Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրեց հետեւեալ գրառումը.
«Խորհրդարանը իր նախանցեալ օրուան նիստին վաւերացուցած է մրցակցութեան օրէնքը եւ ջնջած արտակարգ ներկայացուցչութեան դրութիւնը, սակայն հիմնականը օրէնքի գործադրութիւնն է: Յուսանք, որ չարաշահողները չեն գտներ շուկային մէջ սակերը բարձրացնելու նոր ձեւեր, եւ չեն պարտադրեր ծածուկ չարաշահում, որուն պատճառով քաղաքացիներուն տառապանքը կրնայ շարունակուիլ»: