«Մենք մնայուն կապի մէջ ենք ձեզի հետ, պարբերաբար հանդիպումներ կ՛ունենանք եւ հեռաձայնով կը զրուցենք արդի հարցերու շուրջ: Սակայն, այնուամենայնիւ, այսօրուան անձնական հանդիպումին ընթացքին կարեւոր կը նկատեմ յիշել, որ այս տարի մենք նշեցինք դիւանագիտական յարաբերութիւններու 30-ամեակը եւ հիմնարար համաձայնագիրի ստորագրման 25-ամեակը»: Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին` Արեւելեան տնտեսական համախմբումի ծիրին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումի ընթացքին:
«Մեր յարաբերութիւնները կը զարգանան բոլոր ուղղութիւններով: Մենք կ’աշխատինք մեր կազմակերպութիւններուն մէջ` թէ՛ տնտեսական կազմակերպութեան մէջ, թէ՛ ՀԱՊԿ-ի մէջ: Մօտիկ ապագային կը նախատեսենք նաեւ մասնակցիլ Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան միջոցառումներուն Ուզպեքիստանի մէջ, ուր կարելիութիւն պիտի ունենանք դարձեալ հանդիպիլ եւ զրուցել բոլոր գործընկերներու հետ:
«Ռուսիան վստահօրէն առաջին տեղը կը գրաւէ Հայաստանի առեւտրատնտեսական գործընկերներու շարքին: Առեւտրաշրջանառութիւնը կ՛աճի. վերջին շրջանին անիկա աճած է 25-30 առ հարիւրով:
«Մենք, իսկապէս, կը նշենք Հայաստանի մէջ տնտեսական կացութեան կայունացումը: Այս ուղղութեամբ ձեր կառավարութիւնը շատ բան ըրած է:
«Ի հարկէ, ամէնէն զգայուն հարցերէն է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ անվտանգութեան կացութիւնը: Մենք այս մասին անընդհատ կը խօսինք ձեզի հետ, մնայուն կապի մէջ ենք: Եւ ես ուրախ եմ, որ այսօր Վլատիվոսթոքի մէջ տնտեսական համախմբումի ծիրին մէջ կրնանք խօսիլ այս բոլոր նիւթերուն մասին:
«Շնորհակալ եմ հրաւէրը ընդունելնուդ եւ Վլատիվոսթոքի մէջ տնտեսական համախմբումին մասնակցելնուդ համար», նշած է Ռուսիոյ նախագահը: