Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ Ռուսիա բացարձակապէս սխալ կը նկատէ Խրիմի վերաբերեալ Թուրքիոյ դիրքորոշումը, եւ որ Մոսկուա պատրաստ է շարունակել գործընկերներուն բացատրել իրերու իրական վիճակը:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտնած էր, որ Թուրքիա կը շարունակէ աջակցիլ Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութեան, եւ որ ինք չէ ճանչցած եւ չի ճանչնար Խրիմի անօրինական միացումը: