Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ 1 ժամ 45 վայրկեան տեւողութեամբ զրուցած են:
Քրեմլինի հաղորդումով` Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իր ֆրանսացի պաշտօնակիցին տեղեկացուցած է Զափորոժիէի հիւլէական կայանի շրջանին մէջ ուքրանացի ազգայնականներու կողմէ կազմակերպուած սադրանքին մասին: Փութին ընդգծած է, որ Ռուսիոյ զինեալ ուժերը եւ պահպանութեան ուքրանական ստորաբաժանումը կը շարունակեն ապահովել հիւլէական կայանի գործունէութիւնը:
Փութին Մաքրոնին խօսած է ռուս-ուքրանական բանակցութիւններու ներկայ կացութեան մասին եւ պատրաստակամութիւն յայտնած երկխօսութիւնը շարունակելու: Ան նաեւ ընդգծած է, որ Քիեւ նախկինին պէս չի կատարեր մարտական գործողութիւններու վայրերէն խաղաղ բնակչութեան հեռացման վերաբերեալ գոյացած համաձայնութիւնները:
Ռուսիոյ նախագահը Ֆրանսայի նախագահին հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ դէմ չէ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւն-Ռուսիա-Ուքրանիա ձեւաչափով հանդիպումին, սակայն ոչ Չեռնոպիլի մէջ: Փութին կողմնակից է, որ ատիկա տեղի ունենայ տեսաժողովի ձեւաչափով կամ երրորդ երկրի մէջ:
Ան Մաքրոնին առաջարկած է աշխուժօրէն աշխատիլ Քիեւի իշխանութիւններուն հետ` անոնց կողմէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի արժեչափերուն պահպանումը ապահովելու համար:
Էլիզէի պալատը հաղորդեց, որ Փութին Մաքրոնին յայտնած է, թէ Ուքրանիոյ մէջ իր նպատակները պիտի իրագործէ, «ըլլայ այդ բանակցութիւններու կամ պատերազմի ճամբով»: