւիչ եւ յստակ պատգամներ կ՛ուղղեն հանդիսատեսին:
Բանախօսը, գրեթէ անգիր, գծեց պատկերը Ճեմարանի անցնող եօթը տասնամեակներուն` առանձին-առանձին հպելով իւրաքանչիւր տասնամեակի թուական ու բարոյական ձեռքբերումներուն, նուաճումներուն: Ան ափսոսանք յայտնեց, որ Հալէպի պատերազմը նօսրացուց հայ աշակերտութեան թիւը (Ճեմարանը ներկայիս ունի լոկ 360 աշակերտ), բայց միւս կողմէ` գոհունակութեամբ անդրադարձաւ դպրոցին մէջ տիրապետող հայախօս մթնոլորտին ու վստահեցուց, որ կորիզը կանգուն է ու առողջ:
Յայտագրին եզրափակիչ փուլին բեմը գրաւեցին երեսունէ աւելի ճեմարանական պարման-պարմանուհիներ, որոնք կը ներկայացնէին դպրոցին երգչախումբը, եւ որոնք իրենց խմբավարին` Գայեանէ Սիմոնեան-Տէրեանի մականին ներքեւ երգեցին Ճեմարանի 70-ամեակին ձօնուած խմբերգ մը` Լիզեթ Սերայտարեան-Աւընեանի դաշնամուրային ընկերակցութեամբ: Այս ոգեշունչ խմբերգին բառերը գրուած էին Ճեմարանի ԺԲ. կարգէն Վեհան Պարսումեանին կողմէ:
Այս խանդավառ ելոյթէն ետք է, որ բեմ հրաւիրուեցաւ Շահան սրբազանը, որ տակաւին նոր վերադարձած էր Միացեալ Նահանգներէն, եւ որ նմանապէս արտայայտուեցաւ խանդավառիչ բառերով: Բայց սրբազան հայրը, նախ, հրապարակային գնահատանք մը կատարեց: Ան, յանուն Ճեմարանի խնամակալութեան, բեմին վրայ յուշանուէր մը յանձնեց Սարգիս Մարութեանին` որպէս խնամակալ դպրոցին ի նպաստ անոր տասնամեակներու ծառայութեան երախտիք: Այնուհետեւ, Շահան սրբազան իր գոհունակութիւնը յայտնեց ձեռնարկին համար` նկատել տալով, որ Ճեմարանը երախտագիտութեան կենդանի յուշարձան մըն է, զոր հալէպահայութիւնը կանգնեցուց 1947-ին` իր սէրը արտայայտելու համար հանդէպ Սուրիոյ, հանդէպ արաբ ասպնջական ժողովուրդին եւ հանդէպ բարերար Քարեն Եփփէին: Անիկա վերապրեցուց մեր մէջ Հայաստանն ու հայութիւնը: Եւ այստեղ սրբազան հայրը մասնաւորաբար յիշատակեց ողբացեալ Մկրտիչ Մկրտիչեանին անունը ու դիտել տուաւ, որ Ճեմարանի հայերէնաւանդ երկարամեայ երբեմնի այս մեծանուն ուսուցիչը ինքնին խորհրդանիշ մըն էր նուիրումի եւ հայակերտումի:
Խորապէս տպաւորիչ այս հանդիսութիւնը վերջ գտաւ երգչախումբին հնչեցուցած Ճեմարանի քայլերգով, զոր տարիներ առաջ գրած էր լիբանանաբնակ ողբացեալ բանաստեղծ Սարգիս Կիրակոսեանը:
Բայց կարեւորը այն էր, որ ամբողջ ձեռնարկը, իր բոլոր մանրամասնութիւններով, որակի ու տաքուկ ապրումներու եզակի խառնուրդ մըն էր, ու մենք այդ քաղցր տպաւորութիւնը դեռ երկա՜ր շաբաթներ պիտի պտտցնենք մեզի հետ…
Հալէպ