ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Այս շաբաթավերջին Կիպրոսի մէջ Համազգայինի տեղւոյն մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ պիտի նշուի Ֆելիքս Յարութիւնեանի մահուան 10-րդ տարելիցը:
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով Ֆելիքս Յարութիւնեան 18 տարի ստանձնեց «Քնար» պարախումբի գեղարուեստական պատասխանատուի պաշտօնը: Աւելի ուշ ստանձնեց նաեւ «Գայիանէ» պարի դպրոցը: Զոյգ պաշտօններն ալ` իբրեւ առաքելութիւն, լաւագոյնս կատարեց ան եւ խումբերուն հետ արձանագրեց յիշատակելի յաջողութիւններ:
Պէտք է յատկապէս նշել, որ Ֆելիքս հայրենի այն հազուագիւտ արուեստագէտներէն էր, որ տարիներու թաւալումով ալ միշտ մնաց գործակիցը Համազգայինի: Վերջին տարիներուն պարբերական այցելութիւններով Կիպրոս ալ պարախումբ յառաջացուց եւ ելոյթներ ունեցաւ:
Աւելի՛ն. լիբանանեան առումով ալ Ռահպանիներուն հետ գործակցութիւնը, «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ գեղարուեստական յայտագիրներու իրագործումը ոչ միայն Համազգայինի, այլ նաեւ ամբողջ լիբանանահայութեան պատիւ բերող նախաձեռնութիւններ հանդիսացան:
Ֆելիքս Յարութիւնեանի պարուսոյցի տարիներուն «Քնար» պարախումբը հրաւիրուեցաւ գաղութներ` Կիպրոս, Գահիրէ, Յորդանան, Տուպայ, ինչպէս նաեւ «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» փառատօներուն մնայուն ներկայութիւն էր:
Փաստօրէն Ֆելիքսը ներկայացուցիչներէն է հայրենի արուեստագէտներու արժանաւոր այն փաղանգին, որոնք իրենց կեանքի ամէնէն փայլուն տարիները նուիրեցին սփիւռքի մէջ մշակութասէր երիտասարդներ դաստիարակելու գործին:
Ֆելիքսի բնաւորութիւնը իւրայատուկ էր: Խստապահանջ, բծախնդիր, նորարար, ստեղծագործ: Երիտասարդներուն հետ ընկերային, միեւնոյն ատեն իբրեւ դաստիարակ` անզիջող:
Նոյնպէս ալ յաջորդական շրջանային վարչութիւններուն հետ կապը եղած է միշտ փոխադարձ յարգանքով եւ գործունեայ:
Վարձքը կատա՛ր Ֆելիքսին յիշատակը յարգողներուն:
Վարձքը կատա՛ր Ֆելիքսին եւ իր սերունդին, որոնք հաւատացին Համազգայինին եւ Համազգայինին ընդմէջէն` սփիւռքի ներուժին: