Այսօր համաշխարհային թատրոնի օրն է: Ինծի համար շատ նշանակալից ու հարազատ օր: Ձեզի հետ կը կիսեմ իմ յուշերս:
ՍԻԼՎԱ ԻՍԿԻԿԵԱՆ- ՄԱՀՍԵՐԵՃԵԱՆ -27- 3- 2021
Այն օրերուն երբ հայ թատրոնը իր զարթօնքի գագաթին կը սաւառնէր, երբ շաբաթավերջին առնուազն երկու թատերական ներկայացում կարելի էր վայելել , ես՝ այն պատանուհին էի, որ էութեամբս կլանուած ու տարուած էի թատրոնով: Ամբողջ շաբաթը անհամբեր թատրոն կ՚երազէի: Թատրերգութեան անունը մտքիս մէջ կերպարներ կը ստեղծէր, բեմը թաւշեայ վարագոյրներ կը հագնէր եւ բեմահարթակին ոտնաձայնները լսողութիւնս կը շոյէր…
Արդեօք ինչպէ՞ս տնտեսել այդ փոքր գումարը, որ գրպանի ծախս ( pocket money ) կը կոչուէր, որուն անհրաժեշտութեան եւ սակաւութեան կը գիտակցէի , երբ թատրերգութիւն մը Յակոբ Տէր Մելգոնեան թատերասրահին մէջ կը բեմադրուէր եւ երկրորդ մը Գալուստ Կիւլպէնկեան թատերասրահին մէջ: Անկասկած երկուքին ալ ներկայ պիտի գտնուէի: Մուտքի տոմսերը եւ ճանապարհածախսը ապահովելը, ինծի համար առաջնահերթ անհրաժեշտութիւն էր: Բախտաւորութիւն կը սեպէի այն իրողութիւնը որ Յակոբ Տէր ՄելքոնեաՆ թատերասրահը քալելով հասանելի էր, բայց Գալուստ Կիւլպէնկեանը մեր տունէն՝ Հաճընէն, բաւական երկար ճամբայ էր…
Նախապատերազմեան տարիները, մտքիս մէջ փայլուն պատկերներ են:Պէյրութի Թաղերուն մէջ, ռեհանի ու յասմիկի բոյրը, թոքերս կը շոյէր: Ամառնային արեւը՝ եդեմային շողք կը բաշխէր: Ծովափին կապոյտը՝ հրաշքի գոյն ունէր : Լեռնային հովասուն ամարանոցները եւ ոսկեայ մայրամուտները՝ եթերային տրամադրութիւն կը սփռէին: Երանի կարենամ իմ մտքիս ու հոգիիս մէջ խարսխուած Լիբանանը, իր ճիշդ պատկերով ու հմայքով նկարել: Լիբանանիս մէջ ամենէն փայլուն իրողութիւնը՝ հայ թատրոնն էր:
Հանրակառքերը օրինաւոր կայաններ ունէին, ետեւ ետեւի, շուտ շուտ կը հասնէին: Թատրոնէն արձակուող հայահոծ բազմութիւնը, մասնաւորաբար ուսանողները, տեղաւորուելու համար միքանի հանրակարգի կարիքը ունէին: Կը յիշեմ այդ օրերուն ազնուագոյն (elite) հայուհիները, իրենց կենցաղով եւ հագուածքով թատրոնին հանդէպ իրենց յարգանքի խօսքը կ՚ըսէին: Հագուստները եւ զարդեղէնները՝ փայլուն եւ վառ գոյներով, նախորդ սերունդին մռայլ գոյները կը հակասէին: Սիրուն ժպիտները անուշահոտին հետ միաձուլուած , զգլխիչ ամպ մը կը պարուրէր:
Հանրակառքով ես ու ընկերուհիս՝ Արփին, ճշդապահօրէն կը հասնէինք թատրոն, իսկ ինչպիսի՞ միջոցով վերադառնալը կախեալ էր մեր գրպանի ծախս կոչուածէն…։ Ընդհանրապէս կը «նախընտրէինք» քալելով վերադառնալ: Այսօրուան պահանջկոտ պատանիները չէինք: Կարիքը չունէինք բացատրութեան, թէ մեր ծնողներէն ինչքան պէտք է խնդրէինք: Բնազդով ամէն բան գիտէինք:
Բեմադրուող Թատերախաղերը՝ կախարդական գաւազանի մը նման, մեր պատանի հոգիները կը յուզէր, ներաշխարհը կը լիացնէր եւ տիպար մարդը կը ձեւաւորէր։ Ամէն մէկ թատերախաղէն կերպար մը կ՚որդեգրէի եւ հարազատ ինքնութեամբ կ՚ապրէի զայն:
1973-74 կրթական տարեշրջանը՝ իմ դպրոցական տարիներուս ամէնէն յիշատակելին էր: Թէպէտեւ բեմը եւ ասմունքը միշտ ալ անբաժան բարեկամներս էին, բայց այդ տարին հանդէս գալը բաւական երկար թատերական կտորով մը, այլ փորձառութիւն մըն էր: Բնաւ չէի պատկերացներ, որ մեր դաստիարակը Օրդ. Տիգրանուհի Մելիքեան՝ մանրակազմ ուսուցչուհին, որ մարմնամարզութիւն եւ կենսաբանութիւն կը դասաւանդէր, կրնար նաեւ մեծ եռանդով ու բծախնդրութեամբ, բեմ բարձրացնել Յակոբ Բշիկեանի «Արդիականութիւն» թատերախաղը: Գլխաւոր դերը ստանձնելու առաջարկը, առանց տատամսելու եւ մեծ հաճոյքով ընդունեցի: Սիրելի դասընկերներուս հետ արժեցուցինք Օրդ. Մելիքեանին աշխատանքը: Մեր համոզիչ դերակատարութեամբ , գեղեցիկ տարազներով եւ բեմայարդարով , յաջողեցանք արդիականութեան՝ բարի ու յոռի կողմերը, ծանօթացնել հանդիսատեսին: Միքանի այլ հայկական վարժարաններու մէջ ալ հանդէս եկանք մեր թատերախաղով: Ծափահարութիւնները եւ շռայլ գնահատականները մեր ցանկացած պարգեւն էր:
Հօրս ցանկութիւնն էր որ հիւանդապահութիւն ուսանիմ եւ կամ տարրալուծարանային գիտութիւն, բայց ես արբեցած իմ թատերասիրութեամբ որոշած էի իմ կեանքիս ուղղութիւնը եւ նպատակը : Յստակ գիտէի թէ ինչ պիտի հետապնդեմ…Ոչի՛նչ բացի նուիրուիլ թատերաբեմին:
1975 ին չսպասուած պատերազմը, հրթիռներուն տեղատարափը, ընտանիքիս մէջ կատարուած դժբախտութիւնը եւ յաջորդող տարիներուն ծանրութիւնը, նման էր մի քանի արարներով բեմականացուող ողբերգութեան: Ցաւօք սրտի թատերական աւարտը՝ իմ թերաւարտ երազներս էին:Ինքզինքս այլեւս բեմին վրայ չէի տեսներ, հոգ չէ որ բեմը միշտ ալ սրտիս մէջ էր…
Բարեբախտութիւն էր այն իրողութիւնը, որ հակառակ երկարամեայ պատերազմին, հայ թատերաբեմը չամայացաւ: Բիւր յարգանքի արժանի՝ Լիբանանի բեմադրիչները, որոնք պատերազմին ամէնէն տագնապալի օրերուն, թատերական ներկայացումներ բեմ հանեցին : Նոյնպէս դերակատարները, որոնք կամաւորաբար հայ բեմին ու արուեստին իրենց բարի տուրքը տուին:
Բոլոր թատերական ներկայացումներուն անխտիր կ՚ուզէի ներկայ ըլլալ : Բոլոր բեմադրիչները շատ կը յարգէի, բայց Վարուժան Խտըշեանը իմ նախասիրած բեմադրիչ – դերասանս էր: Բեմին վրայ իր տարբեր կշիռը ու հմայքը ունէր: Իր բեմադրած գործերը, հայկական թատերախաղերու կողքին, համաշխարհային ճանաչողութիւն ունեցող թատերագիրներու գործերն էին: Արթըր Միլլըրի, Նիլ Սայմընի նման, որոնք հմուտ են դէպքերը , մարդկային ներաշխարհը, հոգեկան ապրումները վարպետօրէն բացայայտելու եւ վերլուծելու : Կրնամ ըսել որ Վարուժան Խտըշեանը , Նիւ Եօրքի Պրօտուէյը՝ Պուրճ Համմուտ բերաւ:
Թող մէկը չհամարձակի ըսել թէ, հանրութիւնը «ծանր» կամ «լուրջ» թատերախաղերը չի սիրեր կամ չի գնահատեր: Թատրոնը՝ ի՛նք պիտի ձեւաւորէ հանրութեան ճաշակը, ո՛չ թէ հանրութիւնը «սահմանէ» թատրոնը:
Այսօր համավարակին պարտադրած կղզիացումը, մեծ աւեր պատճառեց արուեստին ու մշակութային կեանքին: Օրէ օր աւելի տեղեակ ենք, թէ ինչպիսի բաներու կը ծարաւի մեր հոգին…Այսօր կ՚ուզեմ լաւատեսութեան պատկեր մը կախել դիմացս ու կրկին տեսնել իմ փայլուն Լիբանանս՝ իր հանրակառքերով, թատերասրահներով, արուեստասէր հանրութիւնով ու ինծի նման թատրոնով հարբած ՝ քալող – վազող, մեծաթիւ պատանուհիներով: