Յարութիւն Իսկահատեան-Պէյրութ- Պայքար 261
Ամերիկացի լրագրող Հըրպըրթ Էտըմզ Կիպընզ, քսաներրոդ դարու սկիզբը միջազգային քաղաքականութեան եւ եւրոպական ծաւալապաշտութեան մասին բազմաթիւ յօդուածներ գրած է զանազան ամերիկեան եւ եւրոպական թերթերու մէջ: Սակայն ան ճանչցուած է աւելի իր հեղինակած գիրքերով` “Ասիոյ Նոր Քարտէսը”, “Ափրիկէի Նոր Քարտէսը” եւ “Եւրոպայի Նոր Քարտէսը”: Կիպընզ 1909-ին իր տիկնոջ հետ ականատես դարձած է հայկական կոտորածներու: Ան զեկուցած է նաեւ յոյներու կոտորածներուն մասին https://en.wikipedia.org/wiki/Herbert_Adams_Gibbons:
Իբրեւ ականատես վկայ Հայոց Ցեղասպանութեան Հըրպըրթ Էտըմզ Կիպընզ հեղինակած է “Պատմութեան Սեւագոյն Էջը 1915ի Հայկական Դէպքեր, Իրողութիւններ Եւ Պատասխանատուութիւններ (1916)” խորագիրով գիրքը, որ հայերէնի թարգմանուած է Ա. Սաղաթելեանի եւ Ե. Մօրլեանի կողմէ, տպարան “Հայկ”, Նիւ Եորք, 1916, փոքր չափի, 93 էջ (The Blackest Page Of Modern History: Events In Armenia In 1915, The Facts And The Responsibilities (1916)):
Ականատես վկաներ, օտար քաղաքագէտներ եւ լրագրողներ հաստատած են Օսմանեան Կայսրութեան մէջ պատահած հայկական ջարդերը: “Հայկական կոտորածներու պատասխանատուները որոշապէս կարելի է մատնանշել: Առանց քաղաքական շահի ակնկալութիւններու եւ ամենաթեթեւ կասկածն իսկ ներշնչելու` կարելի է միջազգային մարդասիրական խղճմտանքին դիմում կատարել Օսմանեան Կայսրութեան մէջ ներկայիս գտնուող հայ ցեղի մնացորդացին պաշտպանութեան համար”, կըսէ հեղինակը: Որպէսզի մէջտեղ դրուին իրողութիւնները եւ մատնանշուին պատասխանատուները, Կիպընզ պատշաճ եւ հրամայական կը համարէ իր բառերով “այս վայրկեանիս” (գիրքը լոյս տեսած է 1916-ին) ուշադրութիւն հրաւիրել այն արարքին վրայ, զոր անվիճելիօրէն ժամանակակից պատմութեան սեւագոյն էջն է:
Երիտասարդ Թուրքերու պնդումին վրայ 1908-ի ամրան, սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ. Սահմանադրութիւնը կը վերահաստատէ: Եւրոպա ու Ամերկա կարելի բոլոր միջոցներով իրենց բարեացակամութիւնն ու գործնական քաջալերանքը կը շռայլեն Թուրքիոյ բարեկարգիչներուն` նոր վարչակարգի հիմնաւորման համար: Մեծ պետութիւններէն մասնաւորաբար Անգլիա ու Ֆրանսա թուրքերուն կ’օգնեն` դրամ եւ խորհրդատուներ տալով: “Անոնց օգնութեանց մեծ մասը նաւային եւ գանձային նախարարութիւններուն կ’երթայ”, կ’ըսէ հեղինակը:
Հըրպըրթ Էտըմզ Կիպընզ 1908-էն մինչեւ 1913 Եւրոպական ու Ասիական Թուրքիան վայելելու պատեհութիւնը կ’ունենայ: Իզմիրի, Կ. Պոլսոյ եւ Պէյրութի մէջ ան կը մասնակցի նոր վարչակարգի ծնունդը հռչակող տօնախմբութիւններուն: Սկիզբէն մօտէն կը ճանչնայ Օսմանեան Պետութեան հայերը, Երիտասարդ Թուրքերու եւ նոր համակարգին հանդէպ անոնց իսկական զգացումներուն ալ կը ծանօթանայ: 1909-ի Ապրիլին Ատանայի մէջ ականատես կ’ըլլայ թէ հայոց խանդավառութիւնը ինչպէս կը վարձատրուի երեսուն հազար հայերու կոտորածով` Կիլիկիոյ եւ Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ, կոտորածէն առաջ ալ դիտարկած ըլլալով հայոց նկատմամբ թուրքերու վերաբերումը: Ատանայի մէջ անոր աչքերուն առջեւ հայոց անմեղ արիւնը կը հոսի:
1914-ի աշնան թուրքերը օսմանեան բանակին համար քրիստոնեաներու եւ իսլամներու զօրահաւաքին կը սկսին: Փրկագին վճարողները քանի մը շաբաթ ետք կրկին կը կանչուին, մանաւանդ հայերը: Հայ բանակայինները օսմանեան բանակին մէջ իրենք զիրենք կը դրսեւորեն իբրեւ քաջ մարտիկներ, ուշիմ, ժրաջան եւ շինարար աշխատաւորներ: Այսպէս կը նկարագրէ հեղինակը:
Հըրպըրթ Էտըմզ Կիպընզ կ’ըսէ թէ 1915-ի Ապրիլին Պոլսէն հրամաններ կը ղրկուին Փոքր Ասիոյ տեղական իշխանութիւններուն, որպէսզի կարելի ու յարմար ամեն միջոց ի գործ դնեն` կանխաւ անդամալուծելու հայոց հաւանական որեւէ “ապստամբական” շարժում: Տեղական իշխանութիւններուն կը շեշտուի թէ հայերը ծայրայեղ վտանգ կը սպառնան եւ թէ ազգային պաշտպանութիւնը հրամայականօրէն կը պահանջէ կանխազգուշական խստութիւն` հայերէն գալիք վնասը ապարդիւն դարձնելու համար:
Կարգ մը վայրերու տեղական իշխանութիւնները կը պատասխանեն թէ հայոց կողմէ իրենք որեւէ կասկածելի գործունէութիւն չէին նշմարած եւ թէ հայերը ոչ մէկ վնաս կրնային հասցնել քանի որ զէնք չէին կրեր: Անոնց ամենէն կորովի արական տարրը բանակին մէջ կը գտնուէր արդէն: Կային թուրքեր որոնք ամօթի եւ գթութեան զգացում ունէին: “Սակայն եւ այնպէս թուրք պաշտօնեաներուն մեծագոյն մասը Պոլսէն եկած թելադրութիւնները պատրաստակամօրէն եւ եռանդագին կերպով կը կատարէր”, կ’ըսէ հեղինակը: Չանսացողները կը փոխարինուէին պատժուելէ ետք:
Այսպիսով հայկական կոտորածներու նոր հանգրուան մը կը սկսի…: Ոչ մէկ հայ աչքէ կը վրիպէր: Ծովեզերեայ քաղաքներու հայերը նաւերով “ուրիշ նաւահանգիստ” մը կը տարուին: Նաւերը զարմանլիօրէն շուտ կը վերադառնան` պարպու~ած իրենց ճամբորդներէն: Հայ բնակչութեան ուժեղ տղամարդիկը ազդարարութիւն կը ստանան յարմարագոյն վայր մը հաւաքուելու, ընդհանրապէս քաղաքէն դուրս, ուր թուրք ոստիկաններտը բոլորն ալ սուրէ կ’անցնեն:
1915-ի Մայիսէն մինչեւ Օգոստոս օսմանեան կառավարութիւնը հետեւողականօրէն կը հետապնդէ հայերը բնաջնջելու ծրագիրը, որ աւելի դժոխային էր քան հնարաւոր յոռեգոյն տեղական ջարդերը: Բնաջնջելու արարքը կը բաղկանար ձերբակալութենէ, բանտարկութենէ, ծեծէ, խոշտանգումէ եւ ապա` կամ սպանութիւն եւ կամ բռնագաղթ դէպի հարաւային արաբական անապատները: “Բռնագաղթուածները քրիստոնեայ գիւղերէն անցնելու պարագային կարաւանին արտօնուած չէր կերակուր կամ որեւէ հոգածութիւն ընդունիլ տեղաբնիկներէն”, կ’ըսէ հեղինակը, մինչ Երիտասարդ թուրքերը կը շարունակեն ճնշե~լ անգոյ “հայկական յեղափոխութիւնը” եւ պարպել Հայաստանը` կոտորելով անպաշտպան հայերը:
Հըրպըրթ Էտըմզ Կիպընզի սոյն վկայութիւնը օղակ մըն է այն արժէքաւոր շղթային` հայոց ջարդերու մասին ոչ հայերու ականատեսի վկայութեանց, որ մասնայատուկ նշանակութիւն ունի Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան եւ միջազգային ճանաչման գծով: Սփիւռքի տարածքին եւ վերջին երեսուն տարիներուն հայրենի մտաւորականներ ու հրատարակիչներ ձեռնակած են Հայոց Ցեղասպանութեան մասին օտար լեզուով յուշագիրքերու հայերէն թարգմանութեան ու հրատարակութեան: Շատ գնահատելի է այս կատարուած գործը` որովհետեւ պատմաբաններու ջախջախիչ մեծամասնութեան կողմէ անվիճելիօրէն ընդունուած է, թէ այդ յուշագրութիւնները փաստացի եւ գիտական բնոյթ ունին: