ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 75-ԱՄԵԱԿԻ «ՖԼԷՇՄՈՊ»
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի 75-ամեակին առիթով, այսօր, Ուրբաթ, 13 Դեկտեմբեր 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «City Mall»-ի մէջ տեղի ունեցաւ իւրայատուկ «Ֆլէշմոպ» մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հին ու նոր 75 մեսրոպեանականներ:
Իր բնոյթին մէջ եզակի նախաձեռնութիւնը հանրային կեդրոնին մէջ տօնական օրերու սեմին ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն եւ ուրախութիւն: Մեսրոպեանականները ներկայացուցին հայրենի երգչուհի Սիլվա Յակոբեանին «Սասնայ պար»ը:
Կարճ տեւողութեան ընթացքին, կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն գլխարկներ հագած աշակերտները ստեղծեցին հայաշունչ մթնոլորտ, օտարներուն ծանօթացուցին հայկական պարարուեստը եւ պարով նշեցին վարժարանին 75-ամեակը: «Ֆլէշմոպ»ի պարուսոյցն էր տիկին Սարին Արթինեան-Տէմիրճեան:
Յայտնենք, որ մեսրոպեանականներու շարքին էին տարբեր սերունդներու ներկայացուցիչներ` նախակրթարանէն, միջնակարգէն եւ երկրորդականէն աշակերտներ, ինչպէս նաեւ շրջանաւարտներ, որոնք միասնաբար կը մարմնաւորէին վարժարանի 75-ամեայ երթը եւ կը լուսաւորէին դէպի 100-ամեայ ուղին:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ