Շաբաթ կէսօրին յայտարարուեցաւ, որ երկրին ելեկտրականութեան ցանցը բանելէ կանգ առած է:
Պաշտօնական աղբիւրներ նշեցին, որ կազ օյլի չգոյութեան պատճառով Զահրանիի եւ Տէյր Աամարի ելեկտրակայաններու աշխատանքի դադրելուն պատճառով ամբողջ Լիբանանը մատնուած է խաւարի:
Սակայն ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատի ջանքերով կիրակի յետմիջօրէին, գրեթէ 24 ժամ ետք, յայտարարուեցաւ, որ ելեկտրականութեան ցանցը իր բնական աշխատանքին վերսկսած է:
Այս առիթով Ֆայեատ շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին, պաշտպանութեան նախարարին, բանակի հրամանատարին, Ելեկտրականութեան ընկերութեան եւ անոր ընդհանուր տնօրէնին, որոնք արագ ընդառաջեցին ելեկտրականութեան ցանցի աշխատանքը վերսկսելու պահանջին` նկատի ունենալով լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան կողմէ տրամադրուած 6 հազար քիլոլիթր կազ օյլը, որ հաւասարապէս տրամադրուեցաւ Զահրանիի եւ Տէր Աամարի ելեկտրականներուն:
Նշենք, որ կազ օյլի այդ քանակը տրամադրուեցաւ լիբանանեան բանակին համար ապահովուած պահեստէն:
Ֆայեատ աւելցուց նաեւ, որ Լիբանան հասած է ֆիուլ օյլի քանակ մը, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ բանեցնել նաեւ Զուքի եւ Ժիէի ելեկտրակայանները:
Ան նշեց, որ Կեդրոնական դրամատան հաւանութեամբ 100 միլիոն տոլար տրամադրուած է ֆիուլ օյլ ներածելու եւ ելեկտրական հոսանքի արտադրութիւնը ապահովելու մինչեւ հոկտեմբերի աւարտ:
Նշենք, որ երկրին մէջ պիւթակազի լուրջ տագնապ գոյութիւն ունի` նկատի ունենալով անցեալ շաբաթավերջին պիւթակազի պարագային արձանագրուած սակի յաւելումը, այլ խօսքով` ուղղակի 35.400 լ. ոսկիի յաւելումը:
Այս շրջագիծին մէջ պիւթակազի ցրուիչներու սենտիքայի նախագահ Ֆարիտ Զայնուն յայտնեց, թէ պիւթակազ լեցնող ընկերութիւնները ուրբաթ կէսօրուընէ ի վեր փակած են իրենց դռները` աւելցնելով, որ երկրին մէջ պիւթակազի ցրուումը խանգարուած է: