Ռաֆֆի Պետիկեան
Անուշիկ Երանուհիս…
17 Յունիս 2021 կորսնցուցինք մեր գաղութի ծանօթ, գործունեայ ազգայիններէն , Գերմանահայոց Կեդրոնական Խոհուրդի պատուոյ անդամուհի՝Երանուհի Հարթման Գալայճեանը:
Երանը ծնած էր Երուսաղէմ,20.04.1938-ին, համայնքին մէջ ծանօ ընտանիքի մը մէջ՝ խաչատուրեան
(Օհան Տուրեան, Նարէկ Տուրեան, փրոֆ. Հայկ խաչատուրեան) եւ Գալայճեան (հրապարակագիր, խմբագիր Արա Գալայճեանի զարմուհին էր)։
Հարը՝ Պօղոս Գալայճեանը ,Մարաշցի էր, Մարաշի մէջ ոսպի, բրինձի եւ պլղուրի գործարան ունէր, եւ նմանօրինակ գործարան մը հիմնած էր Երուսաղէմի մէջ:
Մայրը՝ Շողակաթ Սահակեան Երուսաղեմցի ճանչցուած՝ճարտարապետի ընտանիքէ կուգար։
1947 ընտանիքով կ’անցնին Ամման, յետոյ՝ Պեյրութ:
Երանուհին կը յաճախէ Դարուհի- Յակոբեան վարժարանը, ուր աշակերտուհի կ’ըլլայ մօրս՝ Սօսի Պետիկեանին: իրենք 8 տարուայ տարիքի տարբերութիւն ունէին: Մայրս նոր համալսարան աւարտած էր ու նետուած ուսուցչական ասպարէզ։
Ոչ միայն ուսուցչուհի-աշակերտուհի, այլ ընկերուհիի յարաբերութիւն կը մշակեն։
Նաեւ Երանուհին գործունեայ կեանք կունենայ ՀԲԸՄի Զարեհ- Նուպար ակումբէն ներս:
Պեյրւթի մէջ հը հանդիպի Կիւնթըր Հարթմանին, ընտանիք կը կազմեն։Միասին կը փոխադրուին Գերմանիայ, Պոնն,կ’ունենան երկուորեակ զաւակներ էլքը եւ Հայկ: Կը փոխադրուին Կէօթինկըն։
1993-էն ի վեր կ’ապրէր Պերլին։
1986 ին ես , 28 տարեկանիս ընտրուեցայ Գերմանահայոց կեդրոնական կազմակերպութեան Dachverbandի վարչութեան անդամ: Նկատի ունենալով որ վարչութեան ամենաերիտասարդ անդամն էի, ինծի յանձնուեցաւ երիտասարդութիւնը կազմակերպելու պարտականութիւնը:
Ընդհանուր ժողովի ընթացքին հանդիպեցայ Երանուհիին, մի քանի երկվայրկեանէն մտերմացանք, երբ լսեց թէ Վարուժանին եւ Սօսիին տղան եմ, զօրաւոր մը փաթթուեցաւ եւ համբոյրներ փակցուց:
Հիմքը դրինք երկար եւ սերտ համագործակցութեան:
Հիմնեցինք երիտասարդական եւ կրթական յանձնախումբեր։
Երանուհի եղաւ կրթականի ատենապետուհին։ Միասնաբար կազմակերպեցինք երիտասարդական հաւաքոյթներ որուն կը մասնակցէին 300 չափ երիտասարդ- երիտասարդուհիներ:
Հիմնեցինք Մեսրոպ Մաշտոց մանկա- պատանեկան ամառնային ճամբարը:Կազմակերպեցինք հայերէնի ուսուցչական սեմինարներ, սկսանք աշխատիլ դասագիրքերու վրայ։Բաւական բեղուն գործունէութիւն ունեցանք։ Քրոջ-եղբօր նման էինք։ Տարբեր նկարագիր ու մօտեցումներ ունէինք։ Ինք պահպանողական- խաղաղասէր, ես՝ “յեղափոխական“:
Ազգասէր, հայրենասէր, նուիրուսծ, աշխատասէր, շատախօս(ամենակարճ հեռախօսային զրոյցը կը տեւեր առնուազն երկու ժամը, մէկ նիւթը կը բանար տասը նիւթ)։Հիւրասէր,ջերմ ու տաքուկ կին մը։ Շահնուրի խօսքով՝ պճեղ մը անոյշ սիրտ:
1993-ին հաստատուեցաւ Պերլին եւ ստանձնեց հայ համայնքի Հայերէնի դասընթացքները:
Անսահման սէր ու գուրգուրանք կը գուցաբերէր հայ մատղաշ նոր սերունդի հանդէպ։ Իր ամբողջ ոյժը դրաւ հայերէն լեզուի, մշակոյթի, պատմութեան գիտելիքներ փոխանցելու նոր սերունդին, հազարաւոր հայորդիներու: Իր գլխաւոր ժառանգութիւնը սակայն եղաւ իր աղջիկը, փրոֆ. Էլքը Հարթմանը, որ շուտով վարիչը պիտի ըլլայ Պերլինի համալսարանի թրքագիտութեան ամպիոնի։ Ասոր իմաստը հասկնալու համար պէտք է նկատի առնել որ Գերմանիոյ նման կարեւոր երկրի մը մէջ կապրին աւելի քան 3 միլիոն թրքական ծագումով անձեր եւ հազարաւոր ուսանողներ։
Վերջին տարիներուն առողջական պատճառներով քաշուած էր հրապարակէն:
Նկատի ունենալով որ Երանուհիի կեանքի գլխաւոր մտասեւեռումը եղաւ Հայ մատղաշ նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութիւնը, իր հարազատները եւ ընկերները նախաձեռնեցին իր անունով կրթական հիմնադրամի մը ստեղծումը:
Թաղումը պիտի կատարուի Պերլինի մէջ, 22 Յուլիսին, ժամը 12.30-ին, հասցէ
Fürstenbrunnerweg 37-67
Յիշատակը յարգողներէն պիտի խնդրուի փոխան ծաղկեպսակի իրենց նուիրատութիւնները կատարեն ստորեւ նշուած հասցէին.
Elke Hartmann
IBAN: DE31100500001220221669
BIC: BELADEBEXXX
Adresse der Bank (für Überweisungen aus Nicht-EU-Ländern):
Landesbank Berlin AG
Alexanderplatz 2
D-10178 Berlin
Verwendungszweck( Usage) :Donation Yeran
Սիրտէս ու հոգիէս կտոր մը պոկեցիր , հետդ տարիր։
Քեզ միշտ սիրող եւ յարգող՝
եղբայրդ եւ ընկերդ ՝
Ռաֆֆի Պետիկեան
Տինսլաքըն
17 .07.2021