BAIKAR weekly 224
Քաթիա Փէլթէքեանի աշխատութիւններու լոյսին տակ- թիւ 2
Յարութիւն Իսկահատեան-Պէյրութ
19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբը բրիտանական թերթերը մօտէն կը հետաքրքրուէին Հայաստանի արեւմտեան հատուածի բարենորոգումներու հարցով, ոչ թէ այնտեղի հայոց վիճակին մասին մտահոգուելով, այլ հայութեան հանդէպ թուրքերու վատ վարուելակերպին պատճառով՝ ցարական Ռուսիոյ իր տիրապետութիւնը այդ տարածքին վրայ հաստատելու դիտաւորութենէն հեռու պահելու:
Քաթիա Փէլթէքեան իր հեղինակած «Հայոց Ցեղասպանութեան Ժամանակը- Տեղեկագրութիւններ Բրիտանական Մամուլին Մէջ», Ա. Հատոր 1914-1919, 450 էջ, Բ. Հատոր 1920-1923, 526 էջ, Ֆոր Ռօծ, Պէյրութ, 2013 (The Times of the Armenian Genocide- Reports in the British Press, Volume 1: 1914-1919, 450 p., Vol 2: 1920-1923, 526 p., Four Roads, Beirut, 2013) խորագրեալ գիրքին 3-րդ էջին մէջ զետեղած է Տը Թայմզ թերթին 1 Յունուար 1914-ի տեղեկատուութիւնը, որ կ՛անդրադառնայ հայկական նահանգներու բարենորոգումներուն:
Այդ տեղեկատուութիւնը հետեւեալ մանրամասնութիւնները կը պարունակէ.
Ա. Բ. Դուռը տակաւին որոշում չէ տուած բարենորոգումներու ծրագիրի վաւերացման նկատմամբ:
Սուլթանը որոշած էր ժամանակ անցնել մինչեւ որ իրեն համար բարեբաստիկ առիթը ներկայանար՝ նեցուկ ունենալով Գերմանիան զօրաւոր հարուած մը տալու հայութեան: Ան որեւէ պարագայի տակ պիտի չընդուներ բարեկարգումներ կատարել հայկական վեց նահանգներուն մէջ: Եւրոպական պետութիւնները ի զուր կը ջանային միջին ելք մը գտնել այս հարցին, պարզապէս Ռուսիան հեռու պահելու Հայաստանի արեւմտեան հատուածին տիրանալէ՝ հայոց վիճակը բարեկարգելու պատրուակով: Առ այդ, սուլթանը վարչապետին [Սայիտ Հալիմ փաշա 1863-1921, ծագումով ալպանացի- Յ.Ի.] եւ նախարարներուն թելադրած էր երկդիմի քաղաքականութիւն վարել եւրոպական երկիրներու առաջարկներուն նկատմամբ:
Բ. Վարչապետը ազատական ու հաշտարար ոգիով կեցուածք կը ցուցաբերէ ռուս-գերմանական բարենորոգումներու առաջարկներուն հանդէպ:
Սաիտ Հալիմ փաշա պարզապէս դիւանագիտական կեցուածք դրսեւորելով գտնուած է ազատական եւ հաշտարար քօղի տակ. ան ամենայն հանգստութեամբ այս կեցուածքը որդեգրած է՝ որովհետեւ բարենորոգումներու առաջարկին զոյգ հեղինակներէն մէկը Գերմանիան էր, որ իրեն դաշնակից Թուրքիոյ բնաւ պիտի չդաւաճաներ:
Սայիտ Հալիմ փաշային մասին աւելի իմանալու համար Ուիքիբետիա կայքէջէն կը մէջբերենք. «Սայիտ Հալիմ փաշա (1863-1921), թուրք պետական գործիչ, Երիտթուրքերի պարագլուխներից եւ հայերի ցեղասպանութեան գլխաւոր յանցագործներից։ Յայտնի էր իր տեսական աշխատութիւններով։ Գտնում էր որ իսլամը, ի տարբերութիւն առաջընթացը «խոչընդոտող» քրիստոնէութեան, ժողովրդավարական կրօն է՝ հիմնուած իրաւահաւասարութեան եւ անձնական ազատութեան վրայ։ Այդ պատճառով, ըստ Սայիտ Հալիմի, իսլամական աշխարհում անհարկի է պայքարը ժողովրդավարութեան եւ ազատութեան համար: 1913 թուականին նշանակուել է մեծ վեզիր՝ միաժամանակ կատարելով Միութիւն եւ Առաջադիմութիւն կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղարի պարտականութիւնները: Առաջին աշխարհամարտի (1914–1918) վերջին շրջանում մեծ վեզիրի պաշտօնը զիջել է Թալաաթին: Մուտրոսի զինադադարից (1918) յետոյ ձերբակալուել է եւ պատասխանատուութեան ենթարկուել իբրեւ պատերազմի յանցագործ եւ հայերի տեղահանութեան ու ցեղասպանութեան կազմակերպման մասնակից։ Սակայն անգլիացիների քաղաքական խարդաւանքների շնորհիւ փրկուել է պատժից և աքսորուել Մալթա, իսկ 1921 թուականին ազատ արձակուել: 1921 թուականի Դեկտեմբերի 6-ին Հռոմում Սայիտ Հալիմին սպաննել է հայ վրիժառու Արշաւիր Շիրակեանը https://hy.wikipedia.org/wiki/%D5%8D%D5%A1%D5%B5%D5%AB%D5%A4_%D5%80%D5%A1%D5%AC%D5%AB%D5%B4_%D6%83%D5%A1%D5%B7%D5%A1: Թէեւ Սայիտ Հալիմի վարչապետութեամբ Երիտթուրքերու կառավարութեան մէջ Թալաաթ եւ այլ պարագլուխներ նախարարներ էին, սակայն վարագոյրի ետեւէն բուն իշխողը Թալաաթն էր, որովհետեւ Սայիտ Հալիմ թոյլ անհատականութեան տէր անձ մը ըլլալով զինք ձեւականօրէն առաջ մղած էին:
Գ. Ռուսական եւ գերմանական կառավարութիւնները փափկանկատօրէն կը վարուին Օսմանեան Պետութեան հետ, որպէսզի չվիրաւորեն անոր դիւրազգածութիւնը եւ կը խուսափին անտեղի ակնարկներէ:
Գերմանիոյ կեցուածքը Օսմանեան Պետութեան հանդէպ շատ զգայուն, ներողամիտ եւ թոյլատրելի էր: Անոր համար որեւէ բանէ առաջ իր դաշնակիցին հետ յարաբերութիւնները առաջնակարգ էին: Ռուսիա այս նուրբ յարաբերութեան կը վերաբերէր դիւանագէտօրէն, իր ջանքերուն արդիւնքով Օսմանեան պետութեան հետ իր յարաբերութիւնները չխաթարելու համար:
Դ. Ըստ սուլթանին մօտիկ շրջանակներուն, Բ. Դուռը որեւէ անմիջական բարենորոգչական համաձայնութիւն կամ յաջողութիւն պատրաստ էր զոհելու՝ Օսմանեան Պետութեան հաւանական յետագայ շահերուն համար,:
Հոս բացայայտ կ՛ըլլայ որ թուրքերը Գերմանիոյ հետ որոշած էին բնաջնջել հայերը եւ այլեւս իրենց համար բարեկարգումներ կատարելու հարց չկար: Ահաւասիկ պարագայ մը եւս, որ Հայոց Ցեղասպանութեան կանխամտածուած բնոյթը սկիզբէն յայտնի էր:
Ե. Խորհրդարանի մէջ քրիստոնեայ եւ իսլամ ներկայացուցիչներու հաւասարութիւնը ընդունելի չէր թրքական իշխանութիւններու կողմէ:
Եւրոպական երկիրները եւ մանաւանդ Մեծն Բրիտանիա կը շեշտէին օսմանեան Խորհրդարանին մէջ քրիստոնեաներուն ու իսլամներուն հաւասար բաժին ունենալը, որպէսզի կարելի դառնար բարեկարգումները իրագործել: Այս առաջարկը ուժգին կերպով կը բախէր թրքական մերժողական կեցուածքին:
Զ. Հինգերորրդ կէտի լոյսին տակ թերթը կարգ մը տեղեկութիւններ կու տայ քրիստոնեայ եւ իսլամ համայնքներու թիւերուն մասին:
Եւրոպական երկիրները վստահ էին թէ Օսմանեան Պետութեան քրիստոնեայ բնակչութեան թիւը պակաս չէր անոր իսլամ բնակչութենէն: Անոնք այս հիման վրայ Օսմանեան Պետութենէն իր քրիստոնեայ հպատակներուն համար արդարութիւն կը պահանջէին: Բայց եւ այնպէս, օսմանեան պաշտօնական վիճակագրութիւնները, որոնք մեծ մասամբ կեղծիքի վրայ հիմնուած էին, ցոյց կու տային թէ երկիրին քրիստոնեայ բնակչութեան թիւը ընդհանուրին հարիւրէն 25 տոկոսն էր միայն:
Վերադառնալով Օսմանեան Պետութեան մէջ բարենորոգումներ կատարելու նկատմամբ Մեծն Բրիտանիոյ կեցուածքին, այս հարցը որոշ բացատրութեան կը կարօտի:
17-րդ դարու սկիզբը Կովկասի մէջ ռուսական ներկայութիւնը մեծ կարեւորութիւն ստացաւ: Ռուսերը պարսիկներու հետ դիւանագիտական շփումներ ունեցան, նախքան պատերազմի մէջ մտնելը անոնց դէմ՝ տիրանալու համար Կովկասին: Համացանցային Ուիքիբետիա https://en.wikipedia.org/wiki/Russo-Persian_Wars կայքէջը այս նիւթին մասին կը գրէ. «Ռուս-պարսկական կամ ռուս-իրանեան պատերամները շարք մը զինեալ բախումներ են երկու պետութիւններու միջեւ 1651-էն 1828 երկարող ժամանակաշրջանին: Այդ պատերազմները մղուեցան իւրաքանչիւրին կողմէ Կովկասի մէջ տիրապետութիւն հաստատելու նպատակով: Երկու պետութիւններուն համար հիմնական վիճելի շրջաններն էին Արան կամ ներկայի Ազրպէյճանը, Հայաստան եւ Տաղստան, որոնք կը կազմեն Անդրկովկասը: Երկու պետութիւններու միջեւ հինգ ճակատամարտերու ընթացքին Կովկասի զանազան շրջանները փոխնիփոխ մէկէն միւսին անցան: Հինգերորդ ճակատամարտին հետեւող Թիւրքմենչայի դաշնագիրէն ետք Պարսկաստան Կովկասի մեծ մասը Ռուսական Կայսրութեան զիջեցաւ: Ռուսերը գրաւեցին Թաւրէժը եւ պատերազմը վերջ գտաւ 1828-ին: Ռուսերը գրաւեցին նաեւ Հայաստանը [արեւելեան-Յ.Ի.] ու Ազրպէյճանը [ներկայինը, իսկական Արանը-Յ.Ի.] ինչպէս նաեւ Իգտիրը»:
Հայաստանի արեւելեան հատուածը այսպիսով 1828-ին պարսկականէն անցաւ ռուսական տիրապետութեան: Հայաստանի արեւմտեան հատուածը մնաց օսմանեան տիրապետութեան տակ: Արեւելեան հատուածի հայերը լաւ յարաբերութիւններ մշակեցին ռուսերու հետ եւ ռուսական տիրապետութիւնը դարձաւ համեմատականօրէն հայանպաստ: Ռուս-հայկական յարաբերութիւնը ստացաւ նաեւ ռազմավարական իմաստ, այնպէս որ եթէ ռուսը վնասուէր այս շրջանին մէջ, հայն ալ կը վնասուէր եւ հակառակը:
Հայերը համեմատաբար բարօր ու խաղաղ կեանք կ’ապրէին Հայաստանի արեւելեան հատուածին մէջ, ցարական Ռուսիոյ տիրապետութեան տակ: Արեւմտեան հատուածի հայերը, որոնք կը հիւծէին Օսմանեան Պետութեան տիրապետութեան տակ, իրենց ազատութիւնն ու խաղաղ կեանքը կը տենչային: Եթէ երբեք կարելի չէր բոլորովին անկախութիւն ձեռք ձգել, անոնք կ’ուզէին գոնէ միանալ Հայաստանի արեւելեան հատուածին ռուսերու տիրապետութեան տակ, որպէսզի հանգիստ կեանք մը ապրէին: Ռուսերը այս բանը քաջ գիտնալով կը ջանային այս հարցը իրենց շահերուն համընկնեցնել: Ի վերջոյ ռուսերը կը տենչային Միջերկրականի ափերը իջնելով տաք ջուերուն հասնիլ ամբողջ տարին բնականոն նաւարկութեան համար, քանի որ ձմրան հիւսիսի ծովերը կը սառին: Երկար ատեն անոնք տքնեցան այս նպատակը իրագործելու սակայն օտար ոյժեր եւ մասնաւորաբար Մեծն Բրիտանիա արգելքներ դրին Ռուսիոյ առջեւ:
Հետագային՝ 1915-ին, Ա. Համաշխարհային Պատերազմին սկիզբը, Պոլսոյ Տարտանէլի (Կալիփոլիի) ճակատամարտին մէջ երբ անգլիացիները ֆրանսացիներուն հետ օսմանցիներուն դէմ յաղթական վիճակի հասած էին եւ երբ կարելի էր արդէն Կ. Պոլիսը գրաւել, երկուքն ալ անակնկալօրէն հեռացան, պարապէս Ռուսիոյ որեւէ առիթ չընծայելու Թուրքիա ներխուժումի եւ այդպիսով տաք ջուրերը իջնելու: Տեսնել Սարգիս Թորոսեանի հեղինակած յուշագիրքը՝ «Տարտանէլից Մինչեւ Պաղեստին», անգլերէն բնագիրէն թարգմանեց Լիլիթ Թութխալեան, Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Ինսթիթութ, Հ. Հ. Գ. Ա. Ա. հրատարակչութիւն, Երեւան, 2012, միջակ չափի 208 էջ:
Այս մէկը այլ ապացոյց մըն է, որ սկիզբէն մանաւանդ Անգլիա եւ Ֆրանսա միայն ու միայն մտահոգուած էին իրենց շահերով եւ ոչ թէ հայոց վիճակով, որ Մեծ Եղեռնի ողբերգութեան դուռ բացաւ: