Ի տես շաբաթ երեկոյեան սկսած պենզինի տագնապին մասին լուրերուն եւ լիբանանցի քաղաքացիներուն իրարանցումին ու վառելանիւթի կայարաններուն դիմաց վերադարձած հերթերուն, տնտեսութեան եւ ուժանիւթի հարցերու նախարարներ Ամին Սալամ եւ Ուալիտ Ֆայեատ հաստատեցին, թէ երկրին մէջ վառելանիւթի տագնապ գոյութիւն չունի: Անոնք երէկ այցելեցին վառելանիւթի կայարանները եւ ստիպեցին վառելանիւթի անոնց սեփականատէրերուն բանալ իրենց դռները ու վաճառել իրենց ունեցած վառելանիւթի քանակը:
Միւս կողմէ, նկատի ունենալով ցորենի պաշարներ ապահովելու տագնապին հաւանականութիւնը, ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեան շեշտեց, որ ցորենի գործածութիւնը Լիբանանի մէջ պիտի սահմանափակուի միայն հացի արտադրութեամբ` նկատի ունենալով, որ անիկա քաղաքացիին համար առաջնահերթութիւն է, ինչպէս նաեւ նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ Լիբանան միայն մէկուկէս ամսուան ցորենի պաշար ունի:
Միւս կողմէ, կառավարութիւնը ուրբաթ, 4 մարտ 2022-ին, յետմիջօրէին նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:
Նախքան նիստը գումարելը, նախագահ Աուն հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Միքաթիի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի յայտնեց, որ կառավարութիւնը քննարկած է 26 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը, որուն շրջագիծին մէջ մէկ տարիով յետաձգած է քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները, այլ խօսքով` քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները պիտի կայանան 31 մայիս 2023-ին:
Հալապի յայտնեց նաեւ, որ կառավարութիւնը կազմած է նախարարական յանձնախումբ մը, որուն պարտականութիւնն է հետեւիլ ու հսկել քաղաքացիներուն սննդեղէնի ապահովութեան: Նախարարական յանձնախումբին կը նախագահէ տնտեսութեան նախարար Ամին Սալամ, իսկ անդամներն են` ճարտարարուեստի, երկրագործութեան, ելեւմուտքի, մշակոյթի եւ պաշտպանութեան նախարարները:
Հալապի նկատել տուաւ, որ կառավարութիւնը կազմած է նաեւ երկրորդ նախարարական յանձնախումբ մը, որուն մաս կը կազմեն ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարը, արդարութեան, կրթութեան, մշակոյթի, ելեւմուտքի, զբօսաշրջութեան, հաղորդակցութեան միջոցներու եւ արտաքին գործոց ու արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարները:
Այս յանձնախումբին պարտականութիւնը պիտի ըլլայ սերտել 2022-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցելու եւ քուէարկելու նպատակով մեկասենթըրներ ստեղծելու կարելիութիւնը, եւ առաւելագոյնը մինչեւ վաղը` երեքշաբթի, 8 մարտ 2022-ին, տեղեկագիր մը փոխանցել նախարարաց խորհուրդին:
Նշենք, որ նիստին ընթացքին նախագահ Աուն հաստատեց ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին լիբանանցիներուն սննդեղէնի ապահովութեան հսկելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ այս իմաստով պէտք է արագ քայլերու դիմել` նկատի ունենալով Ուքրանիա-Ռուսիա տագնապը:
Նախագահ Աուն շեշտեց նաեւ տարբեր առարկաներու եւ սննդեղէնի սակերը անհամեմատ բարձրացնելու դէմ պայքարելու եւ չարաշահումները կասեցնելու անհրաժեշտութիւնը:
Նախագահ Աուն նկատել տուաւ, որ Միջազգային դրամական ֆոնտը լուսարձակի տակ առած է եւ կարեւորութեամբ շեշտած ելեւմտական ապաքինումի ծրագիրին անմիջական վաւերացումը, պայմանով որ այդ ծրագիրը ընդգրկէ նաեւ Կեդրոնական դրամատան վերակազմաւորումը, ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան միացեալ փոխարժէքի ճշդումը, արձանագրուած վնասները բաժնելու կարիքը, ելեւմտական էական բարեկարգումներ գործադրելու, ինչպէս նաեւ ընկերային անվտանգութեան ցանց մը ստեղծելու ծրագիրի մշակումին անհրաժեշտութիւնը:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ Միջազգային դրամական ֆոնտը շեշտած է քաղաքական համախոհութիւն ապահովելու կարեւորութիւնը` վաւերացնելու համար ելեւմտական ապաքինումի ծրագիրը:
Հանրապետութեան նախագահը շեշտեց, որ երկրին ելեւմտական իրավիճակը շատ զգայուն է եւ յետաձգում չի հանդուրժեր: «Բոլորը պէտք է ստանձնեն իրենց պատասխանատուութիւնները:
Ան շեշտեց նաեւ Ուքրանիոյ մէջ ապրող լիբանանցիներուն հարցերը լուծելու, զանոնք Լիբանան փոխադրելու ձեւերը ապահովելու, ինչպէս նաեւ պէտք եղած կարիքները հոգալու կարեւորութիւնը:
Իր կարգին, վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ ընկերային օժանդակութիւններու բաշխումը պիտի սկսի այս շաբթուան ընթացքին` բարձր գնահատելով ընկերային հարցերու նախարարին ճիգերը, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ արագացնել ամէնէն աւելի կարիքաւոր ընտանիքներուն յատկացուելիք ընկերային օժանդակութիւններուն երաշխաւորումը:
Վարչապետ Միքաթի նիստին ընթացքին անդրադարձաւ նաեւ այն պատճառներուն, որոնք Լիբանանը մղեցին ռուս-ուքրանական տագնապին գծով կեցուածք մը որդեգրելու:
Միքաթի շեշտեց, որ այս կեցուածքը կը բխի պատմականօրէն Լիբանանի որդեգրած այն կեցուածքներէն, որոնց հիման վրայ Լիբանան կը դատապարտէ որեւէ երկիր կամ պետութիւն, որ կը ներխուժէ իրեն դրացի երկիր մը, «բայց եւ այնպէս Լիբանան կը փափաքի Ռուսիոյ հետ իր հեզասահ յարաբերութիւնները պահպանել», ըսաւ ան:
Վարչապետ Միքաթի կառավարութեան ներկայացուց նաեւ ամերիկեան ելեւմտական նախարարութեան պատուիրակութեան այցելութեան արդիւնքները` ընդգծելով, որ այդ պատուիրակութեան հետ քննարկուած է փտածութեան դէմ պայքարը, որուն շրջագիծին մէջ փտածութեան դէմ պայքարի իմաստով լիբանանեան ազգային խորհուրդի աշխատանքներուն աշխուժացումը:
Ան աւելցուց, որ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին լիբանանեան ազգային այս խորհուրդին աշխատանքին գործադրութիւնը կը փաստէ փտածութեան դէմ պայքարելու լիբանանեան պետութեան լրջութիւնը: