Պիտի խնդրեմ իմ ընթերցողներէն, որ անգամի մը համար այցելեն համացանցի սա՛ հասցէն.- www.sardarabad.com.ar
Ասիկա կայքէջն է Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրէսի մէջ հրատարակուող «Սարտարապատ» երկլեզու շաբաթաթերթին, որ պաշտօնաթերթն է Ռամկավար Ազատական Կուսակցութան Հարաւային Ամերիկայի շրջանակին։
Բարի եղէք կոճակի մը հպումով բանալ այս թերթին վերջին թիւը (2 Ապրիլ 2014, թիւ 1746), եւ ուղղակի երթալ էջ 6 ։ Ի՞նչ պիտի տեսնէք հոն։
Ամբողջ էջին երկայնքին փռուած է սպաներէնով գրուած յօդուած մը Քեսապի վերջին դէպքերուն մասին։ Ու էջին կեդրոնն ալ դրուած է հրկիզեալ ու քանդուած եկեղեցիի մը լուսանկարը ու տակը գրուած՝ «Քեսապի հայոց եկեղեցիին ներքնամասը՝ յարձակումէն ետք»…։
Հայ մամուլին ապատեղեկատուութիւնը հո՞ս պէտք է հասնէր…։ Որո՞ւ ջաղացքին ջուր կը թափենք…։
Այդ լուսանկարը, զոր տպած է «Սարտարապատ»ը, Հալէպի Նոր Գիւղ թաղամասի Ս. Գէորգ եկեղեցւո՛յ լուսանկարն է։ Ինչպէս ծանօթ է, Հալէպի պատերազմին սկզբնական շրջանին, ճշգրտօրէն՝ 2012 Հոկտեմբերին, Նոր Գիւղի ծայրամասային Ս. Գէորգ եկեղեցին հրկիզուած էր խորհրդաւոր պայմաններու մէջ։
Արդ, ի՞նչ կը շահի հայկական թերթ մը՝ երբ երկու տարի առաջ հրկիզուած եկեղեցիի մը լուսանկարը «շուկայ կ՛իջեցնէ» կամ շրջանառութեան կը դնէ՝ իբրեւ Քեսապի հայկական եկեղեցւոյ լուսանկար…։ Արժանթինի հայ գաղութին զգացումները գրգռելո՞ւ համար…։
Ու հարցին ամէնէն ծիծաղելի երեսն ալ հետեւեալն է.- Դեռ քանի մը օր առաջ, Լիբանանի հայ քաղաքական 3 կուսակցութիւնները պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրատարակեցին ու խստիւ դատապարտեցին Քեսապի հարցով շրջանային ու միջազգային լրատուամիջոցներու տարածած ԱՊԱՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ։ Հոն բառացիօրէն կ՛ըսուէր, թէ «լիբանանահայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները բոլոր լրատուամիջոցներուն կոչ կ՛ուղղեն միայն ստոյգ եւ իրականութեան համապատասխանող լուրեր հաղորդելու, մերժելով անհիմն եւ յերիւրածոյ նիւթերը»։
Կը թուի թէ այս կոչը ամէնէն առաջ պէտք է ուղղուէր նոյնինքն հա՛յ մամուլին։ Նախ սեփական տունը պէտք է կարգի դնել, ապա միայն քննադատել ուրիշները…։
«Բժի՛շկ, բժշկեա զանձն քո»։
Լ.ՇԱՌՈՅԵԱՆ