Երեքշաբթի, 16 օգոստոս 2022-ին լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին արտակարգ իրավիճակներու նախարար Արմէն Փամբուխչեան յայտարարեց, որ «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնի տարածքին մէջ անհետ կորսուած կը նկատուի 2 անձ:
«Անհետ կորսուածներու շարքին կայ փոփոխութիւն, ներկայիս ունինք փաստացի երկու անհետ կորսուած, 16 յայտնաբերուած դիակ, որոնցմէ մէկուն ինքնութիւնը չէ պարզուած: Այսինքն` ենթադրելի է, որ երկու անհետ կորսուածներէն մէկուն ինքնութիւնը պարզուի, կը մնայ մէկ անհետ կորսուած», ըսաւ Փամբուխչեան:
Աւելի ուշ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշումով` 17 եւ 18 օգոստոս 2022-ին յայտարարուած է սուգ` «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած պայթումին առնչութեամբ: