Ֆրանսայի մէջ ազգութեամբ հայ պատանի Ռաֆֆին, որ Նոյեմբեր 13-ին մասնակցած է «M-6» հեռուստաալիքի «Ֆրանսան անհաւանական տաղանդներ ունի» նախագիծին, անցած է կիսաեզրափակիչ` ստանալով երեք «այո» Սանդրին Կորմանէն, Ժիլբեր Ռոզոնէն եւ Դէյուայէն: Այս մասին կը յայտնէ News.am-ը։
Աղբիւրը վկայակոչելով «Nouvelles d`Armenie»-ն, յայտնի «Blue Suede Shoes» երգի իր մեկնաբանութեամբ, որ ժամանակին կատարած է նաեւ Էլվիս Փրեսլին, երիտասարդ Ռաֆֆին կախարդած է հանդիսատեսն ու ժիւրիին: Ան իրաւունք ստացած է Դեկտեմբերին մասնակցելու նախագիծի կիսաեզրափակիչին, ուր մրցանակակիրներու ճակատագիրը պիտի որոշեն հեռուստադիտողները:
Աւելի վաղ, NEWS.am-ը յայտնած էր, որ Լիւրի-գարգանի մէջ ապրող 11-ամեայ Ռաֆֆին, զոր արդէն նկատած են «TF1»-ը, պէտք է հանդէս գայ Նոյեմբեր 13-ի երեկոյեան,«Ֆրանսան անհաւանական տաղանդներ ունի» նախագիծի խիստ ժիւրիի առջեւ:
Յիշեցնենք, որ այս տարուան Մարտին Ռաֆֆին հանդէս եկած է Երեւանի մէջ` Պատրիկ Ֆիորիի համերգի ժամանակ: