Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Պատմաբան Դոկտ. Զաւէն Մսրլեանի Նորագոյն Գործը

November 29, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Պատմաբան Դոկտ. Զաւէն Մսրլեանի Նորագոյն Գործը

Յարութիւն Իսկահատեան-ՊԱՅՔԱՐ  252

 Դոկտ. Զաւէն Մսրլեան վերջերս շնորհակալ գործ մը կատարեց լոյս ընծայելով իր տքնաջան աշխատանքի արդիւնքը հանդիսացող «Հայկական Հարցի եւ Ցեղասպանութեան Մասին Ուսումնասիրութիւններ Եւ Վաւերագրեր» (Studies And Documents On The Armenian Question And Genocide) խորագրեալ անգլերէն գիրքը,  Սիփան հրատարակչատուն, Պէյրութ, 2021, 111 էջ, որ կ՛ընդգրկէ իր վերջին տարիներու ուսումնասիրութիւնները լոյս տեսած Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ պաշտօնաթերթ Հասկի մէջ: Գիրքը հրատարակուած է Ռաֆֆի Մանուկեանի մեկենսութեամբ:

Դոկտ. Զաւէն Մսրլեան գիրքին յառաջաբանին մէջ կ՛ըսէ. «Թէպետ մինչեւ օրս Թրքական Հանրապետութիւնը կը մերժէ ճանչնալ կանախամտածուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը 1915-1923-ի ընթացքին, սակայն Ա. Համաշխարհային Պատերազմէն անմիջապէս ետք թրքական կառավարութիւնը որոշեց հետազօտել Հայոց Ցեղասպանութիւնը երբ միջազգային կարծիքի պոռթկումը սաստկացաւ» (էջ 5): «Ուստի, այս ծիրին մէջ կրնանք ըսել թէ Օսմանեան Պետութիւնը ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը» (էջ 6), կ՛աւելցնէ ան: Դոկտ. Մսրլեան կը շեշտէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման կարեւորութիւնը:

Այս գիրքին մէջ դոկտ. Զաւէն Մսրլեան կը ներկայացնէ հետեւեալ ուսումնասիրութիւնները.-

Ա. Հակիրճ նկարագրութիւնը Հայկական Հարցին Ա. Համաշխարհային Պատերազմէն առաջ:

Բ. Հայոց Մեծ Եղեռնի Տարիներու զարգացումները- «Արաբական Զեկուցումը»:

Գ. Միջազգային ընտանիքին հակազդեցութիւնները Ցեղասպանութեան ընթացքին եւ անոր յաջորդող տարիներուն:

Դ. Թուրքիոյ մէջ հայոց վիճակը 1920-ին:

Ե. Հայոց Ցեղասպանութեան առընչուող Միացեալ Ազգերու Զեկոյցը 1948-ին:

Զ. Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը:

Առաջին գլուխին մէջ դոկտ. Զաւէն Մսրլեան հայոց անկախութեան զարգացումներուն փուլերը կը նկարագրէ սկսելով 1071 թուականէն: Սկիզբը բիւզանդացիներու եւ սելճուք թուրքերու միջեւ պայքարն է որ պատճառ կը դառնայ հայոց անկախութեան կորուստին՝ Բագրատունեաց Թագաւորութեան անկումին: Երկրորդ փուլը ստեղծումն է Կիլիկեան հայոց իշխանութեան եւ մօտ 300 տարի ետք Մեմլուքներու արշաւանքին պատճառով անոր անկումին, թէեւ այդ գրաւման երկու դարերուն կարգ մը կիլիկեան շրջաններ կրցած են իրենց անկախութիւնը պահել: Հեղինակը կը յիշէ թաթարներու, մոնկոլներու եւ օսմանեան թուրքերու արշաւանքներն ու հայոց անկախութեան վերջնական կորուստը Օսմանեան Պետութեան հաստատումէն ետք:

19-րդ դարու երկրորդ կէսէն ետք մէջտեղ կու գայ Հայկական հարցը: Պալքանեան երկիրներու յեղափոխութիւնները մեծ ազդեցութիւն կ՛ունենան հայկական հարցի ծնունդին վրայ: Ուստի գրաւեալ Հայաստանի մէջ եւ անկէ դուրս կը սկսի ձեւաւորուիլ բարենորոգումներու հարցը: Անգլիա, Ֆրանսա, Ռուսիա, Իտալիա, Գերմանիա եւ Աւստրիա միջամուխ կը դառնան Հայկական հարցի լուծման, ամէն մէկը իր շահերէն մեկնելով: Շահերու խաչաձեւումը ակնառու է ամենէն աւելի Ռուսիոյ եւ Բրիտանիոյ հակամարտութեանց մէջ: Այս գծով հեղինակը կը մէջբերէ Բրիտանիոյ վարչապետ Լոյտ Ճորճի մէկ խոստովանութիւնը, որ ան ըրած է աւել ուշ. «Եթէ չըլլար մեր խարդախ միջամտութիւնը, ներկայիս հայութեան մեծ մասը պիտի գտնուէր ռուսական դրօշի պաշտպանութեան տակ, Սան Սթեֆանոյի Դաշնագրին համաձայն… Բրիտանական կառավարութեան արարքը յանգեցաւ 1895-1897ի եւ 1909ի սոսկալի կոտորածներուն ինչպէս նաեւ աւելի վատ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 1915-ին» (էջ 17):

Դոկտ. Զաւէն Մսրլեան գիրքին 22-39րդ էջերուն մէջ կը բացատրէ «Արաբական Զեկոյց»ը հայոց Ցեղասպանութեան մասին, որ նորութիւն է: Արդարեւ 1916ին գնդապետներ Շուքրի Շուրպաժի եւ Ահմատ Շէյխա, Ռուսիոյ Մեծ Դուքս Նիկոլայի կողմէ ղրկուած են բրիտնացիներու մօտ բանակցելու: Անոնք յետոյ գրած են «Արաբական Զեկոյց»ը, ուր մանրամասնօրէն կը նկրագրուին հայոց տառապանքներն ու հալածանքները Մեծ Եղեռնի տարիներուն: Անոր մէջ կը գտնենք գնդապետ Հասան Մաարուֆի ականատեսի վկայութեան տեղեկագրութիւնը: Այս գծով Մսրլեան կ՛ըսէ. «Արաբական Զեկոյցը XXII Apendix B, որ արձանագրուած է 27 Դեկտեմբեր 1916-ի գիշերը, Հասան Մաարուֆի եւ Սայիտ Ահմէտ Մուխթար Պաաժի [հայոց մասին- Յ. Ի.] ականատեսի վկայութիւնները կը պարունակէ: Այս վկայութիւնները մեծ կարեւորութիւն կը զգենուն, որովհետեւ յիշեալ անձերը քաջ գիտէին թէ «բռնագաղթ» կը նշանակէ կոտորած» (էջ 22):

Գիրքին 40-50րդ էջերուն մէջ դոկտ. Զաւէն Մսրլեան կը ներկայացնէ ոչ միայն միջազգային ընտանիքին հակազդցութիւնները Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն եւ անկէ ետք, այլ թրքական խեղաթիւրումները իրականութեան մասին եւ Ցեղասպանութեան ուրացումը:

Օսմանեան Պետութեան մէջ հայոց վիճակը 1920-ին ներկայացուած է գիրքին 51-75րդ էջերուն մէջ, ուր ուշագրաւ է հետեւեալ երեւոյթը. «Բազմաթիւ հայեր ընդունած էին իսլամ կրօնքը զերծ մնալու համար անասելի ոճիրէն եւ Իթթիհատի կողմէ սանձազերծուած հալածանքներէն: Ուրիշ շատ հայեր, որոնք բռնագաղթուած էին, ծպտուած կ՛ապրէին տարբեր շրջաններու մէջ» (էջ 61):

1948-ի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Զեկուցումը եւ անոր մասին հեղինակին լուսաբանութիւնները կը կարդանք էջ 76-91ի մէջ: Անոր վերջաւորութեան հեղինակը կ՛ըսէ. «Սեւրի Դաշնագիրի կէտերը գործադրութեան մէջ չեն դրուած, այլ աւելի ուշ փոխարինուած են Լոզանի դաշնագիրի կէտերով: Լոզանի Դաշնագիրը կնքուած է 24 Յուլիս 1923-ին, եւ  չի յիշեր որեւէ պատժամիջոց պատերազմական ոճիրներու նկատմամբ այլ կ՛ընդգրկէ յօդուած մը «Ներումի Յայտարարութիւն» անուան տակ, որ ներուած կը հռչակէ 1 Օգոստոս 1914էն մինչեւ 20 Նոյեմբեր 1922 գործուած ոճիրները» (էջ 91):

Ապա էջ 92-107ի մէջ կը կարդանք Հայոց Ցեղասպանութեան շուրջ թրքական խեղաթիւրումներու մասին: Բոլորին յայտնի է թրքական ուրացումը եւ ինքնարդարացումը, որոնք պատուած են անհիմն ամբաստանութիւններով ու շռայլ կեղծիքով: Հեղինակը մանրամասնօրէն կ՛անդրադառնայ անոնց:

Գիրքին վերջին գլուխը՝ էջ 108-111 յատկացուած է Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման կարեւորութեան, որուն վերջաւորութեան Դոկտ. Զաւէն Մսրլեան կ՛ըսէ. «Հրէական Հոլոքոսթէ բացի, 20րդ դարուն տեղի ունեցան Քամպոտիոյ, Ռուանտայի, Տարֆուրի եւ նախկին Եուկոսլաւիոյ ցեղասպանութիւնները: Եթէ առաջին գլխաւոր ցեղասպանութիւնը՝ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչուած ըլլար եւ յանցաւորները պատժուած ըլլային, թերեւս միւսները կամ անոնցմէ քանի մը հատը տեղի պիտի չունենային» (էջ 111):

Այո՛, կարեւոր է ճանաչումը: Սակայն եթէ ան ընկերակցուած չըլլայ հատուցմամբ եւ մանաւանդ բռնագրաւուած հողերու վերադարձով, կը մնայ թերի: Միջազգային քաղաքական եւ դիւանագիտական համաձայնութիւններու եւ վաւերագրերու մէջ կարեւոր է հատուցման յիշատակութիւնը, անոր գործադրութեան նպաստելու նպատակով: Սակայն եւ այնպէս պետութիւններու փախուստը եւ կամ զլացումը միջազգային օրէնքներու եւ համաձայնութիւններու գործադրութեան գծով, իրենց մերժողական կեցուածքի նախադէպերը ունին: Այս պարագային երկիրներու շահերը կա՛մ իրարու կը համընկնին եւ կա՛մ իրար կը խաչաձեւեն:

Դոկտ. Զաւէն Մսրլեանի այս ուսումնասիրութեանց անգլերէնով մէկ հատորի մէջ լոյս ընծայումը մեծ նպաստ է օտարներուն Հայոց Ցեղասպանութեան էութեան ծանօթացման եւ Հայկական հարցի հետապնդման գծով:

 

 

Previous Post

Կիրակնօրեայ ընթերցումներ (24)

Next Post

ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆ ՄԸ 10-ՐԴ ԴԱՐԷՆ

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.