Նուարդ Մատոյեան-Տարագճեան
«Երբ Սէրն Ի Աշխարհս Եկաւ»
«Որքան Լոյս Կար Հայաստանում»
Երբեմն ազգային, հասարակական նիւթեր արծարծող, իրապաշտ գրիչով գրուած յօդուածներ ու գիրքեր իրենց հարուստ ու խորիմաստ բովանդակութեամբ ուժեղ թափով կը ներգործեն ընթերցողին վրայ:
Երբ հեղինակը նիւթը կը ներկայացնէ անաչառ ու անկողմնակալ, անկեղծութիւն բուրող զգացումներով , եւ գրագէտի հմտութեամբ:
Հոն, ուր կը տեսնենք անցեալի եղելութիւնները ամենայն մանրամասնութեամբ, յատուկ տեղ մը գրաւած են գրողին յիշողութեան մէջ:
Այս առումով, Գլարա Թերզեան իր գործերուն մէջ ամբարած է անբասիր հայենասէրի վճիտ սէրն ու նուիրումը :
Ան իր մէջ մարմնաւորած է ոչ միայն խոնարհ ու բարեկիրթ , տիպար հայուհիին պատկերը, այլեւ բարձրաճաշակ գրագէտին, արուեստի ու գրականութեան երախտաւորին յատկութիւնները:
Հեղինակին հոգեկան բարեմասնութիւնները՝ իր փափկութիւնը, քնքշութիւնն ու համեստութիւնը կ՜արտացոլուին պայծառ դէմքին վրայ:
Գլարա Թերզեանի ջանքերով, իր տքնանքով ու մտքի լարումով պահպանուեցան հայ մշակոյթի մասունքներ:
Իր հաւաքագրած յուշերը մեծանուն գրողներու եւ գիտնականներու մասին , մեր ժողովուրդին պատմութիւնն է:
Պատմութիւն, որ կրցած է շաղկապել մեր ազգի ճակատագրին հետ:
Հոն կը գտնենք հայ տաղանդներ ու հանճարներ, որոնք ազգային կեանքէն ներս քաջ գիտակցելով իրենց վերապահուած դերը , իրենց խօսքով ու գրիչով, իրենց հանճարով, կրցան ազդել հասարակութեան վրայ:
Անոնք, որոնք հայ սերունդներուն համար դարձան հայրենասիրութեան ներշնչումներու աղբիւր:
Գլարայի հայրենանուագ սիրտը, հոգեթով քնարականութեամբ երգեց հայրենի աշխարհը, արտացոլեց հայ միտքն ու հոգին:
Որպէսզի մեր մեծերուն մտածումներն ու սրտառուչ պատգամները, դառնան կեանքի ուղեցոյց գալիք սերունդներուն համար:
«Գրական Դէմքեր» (հատուածներ, 2003)
Նուարդ Մատոյեան-Տարագճեան. :
Հալէպ
________
Երբ գրողին արտայայտած միտքը ճիշդ կը մեկնաբանուի, հեղինակը չի թաքցներ իր գոհունակութիւնը յայտնելու:
Այդ մասին կը խօսին նրբանկատ գրագիտուհիին նամակին հետեւեալ տողերը:
Սիրելի Նուարդ,
Շատ շնորհակակութիւն իմ երկու գրքերի մասին գրածդ գրախօսականների
համար: Այդ որքան լաւ էիր հասկացել իմ գրածների ուղն ու ծուծը:
Արուեստագէտի նուրբ հոգի ունես եւ պատկերաւոր գրիչ:
« Բոյլ Մեծաց» գրքի շնորհահանդէսի մասին գրածդ այնպէս էիր
նկարագրել, որ կինոժապաւէնի պէս ամէն ինչ աչքիս առաջը եկաւ:
Գլարա Թերզեան
Երեւան, 5 Մայիս, 2003