կիրակի, 27 փետրուարին, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյենը Պրիւքսելի մէջ յայտնած է, որ Եւրոպական Միութիւնը որոշած է ամբողջութեամբ փակել օդային տարածքը Ռուսիոյ համար` աւելցնելով, որ այս պատժամիջոցը կիրարկելի է ռուսական բոլոր, այդ կարգին նաեւ սեփական օդանաւերուն վրայ:
Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահը յայտնեց նաեւ, որ Եւրոպական Միութիւնը որոշած է դադրեցնել Ռուսիոյ Կեդրոնական դրամատան հետ բոլոր գործարքները: