ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հաստատեց, որ երէկ խորհրդարանի գիշերային նիստին իր մասնակցութիւնը չէ բերած, որովհետեւ համոզուած չէ եղած պատրաստուած պետական ամավարկով:
«2022-ի պետական ամավարկը բարեկարգումի յստակ ծրագիր, ինչպէս նաեւ երկիրը վերականգնելու տնտեսական եւ ընկերային ամբողջական տեսլական չ՛ընդգրկեր: Այս ամավարկը թիւերու բախման եւ սղաճի ամավարկ է, իսկ քաղաքացին մեծագոյն տուժողն է», շեշտեց Յ. Բագրատունի: