ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- «Ֆորպզ» թերթը, քննելէ ետք աշխարհի մօտաւորապէս 2000 ամենահարուստ անձնաւորութեանց՝ 2017ին ապահոված շահերը, հասած է այն եզրակացութեան, որ ամէնէն մեծ շահը ապահոված է «Ամազոն» կայքի հիմնադիր-տնօրէն Ճեֆ Պեզոսը։ Անոր հարստութիւնը 2017-ին 33.8 միլիառ տոլարով աճած է՝ հասնելով 98.6 միլիառի։ Երկրորդ դիրքի վրայ է կալուածներու առեւտուրով զբաղող չինացի Հուի Քան Եան, որ «Էվըրկրենտ» ընկերութեան սեփականատէրն է եւ որուն հարստութիւնը աւելի քան քառապատկուելով՝ շնորհիւ 27.4 միլիառ տոլար շահին, հասած է 36.5 միլիառ տոլարի։ «Լուի Վիթոն» ընկերութեան նախագահ Պեռնար Առնօ իր ապահոված 23.6 միլիառ տոլար շահով՝ երրորդ դիրքի վրայ է, 63.9 միլիառ տոլար ընդհանուր հարստութեամբ, իսկ չորրորդն է «Ֆէյսպուք»ի հիմնադիր Մարք Զաքըրպըրկը, որ 2017-ին 23.6 միլիառ տոլար շահած է՝ իր հարստութիւնը հասցնելով 72 միլիառ տոլարի։