Մարտ 8-ին «100 Վարդենիներու ծաղկանոց»-ի բացում Փարիզի “Երեւան” պարտէզին մէջ, ուր կը գտնուի Կոմիտասի արձանը: Այս մասին կը յայտնէ “Նոր Յառաջ”-ը։
Փարիզի քաղաքապետուհի Անն Հիտալկոյի ներկայութեամբ պիտի կատարուի բացման հանդիսութիւնը «100 Վարդենիներու ծաղկանոց»-ին՝ մեծարելու համար հայ կիներու յիշատակը: Ներկայ պիտի ըլլան նաեւ փոխ քաղաքապետեր Գաթրին Վիէօ-Շառիէ, Փէնէլոփ Քոմիթ, Հելէն Պիտար, Փօլին Վերոն, Փաթրիք Քլիւկման, 8է-րդ թաղամասի քաղաքապետուհի Ժանն տ՚Հոթսէր, ինչպէս նաեւ Ֆրանսահայ Կապոյտ Խաչի նախագահուհի Պէաթրիս Անանեան: