ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ
«Ինթըրնեշընըլ քրայսիս կրուփ» կազմակերպութիւնը փետրուար 2018-ին հրապարակեց հետազօտութիւն մը, ուր կը քննարկէ Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ ծաւալելիք յառաջիկայ հաւանական պատերազմը, եւ թէ ինչպէ՛ս Ռուսիա կրնայ կասեցնել այդ հարցը:
Հրապարակուած տեղեկութիւններուն համաձայն, Հըզպալլա ամէն ջանք կը թափէ, որ հզօրացնէ իր դիրքերը հարաւային Սուրիոյ մէջ եւ ընդարձակէ իր քաղաքական ու ռազմական ազդեցութիւնը` ռազմակայաններ կառուցելով Սուրիոյ տարածքին: Այս արարքը մղեց Իսրայէլը, որ «կարմիր գիծեր» ճշդէ Սուրիոյ մէջ: Հետազօտութիւնը կ՛առաջարկէ, որ Ռուսիա ճնշում բանեցնէ Իրանի վրայ: Եթէ Իրան կ՛ուզէ պատերազմի մէջ չմտնել, ապա պէտք է իրանամէտ ուժերը քաշուին Կոլանի շրջակայ գիւղերէն եւ կասեցնեն ռազմական կեդրոններու կառուցումը երկրին մէջ:
Սկզբնական շրջանին Իսրայէլի նպատակն էր արգիլել Հըզպալլային հասցնել որեւէ հրթիռ, որ կրնայ խախտել ուժերու հաւասարակշռութիւնը Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ: Հետագային այս «կարմիր գիծեր»-ու սահմանը ընդարձակուեցաւ եւ ընդգրկեց ո՛չ միայն Հըզպալլան, այլեւ` բոլոր իրանամէտ կազմակերպութիւնները, որոնք կը գտնուին Դամասկոսի հարաւը: Իսրայէլ նաեւ «կարմիր գիծեր» դրաւ Իրանի վրայ` սպառնալով, որ պիտի ռմբակոծէ իրանական ռազմական բոլոր կեդրոնները ո՛չ միայն Սուրիոյ հարաւը, այլեւ` երկրի ամբողջ տարածքին, եւ քանի մը օր առաջ արդէն իսկ ռմբակոծեց Հոմսի մէջ իրանական ռազմական օդակայանը` սպաննելով 13 անձ: Վերջապէս, իսրայէլեան կողմը ճշդեց այլ «կարմիր գիծ» մըն ալ: Ան հաստատեց, որ պիտի ռմբակոծէ որեւէ դիրք, ուրկէ կը ռմբակոծուին իսրայէլեան դիրքերը: Ասիկա դարձաւ հիմնական պատճառաբանութիւնը, որ Իսրայէլ ռմբակոծէ սուրիական կեդրոնները, որոնք կը գտնուին սահմանային շրջաններուն մէջ, յատկապէս` Կոլանի:
Հակառակ անոր որ հետազօտութիւնը կը նշէ Ռուսիոյ դերը Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ միջնորդ ըլլալու գծով, սակայն ան չ՛անդրադառնար այն իրողութեան, որ ո՛չ Իսրայէլը եւ ո՛չ ալ Իրանը պատրաստ են պատերազմի, որուն ելքը մէկը չի գիտեր:
Ռուսիոյ, Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ Ասթանայի եւ Սոչիի խորհրդաժողովներէն ետք, Միացեալ Նահանգներ զգացին, որ սուրիական տագնապի լուծման հոլովոյթէն դուրս մնացին, հետեւաբար Թրամփի վերջին սպառնալիքները այս ծիրին մէջ կ՛իյնան: Հակառակ անոր որ խաղաղութեան իրականացումը տակաւին շատ կանուխ է Սուրիոյ մէջ, սակայն շրջանային նոր պատերազմէ մը մէկը յաղթական չի կրնար դուրս գալ: Իրան եւ Իսրայէլ ունին իրենց քաղաքական եւ ռազմավարական շահերը:
Անցեալ ամսուան դէպքը շատերուն մէջ յառաջացուց այն կասկածը, որ պատերազմը Սուրիոյ մէջ շուտով կը տարածուի: Առաջին անգամն էր, 1973-էն ի վեր, որ իսրայէլեան ռազմական օդանաւ մը վար կ՛առնուէր սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան ուժերուն կողմէ, իսկ իրանեան կողմի առանց օդաչուի սարք ղրկելը Իսրայէլ` այլ աննախընթաց արարք մըն էր: Սակայն երկու կողմերը զուսպ մնացին: Սակայն Իրան ունի այլ հաշիւներ` չպատերազմելու Իսրայէլի դէմ: Իրանի տնտեսական վիճակը կայուն չէ, ասիկա կը վկայեն անոր ներքին հարցերը: Ամիսներ առաջ հազարաւոր իրանցի երիտասարդներ դէմ արտայայտուեցան իրենց կառավարութեան տրամադրած տնտեսական օժանդակութիւններուն` Հըզպալլային, Համասին եւ Սուրիոյ, մինչ իրանցի երիտասարդութիւնը կը տառապէր անգործութենէ: Ռուսիան նոյնպէս դէմ է պատերազմին, որովհետեւ մինչեւ օրս ան անկարող է քաղաքական լուծում մը գտնել: Նախագահ Փութին երկու անգամ յայտարարեց ռուսական զօրամասերը Սուրիայէն հեռացնելու մասին, սակայն ատիկա տակաւին չիրականացաւ: Իսկ սուրիական կառավարութիւնը արդէն իսկ ընկղմած է Իտլիպի եւ Դամասկոսի ճակատներուն մէջ եւ չի կրնար այլ ճակատ մը բանալ հարաւի մէջ: Միւս կողմէ, Իսրայէլի մէջ ներքին ճակատը ամրապնդուած չէ: Վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու փտածութեան մէջ ընկղմած է, եւ անոր կառավարութիւնը զբաղած է Կազայի հարցով: Վերջապէս, 2006-ին Լիբանանի դէմ շղթայազերծուած պատերազմը ցոյց տուաւ Իսրայէլի ռազմական սահմանափակումները, եւ Լիբանանի դէմ որեւէ պատերազմ իր ժխտական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ Նեթանիահուի քաղաքական ասպարէզին վրայ, մանաւանդ որ Հըզպալլա վերջին տասը տարիներուն աւելի արդիականացուց իր զէնքերն ու հրթիռները, եւ ասիկա կը վկայեն իսրայէլեան լրատուական միջոցները: Իսկ Հըզպալլայի համար նաեւ վտանգ է Իսրայէլի դէմ պատերազմ յայտարարելը, որովհետեւ ատիկա ժխտական ազդեցութիւն պիտի ունենայ Լիբանանի մէջ իր քրիստոնեայ դաշնակիցներուն վրայ:
Հետեւաբար, այսպիսի պատերազմ մը ո՛չ Իսրայէլի, ո՛չ ալ Իրանի քաղաքական հաշիւներուն մէջ կան: Պատերազմ կ՛ըլլայ միայն այն ատեն, երբ կողմերէն մէկը վստահ ըլլայ, որ կրնայ արձանագրել շատ արագ յաղթանակ` զօրաւոր հարուած հասցնելով թշնամիին, սակայն նկատի ունենալով երկու ուժերուն միջեւ հաւասարակշռութիւնը` ներկայիս պատերազմը անկարելի է: