Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի անդամներուն հետ քննարկած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը: Սոյն տեղեկութիւնը լրագրողներուն հաղորդեց Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը:
« Խորհրդակցութեան մասնակիցները մտքեր փոխանակած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ ընթացիկ իրադրութեան վերաբերեալ». աւելցուց Փեսքով: