Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան
Տիկին
Շատ հնուց գոյութիւն ունեցած բառ է, որ իբրեւ պատուանուն տրուած է իշխանական կամ ընդհանարապէս ազնուական կիներու[1]: Ինչ կը վերաբերի անոր կազմութեան, ապա Աճառեան տուած է բազմաթիւ մեկնաբանութիւններ, որոնց բոլորին անդրադարձը կրնայ ծանծաղեցնել այս յօդուածը, ուստի թելադրելի է, որ հետաքրքրուողը դիմէ «Արմատական»-ի օգնութեան: Ամէնէն աւելի շեշտուած իմաստն է «մեծ+կին[2]» հասկացութիւնը, ի հակադրութիւն հասարակ, ռամիկ խաւերու սովորական կիներու:
Ծանօթ.—Աստուածաշունչը ունի տիկին բառի 26 կիրարկութիւն:
Նոյն Աստուածաշունչը կը գրէ. «Եւ արքայ Սողոմոն էր իգասէր…եւ էին նորա կանայք տիկնայք[3] եւթն հարեւր եւ հարճ երեք հարեւր» (Գ. Թագաւորաց, Ժա/1−3): Ուրեմն՝ կլոր հաշուով 1000 կին ունէր Սողոմոն իմաստունը՝ 700-ը տիկին՝ պաշտօնական, 300-ը՝ հարճ՝ անպաշտօն: Այս բոլորին հետ ինչպէ՞ս գլուխ կ’ելլէր…That is the question: Եւ տակաւին այս հազարէն դուրս կային պարագայական «հանդիպումները» եւս. Սաբայի թագուհին, սքանչացած Սողոմոնի համբաւէն, այցելութիւն մը տուաւ անոր եւ վերադարձին՝ ինը ամիս ետք, ծնունդ տուաւ Մենելիքին…
Տիկին բառը կիրարկուած կը գտնենք «Հայոց եկեղեցական իրաւունքը» կոթողական աշխատութեան մէջ, որուն հեղինակն է Ներսէս արք. Մելիք-Թանգեան (1866-1948):
Այս լայնածաւալ աշխատութիւնը, աւելի քան 850 էջանի, կ’ամփոփէ այն բոլոր կանոնները[4]՝ օտար թէ հայկական ծագումով, որոնք մշակուած են անցնող քսան դարերուն եւ որոնց տառին ու ոգիին հաւատարիմ է Հայ եկեղեցին:
Ուրեմն այստեղ տիկին եզրը տրուած է, առանց դասակարգային որեւէ խտիրի, այն բոլոր կիներուն՝ գրեթէ միշտ ժողովրդային խաւերէ յառաջացած, որոնք քրիստոնեայ հոգեւորականներու տան մէջ կը ծառայէին՝ երբեմն տանտիկինին զուգահեռ, եթէ հոգեւորականը ամուսնացած էր, իսկ ընդհանրապէս միայնակ ապրող կուսակրօն հոգեւորականներու, որոնք կարիքը ունէին եփող-թափողի մը:
Այս բնակակցութիւնը կամ կենակցութիւնը դուռ բացած է սեռային ամենագայթակղալից պատմութիւններու, որոնք կը յառաջանային մասնաւորաբար կուսակրօն ու շատ յաճախ ալ ամուսնացեալ եպիսկոպոսներու, վարդապետներու, քահանաներու եւ սարկաւագներու կենսագրութեան մէջ:
Իսկ տիկին-ի այս նշանակութեան ակնարկող ոչ մէկ բառարան ունինք:
* * *
Միջին հայերէնը ու մանաւանդ աշխարհաբարը կը կիրարկեն տիկին բառը իբրեւ յարգական եզր, որ կը տրուի ամէն խաւէ որեւէ կնոջ: Շատ սովորական է առանձին՝ իբրեւ կոչական գործածութիւնը. օրինակ «Տիկի՛ն, ձեր հերթն է», կամ իբրեւ վերադիր յատուկ անունի մը՝ «Տիկի ՛ն Անուշ, ձեր հերթն է»:
Այս երկու կիրարկութիւ ններէն դուրս որեւէ կին կրնայ «տիկին» կոչուիլ երրորդ դէմքով՝ քիչ մը վերամբարձ, բայց եւ մտերմիկ ոճով, ինչպէս՝ «Տիկինը հրաման մը ունի՞»: Տիկին կը կոչենք նաեւ այն բացակայ կինը, որուն մասին կը խօսուի. օրինակ՝ «Տիկին Աննային հարցնենք», այս՝ այն պարագային, ուր ենթական որոշ ակնածանքի առարկայ է, այլապէս կը գոհանանք տալով անոր անունը. «Աննային հարցնենք»:
Շատ տարածուած է քիչ թէ շատ պաշտօնական կամ անուանի անձի մը կինը տիկին կոչելու սովորութիւնը. օրինակ՝ «Ներկայ էր վարչապետին տիկինը եւս…»,– մինչ հասարակ մահկանացուի մը համար պիտի ըսէինք «Ներկայ էր Թորոսին կինը եւս», եւ ճիշդը այս վերջինն է. ով ալ ըլլայ խնդրոյ առարկայն, կողակիցը պէտք է անուանել «կինը»:
Նախագահին կինը «առաջին տիկին» կոչելը արդէն նուիրականացած է:
Մինչ թագաւորին կինը՝ թագուհին է:
* * *
Թոյլատրելի չէ, լեզուն չ’ընդունիր, տիկին կոչել սեփական կողակիցը հանդերձ «ս» դիմորոշ յօդով. օրինակ՝ «Տիկինս կը փափաքի, որ…»: Եւ ընդհանրապէս չկայ որեւէ պարագայ, ուր ամուսին մը «տիկինս» կարենայ կոչել իր կողակիցը. նման կիրարկութիւն չունի հայերէնը:
Պէտք է ըսել «կինս». օրինակ՝ «Կինս կը փափաքի, որ…»:
Սակայն այս պարագային եւս, ի մտի ունենալով սեփական կինը, նոյն վերամբարձ մտերմիկ ոճով, որուն ակնարկեցինք վերը, կարելի է գործածել «տիկինը»՝ հանդերձ որոշիչ յօդով մը կամ կամ «տիկին» որոշիչը՝ յատուկ անունի մը հետ. օրինակ՝ « Տիկինը կը փափաքի, որ մեզի հետ ճաշէք» կամ «տիկին Աննան կը փափաքի, որ…», ուր Աննան, ուրեմն, կողակիցն է խօսողին եւ ծանօթ է խօսակիցներուն. այս պարագային որոշիչ յօդը պարտադիր է: Անպատշաճ, այլեւ անհամեստութիւն է ըսել. «Տիկին Աննա կը փափաքի, որ…»:
Այդ յօդը կարելի է զեղչել,– բայց նաեւ պահել,– երբ կ’ակնարկուի պաշտօնական կարգավիճակ ունեցող օտարի մը. օրինակ՝ «տիկին Անի կը փափաքի, որ հանդիսութիւնը ջնջենք» կամ «տիկին Անին կը փափաքի, որ…»:
Այս պարագային՝ օտար կնոջ անունը՝ Անի կամ Անին, առանց յօդի կամ յօդով կիրարկելը կախում ունի այդ կնոջ՝ խօսակիցներու շրջանակին մէջ ունեցած մտերմութեան աստիճանէն: Երբ բաւականաչափ ծանօթ է ան եւ կայ ընկերային որոշ կապ մը անոր հետ, ապա կը կիրարկենք որոշիչ յօդ մը. « Տիկին Անին կը փափաքի, որ բոլորդ ներկայ գտնուիք հրաւէրքին»: Անդին, սակայն, երբ կ’ակնարկենք Գերմանիոյ վարչապետուհիին, յարմար չէ ըսել. «Տիկին Մերքելը կատարեց կարեւոր յայտարարութիւն մը…», վասնզի ոչ մէկ հաւանական մտերմութիւն կայ անոր եւ գրողին միջեւ, կ’ենթադրեմ: Այս պարագային հարկ է ըսել. «Մերքել» կամ «տիկին Մերքել կատարեց կարեւոր յայտարարութիւն մը…»[5]:
* * *
Ընտանիքի միւս անդամներու անուանումի պարագային կը յառաջանան հետեւեալ փոխարինելի զուգահեռները.
Տիկին-ին կը համապատասխանեն՝ պարոն[6]-ը եւ օրիորդ-ը:
Ընդ որում պարոն-ով կը բնորոշուի ընտանիքի թէ՛ հայրը, թէ՛ արու զաւակը:
Կին-ին կը համապատասխանեն՝ ամուսին(ս), տղայ(ս) –որդի(ս) եւ աղջիկ(ս):
* * *
Մրցոյթ 8. Ինչպէ՞ս կը վերադասաւորես բառերը հետեւեալներուն.
***Այս միջադէպը կը հաստատէ օր ըստ օրէ աճող հրեաներու ազդեցութիւնը:
—Այս միջադէպը կը հաստատէ հրեաներու օր ըստ օրէ աճող ազդեցութիւնը:
***Պարզապէս օդակայանը քաղաքի կեդրոնէն 35 քմ հեռու է:
—Օդակայանը քաղաքի կեդրոնէն պարզապէս 35 քմ հեռու է:
***Գոնէ այս երեք անչափահասներէն իմ քովս մնար կրտսերը:
—Այս երեք անչափահասներէն քովս մնար գոնէ կրտսերը (կամ՝ գոնէ կրտսերը քովս մնար):
***Ան այնպիսի նախնիներէ մնացած ու արեան մէջ անցած ատելութիւն մը ունի, որ կուրցուցած է զինք:
—Ան նախնիներէն մնացած ու արեան մէջ անցած այնպիսի ատելութիւն մը ունի, որ կուրցուցած է զինք:
***Կարծես իրենց պայմանները ամենեւին այնքան բրտութեամբ բանաձեւող ցուցարարները չեն անդրադառնար, թէ ի՛նչ մեծ չարիք կը պատճառեն ազգին:
—Իրենց պայմանները այնքան բրտութեամբ բանաձեւող ցուցարարները կարծես ամենեւին չեն անդրադառնար, թէ ի՛նչ մեծ չարիք կը պատճառեն ազգին:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ տէր Վարդանեան, Հայկ Իւթիւճեան, Յարութ Կիւլիւզեան, Մանուէլ Ֆարաճեան, Արմէն Պաղտոյեան, Արմենակ Աւագեան, Սեդա Գրիգորեան, Պերճ Տէր Սահակեան, Ցոլակ Ապտալեան, Ալեքս Մարտիսոսեան, Արա Նահապետեան, Լեւոն Շառոյեան, Շաքէ Մանկասարեան-Գրոկան, Համբարձում Յարթունեան:
Կը շնորհաւորեմ բոլոր պատասխանողները, որոնք, խաւարը քննադատելու փոխարէն, մոմ մը կը վառեն հայոց լեզուի տաճարին մէջ:
Մրցոյթ 9. Ինչպէ՞ս պիտի նախընտրէիր գրել հետեւեալները.
***Այս ակնկալութեան հակառակը կը գտնենք Հայաստանէն ներս:
***Ան շնորհաւորեց տնօրէնը ծննդեան տարեդարձի կապակցութեամբ:
***Նախարարը, առողջական հարցերով պայմանաւորուած, փոխադրուած էր հիւանդանոց:
***Ամէն պայթիւնի ձայն լսելուս կը հեռաձայնէի հարազատներուս:
***Մեր ոչ թէ ֆիզիքական, այլեւ հոգեկան վիճակը վատ է:
Յետագրութիւն
Պէտք չէ շուտ պատասխանել, այլ ժամանակ տալ:
Իտալական ասոյթ մը կայ՝
Roma non fu fatta in un giorno !
Որ թարգմանի՝ «Հռոմը մէկ օրէն չշինուեցաւ»:
[1] Նոր հայկազեանը կու տայ. «Կին տանուտեառն, իշխանի, թագաւորի»:
Իսկ Եղիշէ հայ նախարարներու կիները կը կոչէ «տիկնայք փափկասունք Հայոց աշխարհի»:
Ըստ Մալխասեանի՝ «որեւէ կին որ աղախին կամ սպասուհի է պահում»:
[2] Տի «մեծ» արմատը կը գտնենք երկու ուրիշ բառերու մէջ՝ տի-այր (տիար), տի-եզերք:
[3] Այս կիրարկութիւնը շատ յստակ ցոյց կու տայ տիկին-ին որակական արժէքը. ան իբրեւ պատուանուն դրուած է կանայք-ին վրայ:
[4] Առաջին կանոնները՝ «տէրունական» կոչուած, մշակուած են Յիսուսի աշակերտներէն ոմանց մասնակցութեամբ:
[5]Արեւմտահայերս այս զանազանումի մշակոյթը սկսած ենք կորսնցնել՝ ազդեցութեամբը արեւելահայերէնի, ուր ամէն ենթակայ միշտ որոշիչ յօդով կը կիրարկուի:
[6]Համարժէք է երբեմնի տիար-ին, որ հիմա այլեւս նահանջի մէջ է: