Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն Անգարայի «Եըլտըրըմ Պէյազիթ» համալսարանին մէջ «Թուրքիա-Ռուսիա յարաբերութիւններ. ձեւաւորել ապագան» խորագիրով գիտաժողովին ընթացքին անդրադարձած է Արցախի հիմնախնդիրին եւ ատոր լուծման հարցին մէջ Ռուսիոյ ստանձնած դերին:
Թրքական «Աքշամ» օրաթերթը կը գրէ, որ Քալըն դարձեալ խօսած է «ազրպէյճանական հողերու շրջափակման մասին» եւ Հայաստանի կոչ ուղղած յանձնելու այդ տարածքները Ազրպէյճանին` նոյն ատեն պնդելով, որ Թուրքիան Հայաստանի նկատմամբ նախապաշարումներ չունի:
«Այս հարցին մէջ մեր դիրքորոշումը շատ յստակ է: Մենք քանի մը փորձ կատարած ենք Կովկասի մէջ դարձեալ խաղաղութեան վերականգնման ու Հայաստանի կողմէ շրջափակման վերջ տալու համար: Այս հարցին մէջ մեր ռուս գործընկերներուն հետ սերտ համագործակցութիւն ալ եղաւ, սակայն դարձեալ այլ ուժեր միջամտեցին ու հոլովոյթը տապալեցաւ: Սակայն երբ ատիկա տեղի ունենայ` ատկէ ամէնէն շատ օգուտը ինքնին Հայաստանը պիտի քաղէ: Մենք Հայաստանի դէմ որեւէ նախապաշարում չունինք», ըսած է Քալըն:
Էրտողանի բանբերը նաեւ շեշտած է, որ իրենց կարծիքով` 1992-ին ստեղծուած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը մինչեւ օրս որեւէ օգուտ չէ բերած տագնապի լուծման հոլովոյթին: