Օրերս յայտնի դարձած են «Միջազգային օփերայի մրցանակաբաշխութեան» (The International Opera Awards) ամէնամեայ յաղթողներու անունները:
«Հայերն այսօր»-ը, յղում կատարելով operawire.com կայք-էջին կը յայտնէ, որ «Լաւագոյն երգչուհի» անուանակարգին մէջ յաղթող ճանչցուած է Մարիինեան թատրոնի սոփրանօ Յասմիկ Գրիգորեան:
Աւելցնենք, որ 2016 թուականին Յասմիկ Գրիգորեան նոյն մրցանակաբաշխութեան ժամանակ յաղթող ճանչցուած էր «Լաւագոյն երիտասարդ երգչուհի» անուանակարգին մէջ:
Յասմիկ Գրիգորեան ծնած է Վիլնիւս` երգիչներ Գեղամ Գրիգորեանի եւ Իրենա Միլկեաւիչիւտէի ընտանիքին մէջ: 2005 թուականէն ելոյթ ունեցած է որպէս Լիթուանիոյ օփերայի եւ պալէի ազգային թատրոնի մենակատար: Հանդէս եկած է նաեւ Պեռլինի, Քեոլնի, Ռիգայի օփերայի թատրոններուն մէջ