Փիթըր Պալագեան հանրածանօթ Ամերիկահայ գրագէտը հեղինակն է ՙՃակատագրի Սեւ Շունը՚ յուշագրական հատորին£ Միացեալ նահանգներու Նիուճըրզի նահանգի արուարձաններուն մէջ մեծցած ըլլալով, Պալագեան կը նկարագրէ իր ընտանիքի կեանքին ու իր պատանեկութեան տարիները 1950¬1960ական թուականներուն£ Պալագեան ընտանիքը որեւէ խտրականութեան չէր ենթարկուած այդ տարիներուն, քանի որ անոնք օրինապահ քաղաքացիներ էին ու իրենց արմատները Ամերիկայի մէջ կը հասնէին մինչեւ 1903 թուականը, երբ մեծհայրիկը Պետրոս Արուսեանըª Նիուիճըրզի կը հաստատուէր£
Պալագեաններու Ամերիկեան կեանքին հետ համարկումը տեղի ունեցած էր այն պատճառաւ, որ ընտանիքը կարողացած էր հայկական մշակոյթն ու աւանդութիւնները պատշաճեցնել այդ օրերու Ամերիկեան կեանքին հետ, այս առնչութեամբ որոշակի դեր կատարած է բողոքական միջին դասակարգի կրօնա¬բարոյական արժէքները£ Հայ ըլլալը ունէր իր ծիսակատարութիւնը տունէն ներս եւ հայ եկեղեցւոյ մէջ միայն եւ ոչª այլ ընկերային մարզերէ ներս£ Ընտանիքի անդամներու կեանքին մէջ անմիջական էր ցեղասպանութեան փորձառութիւնը, սակայն անոնցմէ ոչ մէկը զայն կը նկատէր պատշաճ խօսակցութեան նիւթ£ Ցեղասպանութեան այրող իրականութիւնները թաղուած էին իրենց ենթագիտակցութեան մէջ£ Խորապէս եւ լռութեամբ կը դիմագրաւէին անոնց թողուցած հետքերը£ Պալագեան ծնողները պատրաստեցին իրենց զաւակները որպէս Ամերիկացիներ, որոնք զերծ էին իրենց ազգութիւնը ցնցող արհաւիրքներէն£ Այսպիսի դաստիարակութիւն մըն է որ անոնք տուին իրենց զաւակներուն, քանի որ, իրենց ծնողներն ալ իրենց կարգին ՙՔարէ Դուռ՚ մը զետեղելով իրենց անցեալին վրայ, նոր սերունդը անտեղեակ պահեցին հայութեան կրած անպատմելի չարչարանքներու մասին£ Մեծ մայր Նաֆինա Արուսեանը 29 տարեկանին իր երկու անչափահաս աղջիկներուն հետ գաղթի ճամբաներուն վրայ անասելի բռնութեանց ենթարկուած է, տեսնելով իր առաջին ամուսնին մահն ու իր ընդարձակ ընտանիքի սպանդը, ի վերջոյ հասնելով հալէպի գաղթակայաններէն մին£ Ամերիկա հասնելէն ետք, ան քսանամեակ մը լուռ մնաց ու չխօսեցաւ ցեղասպանութեան մասին£ Ի վերջոյ ջղային խանգարումով մը պէտք ունեցաւ իր օրերուն նոր յայտնաբերուած ելեկտրական յատուկ դարմանումի ենթարկուելու որմէ վերջ հանգստացաւ£ Իր անհանգստութեան պատճառն էր Բ© աշխարհամարտի Ճաբոնական յարձակումը Բըրլ Հայպըրի վրայ որը մեծ մօր մտքին ու հոգիին մէջ արթնցուց ցեղասպանութեան յուշերը£ Հակառակ իր անցեալի եղերական փորձառութիւններուն, Նաֆինա մեծմայրիկը, ըստ զինք ճանչցողներու վկայութեան, հաւասարակշուած կին մըն էր, մարդիկը սիրող եւ անոնցմով հետաքրքրուող, առեւտուրով զբաղող եւ ապագայի կարելիութիւններու մասին մտածող£ Բայց ան ներահայեաց դարձած էր ապրելով ժամանակաշրջանի մը մէջ, որ չէր գիտեր ցեղասպանութեան իմաստը եւ ինք պէտքը զգաց զսպուածութեամբ եւ ինքնակարգապահութեամբ վերաբերելու զինք չարչրող նիւթերուն վերաբերեալ£ Ասոնց կողքին իր պատմած բազմաթիւ երազները, յուշերը, պատմութիւնները, աւանդութիւնները անզգալաբար կÿարտայայտէին պատառիկներ իր անցիալի վիշտէն, միշտ սկսելով ՙԺամանակին Կարուչկար՚ով, որոնք ուրիշ աշխարհի մը եղելութիւններն էին£ Այդ պրպտումները անիրական աշխարհ մը կը բացայայտէին£
Պալագեանները Նիուճըրզիի մէջ գտան իրենց ապահովութիւնը որը խոտոր կը համեմատէր ցեղասպանութեան պատճառած արհաւիրքներուն, քանդումներուն, գաղթին եւ տեղահանութեան£ Պոլսոյ պէջ Պալագեաններու տունը հրոյ ճարակ դարձած էր, իսկ մեծ մօր կողմէ Շէքէրլէմէճեաններու տունը Տիարպէքիրի մէջ թալանուած, քանդուած էր եւ ընտանիքը խողխողուած£ Ամերիկայի մէջ չկային այդ խժդժութիւնները, հայեր ազատ էին պաշտելու իրենց Աստուածը, ընտանիք կազմելու եւ զաւակներ մէջտեղ բերելու, գործի եւ աշխատանքի հետամուտ ըլլալու, արուեստներու հանդէպ իրենց շնորհքը ծաղկեցնելու£ Անոնք ձերբազատուած էին անմիջական անցեալի արհաւիրքներէն£ Գաղթականութեան վերջ տալով նոր արմատներ հաստատած էին, քաղաքացիութիւն ունէին եւ կÿուզէին մոռնալ անցեալը£ Առաջին սերունդի գաղթականներն էին£ Անոնք կը մտաբերէին կորսուած աշխարհը, որ ձգուած էր հրկիզուած£ Ու անոնք իրենց քար լռութեամբ կÿողբային վիշտը իրենց ներաշխարհին մէջ£
23 տարեկան հասակին Փիթըր Պալագեան կը գտնէ 1913¬1916 թուականի Մօրկընթաուի թուրքիոյ դեսպանութեան շրջանին գրած յուշերու վկայութիւնը£ Ան իրազեկ կը դառնայ այս հատորին մէջ թուրք կառավարութեան կողմէ կատարուած 1 միլիոնէ աւելի հայերու սպանդին մասին£ Այդ առթիւ կը վերայայտնուին իր մանկութեան յիշողութեան պատառիկները որոնք կցկտուր կերպով քաղած էր իր մեծ մօր պատմութիւններէն ու ընտանիքի անդամներուն արտայայտած մտքերէն£ Փիթըր Պալագեան Մորկանթաուի յուշերէն հատուածներ ուզեց ընդգրկել իր գիրքին մէջ հաւատալով անոնց ճշմարտացիութեան£ Այս ձեւով հայ ժողովուրդի ողբերգական պատմութիւնը աշխարհի ուշադրութեան առարկան դարձուց£ Ուստի իր պատանեկան յուշերուն կը միացնէ հայոց ողբերգութեան դրուագները, քանի որ, զարհուրելի հալածախտ մը զինք կÿառաջնորդէր անպայմանօրէն ընդգրկել 20¬րդ դարուն պատահած ողբերգութիւնը իր ՙՃակատագրի Սեւ Շունը՚ հատորին մէջ£ Բացի դեսպան Մօրկընթաուի յուշագրական վկայութենէն, Փիթըր Պալագեան վերահասու եղաւ նոյն ժամանակաշրջանին իր մօրաքրոջ կողմէ պատմուած մօրենական ընտանիքի ամբողջական ողբերգութեան£ Թէ իր մեծ մայրը ցեղասպանութենէն վերապրող մըն է եւ ան իր երկու աղջնակներուն հետ Սուրիական անապատ քշուած է առանց ուտելիքի եւ ջուրի մեռնելու համար£ Այդ բոլորէն անկախ անոր ամբողջ գերդաստանը սպաննուած էր£
Մօրկընթաուի յուշագրական վկայութեան միանալով իր ընտանիքի ողբերգութիւնը, Պալագեան որոշեց աւելի խորը ծանօթանալ իր հայկական մշակոյթին եւ պատմութեան եւ յատկապէս 1915¬1917ի դէպքերուն£ Ան իր փնտռտուքին արդիւնքները ներմուծեց իր ՙՃակատագրի Սեւ Շունը՚ հատորին մէջ£ Գրքին առաջին մասը կը վերաբերի Պալագեանի Նիու Ճըրզիի արուարձաններուն մէջ անցուցած պատանեկութեան տարիներուն£ Ան մեծցած ըլլալով այդ միջավայրին մէջ, անտեղեակ էր իր ազգի պատմութեան մասին եւ աւելի նման էր իր ժամանակակից Ամերիկացի տղոց, որոնք հետաքրքրուած էին ֆութպօլով, աղջիկներով եւ ծնողական հեղինակութեան դէմ ըմբոստ կեցուածքով£
Պալագեանի ծնողները եւ ընտանեկան պարագաները արտաքնապէս համարկուած ըլլալով հանդերձ Ամերիկեան կենսաձեւին, իրենց տունէն ներս շատ բաներ տարբեր էին տեղացի Ամերիկացիներու սովորութիւններէն£ Անոնց կիրակնօրեայ եւ ընթրիքի սեղանները արարողութիւն էին երկար ժամերու վրայ տարածուած ընգրկելով տունը պատրաստուած համեղ ճաշատեսակներ£ Կիրակի օրերը շատ աւելի փարթամ էին սեղանները երբ Փիթըրի հօրաքոյրները, մօրաքոյրները եւ մեծմայր Նաֆնան ներկայ կÿըլլային աւանդական ճաշի արարողութեան£ Եւ ինչ նիւթեր ըսես չէին խօսուեր այդ ժամերու ընթացքին իրենց առօրեայ կեանքը յուզող հարցերու շուրջ£ Սակայն մէկ բան չէր յիշատակուեր այդ ալ հայոց աղէտն էր£ Փիթըր նոյնիսկ չէր լսած ՙսովամահ հայեր՚ արտայայտութիւնը հայոց մասին, ինչ որ շատ տարածուած ու դիպուկ խօսք մըն էր այդ օրերու Ամերիկեան ընկերութեան մէջ£
ՙՃակատագրի Սեւ Շունը՚ գրքի խորագիրը առնուած է Պալագեանի Մեծ Մօր պատմած մէկ առակէն, ըստ որուն երկու զոհեր կը մատուցուին ճակատագրի չաստուածուհիին£ Մէկը համեղ գառնուկ մըն է նուռով եւ նուշով լեցուած եւ աչքերը կարմիր սուտակներով զարդարուած, միւսը մեռած շուն մըն է բերանը լեցուած որթնոտած խնձորով մը£ Ճակատագիրը կը մերժէ գառնուկը եւ կÿընդունի շունը£ Փիթըր զարմացած այս պատմութենէն եւ շփոթահար կÿարտայայտէ իր զարմանքը թէ ինք չհասկնար մեծ մօր այս պատմութիւններուն իմաստը եւ կը հարցնէ ՙԻն՞չ է ճակատագիրը՚£ Մեծմայրը կÿըսէ բաղդ է, ճակատագիր, բաղդը քու ճակատագիրդ է, ինչ որ վերապահուած է քեզի համար£ Ուժ մըն է, քեզմէ մեծ ուժ մը£ ՙՓիթըր կÿըսէ Աստուծո՞յ պէս բան է՚£ ՙՈչ եավրի, Աստուած չէ՚£ Ան կը շարունակէ հարցումը ՙհապա շունը ինչ է՚, Մեծամայրը կը պատասխանէ ՙշունը, շունը բաղդին պատասխաննէ մեզի, մարդ արարածին£ Շունը մեզի յոյս կուտայ£ Շունին մէջ խորհուրդ մը կայ՚£ Փիթըր չհամոզուելով կը յարէ ՙինչեր կÿըսես Մեծմամա, խորհուրդ, յոյս, ես չեմ հասկնար՚£ ՙԵրեւոյթները խաբուսիկ են՚ կÿըսէ մեծմայրը այլայլած Փիթըրին, ՙաշխարհը այն չէ ինչ դուն կը կարծես՚£ Երկար ատեն Փիթըրի խորհրդածութեան նիւթ կը դառնայ այս առակը, ան դժուարութիւն ունէր իր այնքան սիրելի մեծ մօր պատմած այլազան խորհրդաւոր երազները, ասացուածքները, հասկնալու թէ՛ լեզուական գետնի վրայ, թէ՛ իմաստի տեսակէտէն£ Պալագեան իր մեծ մօրը փոքր տարիքէն կապուած էր £ Այդ կապը բաղդորոշ դեր կատարած է իր աճումին մէջ մեծմայրն ալ բացառիկ սիրով մը կը սիրէր զինք որպէս իր առաջին թոռնիկը£ Ան իր թոռնիկի ֆութպօլի խաղերով նոյնիսկ կը հետաքրքրուէր ու այդ մասին խօսակցութիւն կը վարէր յատկապէս ՙԵանքիներու՚ մասին£ Ամէն Ուրբաթ Փիթըր մեծ մօր տունը կÿերթար իր մօր հետ եւ այնտեղ կÿանցնէր մեծ մօր խոհանոցին մէջ իր շաբաթավերջը£ Մեծ մօր խոհանոցին մէջ Փիթըր կօգնէր ՙչէօրէքներու՚ պատրաստութեան եւ եփելու արարողութեան£ Անիկա իր գլխաւոր հաճոյքն էր£ Մէջ ընդ մէջ ալ կը լսէր մեծ մօր պատմութիւնները, յուշերը, առակներն ու երազները£
Փիթըր Պալագեանի հօրենական կողմի ընտանեկան պարագաները ապրած են Պոլսոյ մէջ, որոնք առհասարակ մտաւորականներ էին, բժիշկներ, գրական քննադատներ£ Անոնց մէջ է նաեւ Գրիգորիս Եպիսկոպոս Պալագեանը ՙՀայկական Գողգոթան՚ գրքի հեղինակը£ Պալագեաններու զաւակն էր Փիթըի հայրը, որ բժիշկ էր, իսկ քոյրերը նօնան ՙՆիուեորք Թայմզի՚ գրախօսականներու բաժնի խմբագիրն էր եւ գրական քննադատ, իսկ Աննան ֆրանսական գերիրապաշտ գրականութեան եւ արուեստի մասնագէտ էր եւ կը դասախօսէր նիու եորքի համալսարանը£
Փիթըրի մօրենական ընտանիքը մետաքսի առեւտուրի մէջ եղած է թուրքիոյ մէջ եւ շարունակած Նիուճըրզիի մէջ£ Մետաքսի առեւտրական գործառնութեան մէջ յաջողած էր յատկապէս Պետրոս Արուսեանը, որ Նաֆինա մեծ մօր երկրորդ ամուսինն էր£ Ան շարունակեց իր գործը Նիւճըրզիի մետաքսի գործարաններուն հետ գործակցաբար£ Փիթըրի մօրաքոյրները Կլատիս եւ Լիւսիլ նշանաւոր ՙWall Street՚ի առեւտրական գործարարներ էին£
Յուշերու այս գրքին ամենայատկանշական վաւերագրութիւնը Պալագեանի մեծ մօր Նաֆինայի բողոքագիրն է 1920 թուականին, հասցէագրուած թուրքիոյ կառավարութեան£ Պաշտօնական մանրամասնեալ կնիքներով եւ տուեալներով այս փաստաթուղթը երեւոյթ էր իր ժամանակին համար£ Զարմանալիօրէն այս բոլորի մասին, նաեւ Նաֆինա մեծ մօր գերդաստանի ջարդերուն մասին երբեք խօսուած չէր Պալագեաններու տան մէջ, բոլորովին գաղտնի պահուած էր այս իրականութիւնը£ Սոյն փաստաթուղթին մէջ Նաֆինան ընդգրկած էր ցանկը իրենց ունեցած կալուածներուն, ինչքերուն, առեւտրական գործառնութեանց£ Նոյնիսկ մահացածներէն եղած գոհարեղէններու կողոպուտը նշած էր մէկ առ մէկ£ Իր միտք բանին այն էր որ Նաֆինան որպէս մարդ էակ միջազգային օրէնքի ենթակայ է եւ իրաւունք ունի պահանջելու իր ստացուածքները£ Անշուշտ թրքական իշխանութիւնները չպատասխանեցին այս դիմումնագրին£
Լռութեամբ եւ անտարբերութեամբ վերաբերեցաւ թուրքիան այս արդար հատուցման դիմումնագրին£ Այդ օրերուն չկային ընկերային եւ քաղաքական կազմակերպուած կառոյցներ պաշտպանելու համար Նաֆինային եւ իր նման վերապրողներու արդար դատը£ Մեծ մայր Նաֆինայի արդարութեան պահանջքի աքտը անձնական, հաւաքական հոգեկան եւ քաղաքական գետնի վրայ մեծ նշանակութիւն ունէր£ Նախճիրի եւ քաոսի ժամանակաշրջանին մէջ եղած քաջութեան արարք մըն էր խոր ինքնավստահութեամբ առլցուն£ Նաֆինայի պահանջատիրութիւնը անձնականէն անդին անցնելով կը հասնէր մարդկային իրաւունքներու հարցին£ Ան այս դիրքորոշումը ունեցաւ միացեալ Ազգերու կազմակերպութենէն շատ առաջ, ըստ որու անոնք կÿարգիլէին մարդկութեան դէմ գործադրուած բռնութիւնները, անգութ, անմարդկային եւ նսեմացուցիչ վերաբերմունքը£
Նաֆինան հին աշխարհէն նոր աշխարհ տեղափոխեց իր ձայնը եւ վկայութիւնը£ Ամերիկայի Նիուճըրզի նահանգնին մէջ ընկերային եւ քաղաքական միջավայրը ձեռնտու չէր այդ արդար ձայնը լսելի դարձնելու համար£ Այդ պատճառաւ ալ ան համոզուեցաւ, որ բացի լռութենէն կարելի չէ տիրանալ ոչ արդարութեան եւ ոչ ալ հատուցումի£ Ան կեանք մը կը սկսէր, խորունկ վիշտը հոգիին մէջ թաղած եւ լռութեան պատմուճանը հագած£
Հայկական ցեղասպանութեան ուրացումը թուրքիոյ կողմէ գլխաւոր տեղ կը գրաւէ այս հատորին մէջ£ կարելի՞ է որեւէ զոհ հաշտուի իր անցեալին հետ, առանց ոճրագործին կողմէ իր յանցանքը ընդունուելուն£ Կարելի՞ է ներել առանց յանցաւորին կողմէ ներողամտութիւն խնդրուելուն եւ առանց արդարութեան հաստատմանª ի խնդիր եղած արարքներուն£ Ուրացումի հիւանդագին արտայայտութիւն մըն է մեղադրել զոհը գործուած ոճիրին համար£ Զոհերու հոգեկան բուժումը կÿուշանայ երբ ոճրագործը հետամուտ է արարքներու, անպատիժ մնալու դիտաւորութեամբ£ Ճիշդ է նաեւ այն վարկածը, որ ցեղասպանութեան ուրացումը նոր ցեղասպանութեանց պատճառ կը հանդիսանայ£ 1939¬ին Հիթլէր ժամանակը յարմար նկատեց ուրիշ ցեղասպանութիւն մը կազմակերպելու, քանի որ հայկական ցեղասպանութեան մասին աշխարհը չէր խօսած եւ դատապարտած£
Ցեղասպանութիւնը ուրացողները շատ բնականօրէն կÿուզեն անտեսել արխիւնեը եւ զանոնք նկատել անճիշդ, սուտ եւ սխալ£ Անոնք կը մերժեն նոյնիսկ պրպտել պատերազմական իրենց դաշնակիցներու արխիւները, ինչպէս Գերմանիոյ եւ նոյն ժամանակաշրջանին մէջ հրատարակուած Ամերիկացի դիւանագէտներու, Միսիոնարներու եւ վերապրողներու վկայութիւնները£ Զոհերը կÿակնկալեն, որ ակադեմականներ վերցնեն պատասխանատուութիւնը անաչառօրէն ներկայացնելու պատմութիւնը£ Անոնք պէտք չէ օգտագործուին ոճրագործ կառավարութեան մը սադրանքներէն, որոնք կը միտին իրենք զիրենք անպարտ արձակել գործուած հաւաքական ոճրային եղեռնագործութենէն£ Հարկ է զանազանութիւն դնել ճշմարիտ եւ վաւերական բանասիրական տուեալներու եւ աղաւաղուած անճիշդ ու սխալական պատմութեան ընթացքին ցեղասպանութիւն գործադրած թուրքիոյ առհաւական մեղքին£ Կÿակնկալուի միջազգային կառոյցներէն ու քաղաքակիրթ երկիրներէն բարոյական քաջ կեցուածքներ£ Անոնք պարտին անհրաժեշտ դիրքորոշումներով ցոյց տալու իրենց դատապարտումը թէ՛ օրէնքի սահմաններուն մէջ եւ թէ՛ գործնական պատիժներ որդեգրելու ողղութեամբ£ Ըստ թուրք Ամերիկաբնակ քաղաքացիի մը, ցեղասպանութեան 81¬րդ տարելիցին առիթով կը յայտնէր քաջաբար թէ պատմութիւնը կըսպասէ թուրք ղեկավարի մը, որ ճանչնայ իր նախնիքներուն կատարած ամենամեծ ոճիրները, ներողութիւն խնդրէ հայ ժողովուրդէն եւ ջանայ զանոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս հատուցանել աշխարհի աչքին առաջ£
Անցնող տասնամեակներու ընթացքին Յիշատակի ոգեկոչումները աշխարհի մէն մի անկեան մէջ, ուր հայեր կÿապրին, դարձած են սրբազան պարտականութիւն ցեղասպանութեան զոհերուն հոգիներուն համար£ Կորուստին ցաւը կÿիմաստաւորուի զայն յիշելով եւ ոգեկոչելով£ Ոգեկոչումը ծէս մըն է թաղելու մեռեալները, որոնց մարմիները շիրիմ չունեցան£ Վերապրողներու առաջնահերթութիւնն է իրենց կորուսեալ հայրենակիցներուն քաղաքակրթութեան վերադարձը յատուկ հաւաքական արարողութիւններով£ Այս ձեւով զոհերու վիշտը կÿօրինականացուի, մահուան ուրուականը կը թեթեւնայ եւ անոնք կը գտնեն իրենց յաւիտենական հանգիստը արժանավայել կերպով£ Երբ աւելի մեծ հաւաքականութեան մը հետ կը բաժնուի ցաւն ու վիշտը, այն ատեն միայն կարելի է յոյս, հաւաքական կամք եւ փրկութիւն իրականացնել£
ՙTimes Square՚ Մէնհէթընի մէջ տեղի ունեցած ոգեկոչումի ձեռնարկին որպէս բանախօս, Փիթըր Պալագեան կÿարտայայտէ իր ցասումը իր ժողովուրդի հանդէպ գործադրուած խժդուժութիւններուն նկատմամբ£ Ան կÿընդունի որ Մակի ցեղասպանութեան տարազումէն ու սահմաններէն 10 անգամ աւելի էր ինչ որ պատահեցաւ 1915 թուականին Անատոլիայի մէջ£ Ան կը յարէ, ՙթուրքերը այսօր կÿըսեն ինչ որ պատահած է, հայեր պարտին այդ վայրագութեան հետ հաշտուիլ՚£ Թուրք կառավարութեան միտք բանին այն է որ իրենք ամէն բան պիտի ընեն իրենք զիրենք ազատ կացուցանելու համար այդ ոճիրէն£ Անոնք կÿուզեն լռեցնել զոհերն ու անոնց ժառանգորդները£ Ամերիկացիք պարտին ոչ ըսել Թրքական ճիգերուն,զոր կը ծառայէ ծածկելու հայկական ցեղասպանութիւնը£ Պալագեան կը դատապարտէ այն ակադեմականները, որոնք կը կաշառուին Թուրքիոյ կողմէ ուրանալու համար ցեղասպանութիւնը եւ զայն ոչնչացնելու մարդկային յիշողութենէն£ Փրինսթըն համալսարանի միջին Արեւելքի բաժանմունքին եւ Ամերիկեան կառավարութեան միջեւ սկսուած գործակցութիւնը ցեղասպանութեան ուրացման համար, մղեց հարիւրաւոր մտաւորականներ, մամուլի գործիչներ, գրողներ, արուեստագէտներ, ակադեմականներ հայ եւ ոչ հայ հեղինակաւոր անձնաւորւթիւններ որ ստորագրեն բողոքագիր մը վերջ դնելու համար թուրք կառավարութեան բռնութեան յատկապէս Ամերիկեան համալսարաններու եւ հաստատութիւններու վրայ£
Հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող հայ ժողովուրդը իր բնաշխարհէն քշուած, սպաննուած, ջարդուած է£ Իր դարերու ընթացքին շինածը գրաւուած ու քանդուած է £ Թուրքիան ոչ միայն մարդկային իրաւունքներու բռնաբարման կեդրոն է, այլ վայր մը ուր չկան ինքնաքննադատութեան եւ ինքնարժեւորման միջոցառումներ£ Ցեղասպանութեան յաջորդող շրջանը անոնցմէ մէկն է£ Թրքական դպրոցներու մէջ կը սորվեցնեն թէ հայերը դաւաճաններ են, որոնք թուրքեր սպաննեցին եւ արժանի են իրենց հանդէպ եղած վերաբերմունքին£ Քարտէսներու, զբօսաշրջիկութեան յայտարարութիւններու եւ համայնագիտարաններու մէջ Հայաստան բառը գոյութիւն չունի£ Հայկական եկեղեցիներու, հաստատութիւններու կառոյցներու ցուցադրման մէջ հայ բառը չÿօգտագործուիր£ ՙԱնի՚ քաղաքի անունը չյիշատակուիր£
Փիթըր Պալագեան ՙՃակատագրի Սեւ Շունը՚ հատորին մէջ յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է հաւաքական յիշողութեան, պատմական ցաւալի անցեալի վէրքերուն եւ հոգեկան խոր դառնութեանց իւրայատուկ արտայայտչաձեւերուն£ Այս հատորով Պալագեան իր բանաստեղծական ոլորտէն խոստում մը կը կատարէ դէպի պատմողական գրականութիւն, որուն համար կը տրամադրէ 7 տարիներ£ Այդ տարիներու ընթացքին ան անձնական պրպտումներով լոյսին բերած է ծանօթութիւններ մութ պատմութեան մը մասին, որուն շուրջ իր ընտանիքը կատարեալ գաղտնապահութիւն պահած էր£ ՙՃակատագրի Սեւ Շունը՚ հատորը լոյս տեսաւ առաջին անգամ 1997¬ին ՙBest Seller՚ի հրատարակութեամբ, որմէ վերջ ան արժանացաւ բազմաթիւ վերահրատարակութիւններու£ Հատորին գտած ընդունելութիւնը աննախընթաց էր միջազգային շրջանակներուն մէջ£ Բացի Անգլիագիր բանաստեղծական հատորներէ, Պալագեան հեղինակն է ՙԱյրուող Տիգրիսը Հայկական ցեղասպանութիւնը եւ Ամերիկայի վերաբերմունքը՚ արժԷքաւոր ուսումնասիրութիւնը հրատարակուած 2003¬ին£ Ան, Անգլերէնի թարգմանած է նաեւ Գրոգորիս եպիսկոպոս Պալագեանի ՙՀայկական Գողգոթան՚
Փիթըր Պալաքեան հեղինակութիւն է հայկական ցեղասպանութեան հետ առնչուող նիւթերու£ Ան կը հրաւիրուի դասախօսութիւններ կարդալու, հարցազրոյցներ տալու եւ ակտիւօրէն կը բերէ իր նպաստը հայոց իրաւունքներուն վերաբերող հարցերու լուսաբանման եւ միջազգայնացման մէջ£
Ազատուհի Սիմոնեան (Գալայճեան)
www.araraddailynews.com