2018-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն թեկնածութիւն առաջադրելու ժամկէտը երէկ կէս գիշերին հասաւ իր աւարտին:
Ներքին գործոց նախարարութեան քաղաքական եւ տեղահանուածներու հարցերու ընդհանուր տնօրէն Ֆաթեն Եունես կէս գիշերէն ետք մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց 128 անդամ հաշուող խորհրդարանին համար առաջադրուած թեկնածուներուն թիւը, ինչպէս նաեւ թեկնածութիւնները յետս կոչելու եւ ընտրացանկեր յայտարարելու յառաջիկայ ժամկէտները:
Եունես յայտնեց, որ ընտրութիւններուն առաջադրուած թեկնածուներուն թիւը հասած է 976-ի, որոնցմէ 111-ը կիներ են: Ան նշեց, թէ առաջադրուած թեկնածուներուն ամէնէն մեծ թիւը Պէյրութի Բ. ընտրաշրջանին մէջ է, իսկ ամէնէն փոքր թիւը` Պաթրունի:
«Թեկնածութիւնը յետս կոչելու պայմանաժամը կը սկսի 7 մարտ 2018-ին եւ կ՛աւարտի 21 մարտ 2018-ի կէս գիշերին, իսկ ընտրացանկերը յայտարարելու վերջին պայմանաժամը 26 մարտի կէս գիշերն է», շեշտեց Եունես:
Ան աւելցուց, որ, նոր օրէնքին համաձայն, իրենց թեկնածութիւնը յետս կոչող անհատներուն պարագային իրենց առաջադրումին ընթացքին մուծած գումարը` 8,000,000 լ. ոսկին, անոնց չի վերադարձուիր, իսկ որեւէ ընտրացանկի մաս չկազմող անձին թեկնածութիւնը ինքնաբերաբար չեղեալ կը նկատուի: