Երէկ` ուրբաթ, 23 փետրուար 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Փթիթ» մանկապատանեկան պարբերաթերթի ձեռնարկը` «Տպագիր եւ ելեկտրոնային «Փթիթ». ծնունդ, նպատակ եւ հեռանկարներ» խորագիրով:
Բացման խօսք արտասանեց եւ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Հայկազեան համալսարանի գրադարաններու պատասխանատու Սոնիա Սիսլեան: Բացման խօսքէն ետք հանդէս եկաւ դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան, որ ընդգծեց անհրաժեշտութիւնը մանկապատանեկան թերթերուն աջակցելու` արագ ուրուագիծ մը տալով նաեւ Պոլիսէն մինչեւ Պէյրութ լոյս տեսած մանկապատանեկան թերթերուն ու մեծապէս արժեւորեց Կարօ եւ Վերժին Աբրահամեաններու նուիրումը այս բնագաւառին մէջ:
Ձեռնարկին հանդէս եկաւ Արի Վարդանեան, որ դաշնակի վրայ նուագեց «Սարերի հովին մեռնեմ»-ը:
Խօսք առաւ նաեւ լրագրող Շիրազ Ճերեճեան, որ պաստառի վրայ ներկայացուց «Փթիթ»-ի կայքը` շեշտելով, որ անոր բովանդակութիւնը կը ներկայացնէ հաճելին եւ օգտակարգը միաժամանակ:
Ապա խօսք առաւ «Փթիթ»-ի խմբագիր Կարօ Աբրահամեան, որ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայկազեան համալսարանին, «Փթիթ»-ի ընթերցողներուն, բոլոր աջակցողներուն եւ յատկապէս «Գ. Կիւլպէնկեան» հիմնարկին, որ հովանաւորն է «Փթիթ»-ի կայքին:
Կարօ Աբրահամեան ըսաւ, որ «Փթիթ»-ի մտայղացումն ու աշխատանքը կը պատկանին Վերժին Աբրահամեանին, եւ ինք իր աջակցութիւնը կը բերէ այս աշխատանքին: Հեռակայ տեսակապով ողջոյնի խօսք ուղղեց «Գ. Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հայկական բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան, որ հաստատեց, թէ հազուադէպօրէն կը պատահի այն երեւոյթը, ինչ որ է «Փթիթ»-ի պարագային` միաժամանակ մէկտեղել արեւմտահայերէնի իմացութիւնը, մանկավարժութիւնը եւ արհեստագիտութիւնը:
Փակման խօսքին մէջ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան արժեւորեց անհատական-ընտանեկան նախաձեռնութիւնը` տալով «Փթիթ»-ի օրինակը եւ մանաւանդ աշխատանքին իրականացումին մէջ անոր հանդէպ նուիրումը:
Աւարտին վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան գնահատելով «Փթիթ»-ի աշխատանքը յուշանուէր մը յանձնեց խմբագիր ամոլին` տէր եւ տիկին Կարօ եւ Վերժին Աբրահամեաններուն: