Պայքար, 27 Փետրուար 2022
ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ
Վերջերս, լիբանանահայ նշանաւոր երգիծանկարիչ-ծաղրանկարիչ ՏԻՐԱՆի (Աճեմեան) պատկառելի ալպոմը ունեցայ, որ իրապէս գնահատանքի արժանի հատոր մըն է։
Տիրանը յարգարժան անձնաւորութիւն-արուեստագէտ մըն էր, իր աշխարհը ըլլալով ամբողջական նկարչութեան միատեղում մը, ուր քաղաքականը, ընկերայինը, քաղաքացիականը, մարդկայինը, իրենց դիպուկ արտայայտութիւններով, խօսուն շարժուձեւերով ու տպաւորիչ ազդեցութիւններով բացառիկ փայլք ու հմայիչ խորք կու տային, թէ՛ իր արուեստին, թէ՛ զայն ըմբոշխնող հասարակութեան։
Տիրանը հանրածանօթ էր յատկապէս օտար շրջանակներուն, իր գեղագրիչով, գեղարուեստով ու գեղահպումով, որովհետեւ, տեղական արաբատառ ու ֆրանսատառ մամուլին մէջ ունէր իր ուրոյն տեղը, դիտորդը, ու գնահատողը, իր այնքան հարազատ ու փխրուն երգիծանկարներով, անոնք ըլլալով քաղաքական դիմաքանդակներ, պետական այրեր, կառավարական դէմքեր կամ ազգային-հասարակական գործիչներ, գրողներ ու խմբագիրներ։
Պատահական չէր, որ Տիրանը մեծ անուն մը շահած էր ոչ միայն հայկական շրջանակներուն մէջ, այլեւ՝ գերազանցապէս, տեղական, ուր կը վայելէր մեծ ժողովրդականութիւն եւ յարգանք, ի տես իր իւրայատուկ արուեստագիտական տաղանդին, հաղորդական անհատականութեան, անբասիր հայրենասիրութեան, ու հաճելի զրուցակից մը ըլլալու բարեմասնութեան, որուն հետ շփուիլը, իրօք, հոգեպարար պահեր կ’ընծայէին։
Այդպէս էր Տիրանը, իր ժպիտով, լրջախոհութեամբ, բծախնդրութեամբ, սրտամօտիկութեամբ, անկեղծութեամբ ու պարկեշտութեամբ, հետեւաբար, արժանաւոր ու տաղանդաւոր, իր արուեստաբաշխութեամբ եւ արուեստապաշտութեամբ հեղինակ մը, կրնա՞ր այլ ընտրանք ունենալ կամ կրնա՞ր այլ նկարագիրի տէր ըլլալ։
***
Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին, մանաւանդ անոր երկար տեւողութեան ընթացքին, Արեւմտեան շրջանին մէջ ապրող հայութիւնը, որ գլխաւորաբար կը բնակէր ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Ալեք Մանուկեան Կեդրոնի, նաեւ Արա Երեւանեան Կեդրոնի մօտակայ թէ յարակից շրջաններուն մէջ, առանց որեւէ քաղաքական կամ կուսակցական բարդոյթներէ, մէկ ամբողջութիւն կը կազմէին, միշտ համագործակցութեան ու համօգնութեան օրինակելի գործընթացով։
Տիրանը, որ կը բնակէր Ալեք Մանուկեան Կեդրոնի յետնափողոցը, համարեա ամենօրեայ յաճախականութեամբ, իր պարթեւահասակ արտաքինով ու «պէրէ»ով, կ’այցելէր կեդրոն, ուր հաւաքուած կ’ըլլար շրջանի հայութեան մեծ մասը, երբեմն ապահովական նկատառումներով, երբեմն՝ բարեկամական, երբեմն ալ՝ կարօտական, բայց, միշտ իրար թիկունք կանգնելու վճռականութեամբ։
Տիրանը, իր համեստ նկարագիրով, հաճոյախօս բնաւորութեամբ ու հանդարտաբարոյ մօտեցումով, բոլորին հետ կը մերուէր, կը զրուցէր ու կը բաժնէր անոնց հոգերը կամ հարցերը, որովհետեւ կը հասկնար անոնց մտահոգութիւնները, սակայն, լրջօրէն ու գիտակցօրէն կը վերաբերուէր անոնց հետ։
Հետաքրքրական է, որ այդ օրերուն, Ալեք Մանուկեան կեդրոնը նաեւ էր «համաժողովրդային» հաւաքատեղի մը, ուր կը մէկտեղուէին նաեւ՝ ստէպ-ստէպ, մտաւորականներ – Լեւոն Վարդան, Վահէ-Վահեան, Օննիկ Սարգիսեան, Յովհ. Աղպաշեան, Տոքթ. Համբարձում Գասպարեան, Գասպար Տէրտէրեան, Ասպետ Տօնապետեան, Զաւէն Մսըրլեան, Զաւէն Ղարիպեան եւ ուրիշներ, որոնց մէջ, յաճախ Տիրանը կար ու կար, անշուշտ, երբ պայմանները ներէին։
Բնական էր այդ ներկայութիւնը, որովհետեւ Տիրանը՝ իր մտաւորականութեամբ եւ արուեստապատկանելիութեամբ չէր կրնար ուրիշ հորիզոնականի վրայ գտնուիլ կամ տարբեր տեղ զինք տեսնել։
Այդ պահերուն, կը զգացուէր, որ Տիրանը, որքան ուրախ ու հպարտ էր իր ինքնութեան եւ հայկականութեան հարազատութեամբ, թէեւ, ինչ որ տեղ կը նշմարուէր տրտմախոհութիւն, տեսնելով այն ահաւորութիւնը, որ կը տիրէր շրջապատին մէջ, սքանչելի Լիբանանը տանելով դէպի խորտակում։
Անբնակա՞ն էր այս մօտեցումը կամ ապրումը. բնա՛ւ, այնքան ատեն որ՝ Տիրան,
– Մեծահոգին
– Մեծասիրտը
– Մեծահայը
– Մեծասէրը
– Մեծապաշտը
Հաւատարիմ էր իր արմատներուն, արուեստին, ստեղծագործութեան ոգիին ու շունչին, որոնց ծառայեց ու նուիրաբերուեցաւ ամենայն պարտաճանաչութեամբ, հաւատարմութեամբ ու հոգեկանութեամբ։
***
Օր մըն ալ իմացայ, որ Տիրանի ամբողջ «երգիծանկարչական» արուեստին նուիրուած ալպոմ մը պիտի հրատարակուի, մեծապէս գնահատելի եւ ողջունելի նկատելով այդ ազնիւ նախաձեռնութիւնը, իր դստեր կողմէ։
Մեծապէս ուրախացայ, այն ակնկալութեամբ, ու, ինչպէս ուրիշներու, նաեւ իմ հօրս՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱՂՊԱՇԵԱՆի դիմանկարը կը զետեղուի հոն, որովհետեւ՝ Տիրանը, իր սիրայօժարութեամբ, ուզած էր Աղպաշը արժեւորել եւ ըրած էր այդ մէկը եւ, այսօր, իմ տանս մէջ պատուաւոր տեղ մը կը գրաւէ։
Ինչպէս յիշած էի վերը, Աղպաշը եւ Տիրանը, պատերազմական այդ թեժ օրերուն, բազմաթիւ հարցերու պարագային, նոյնանման մտահոգութիւններ եւ առաջադրանքներ ունէին, հետեւաբար, նոյն ապրումներով կը տուայտէին։
Եւ ասիկա բնական էր, որ խմբագիրն ու արուեստագէտը, գրողն ու յօրինողը կրնայի՞ն այլ ընտրանք եւ ուրիշ ուղղութիւն կամ հայեացքներ ունենալ։
Սակայն, պատասխանը, որ ստացայ, թէկուզ «միջնորդ»ի մը կողմէ, զիս ուղղակի ցնցեց.
– ՏԵՂ ՉՈՒՆԻՄ…
Եթէ Աղպաշի մը մեծութեամբ եւ Տիրանի մը ձեռնհասութեամբ «տեղ չունիմ»ը յայտնիներու մասին է խօսքը, պարզապէս ահեթեթութիւն է ատիկա, թերեւս ալ՝ կարճատեսութիւն։
Յիշեմ, որ բնաւ նպատակս այս հարցը արծարծել չէր, բայց, կարելի չէր ալ անտարբերութեամբ անցնել անոր քովէն, քանի ո՛չ Աղպաշեանը կը կորսնցնէր իր հեղինակութենէն, ո՛չ ալ Տիրանը՝ իր բարձրունքէն, մինչ անպայման շահողը կ’ըլլար հրատարակութիւնը։
Յամենայն դէպս, շնորհաւորելի ալպոմ մըն է, արժանին մատուցելով արժանաւորին։