Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան
1.Երկու ապաշնորհ բառեր՝ մօտ եւ կերպով, աւելի ճիշդը՝ բառային ապաշնորհ կիրարկութիւններ, արիւնաքամ կ’ընեն հայերէնը ընդհանրապէս եւ արեւմտահա- յերէնը մասնաւորապէս:
Ուղղակի անըմբռնելի է ասոնք կիրակողներու լեզուամտածողութիւնը. չես հասկնար, թէ ինչո՛ւ անիմաստ ու բոլորվին անտեղի կը մուծեն ասոնք խօսքի մէջ:
–«Նախարարութիւնը բողոք ներկայացուց կառավարութեան մօտ»:
Հայերէնը բան մը կը ներկայացնէ «մէկո՞ւն», թէ՞ «մէկուն մօտ»:
–Ճիգեր ի գործ դրուած են ջամբելու հայոց լեզուն հայ աշակերին մօտ:
Նախորդին «կատարելագործուածը»՝ կը ջամբենք «մէկո՞ւն», թէ՞ «մէկուն մօտ»:
Ուրիշ անհեթեթութիւն մը հետեւեալին մէջ. «Արաբ պաշտօնատարներու մօտ երկխօսութեան տրամադրութիւն նկատեցի»,− կ՛ըսէ ՄԱԿ-ի պատուիրակը:
Մօտը, այսինքն՝ ո՞ւր, ո՞ր տարածութեան ու ո՞ր պարունակին մէջ:
Տրամադրութիւնը մէկուն մօ՞տ կ’ըլլայ, թէ՞ մէկուն մէ՛ջ:
Ձեզի ծանօ՞թ է տրամադրութիւն մը, որ գտնուի ձեր մօտը եւ ո՛չ թէ մէջը:
Աւելի զազրելի է դեսպաններու զետեղումը այս կամ այն երկրին… մօտ.
Ըլլալիք բա՞ն է այս, ուտուելիք ապո՞ւր է:
–«Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպանը տեսակցեցաւ վարչապետին հետ»:
Հայաստան իր դեսպանը Լիբանա՞ն ղրկած է, թէ՞ Լիբանանի մօտ տեղ մը, ըսենք… բայց ճիշդ ի՞նչ ըսենք, ինչպէս պատկերացնենք մօտ-ը, որ ի՛նչ դիրք ալ թելադրէ՝ չի՛ նշանակեր մէջ, իսկ այդ դեսպանը,− ինչպէս ուրիշ դեսպաններ,− ենթադրուած է գտնուիլ Լիբանանի մէ՛ջ, ուրկէ դուրս դեգերողը ոչ մէկ նպատակի կը ծառայէ եւ աւելորդ բեռ մըն է Հայաստանի պետական գանձին… մօտ:
2.Մօտ-ին չափ անհեթեթ կիրարկութիւն մը ունի կերպով-ը:
Այլանդակ ճաշակ մը ունին մեր արդի գրողները. ուր որ տեսնեն ածական մը, մակբայ մը կամ ասոնց յարող բառ մը, իսկոյն եւ անյետաձգելի կարիքը կը տեսնեն զայն օժտելու, իմա՝ ծանրաբեռնելու կերպով բառով:
–«Յատուկ կերպով անդրադարձ եղաւ դաշնակցային ռազմավարութեան»:
Ի՞նչ է այս կերպով-ին դերը այս նախադասութեան մէջ, ի՞նչ բաց գոցելու կը ծառայէ ան,− բացարձակապէս ո՛չ մէկ: Անմիտ ու անիմաստ աւելորդաբանութիւն մըն է, որ միայն կը ծանրաբեռնէ, կը խճողէ խօսքը եւ ցոյց կու այ գրողին անճաշակութիւնն ու մանաւանդ խոր տգիտութիւնը:
Վասնզի յատուկ ածականը արդէն մեզի լիուլի կը յուշէ անդրադարձ-ին որակը, որպիսութիւնը, յատկանիշը, այնքան լաւ, որ ուրիշ ծանօթութեան չենք կարօտիր: Մեզմէ առաջ չի կարօտիր ինքը՝ հայոց լեզուն, որուն իբրեւ թէ պաշտպանն ու յառաջամարտիկը ենթադրուած է ըլլալ ամէն գրող ու լրագրող:
Իսկ թէ մինչեւ ո՞ւր կրնայ հասնիլ կերպով-ի կիրարկութեան անհեթեթութիւնը, ծանօթացէք «Ազդակ»-ի քաղաքական էջի հետեւեալ գոհարին եւս (27-1-22, էջ 8).
«Մենք գործօն կերպով կը նպաստենք ճգնաժամային կացութիւններու»:
Մէկն ալ պէտք է, որ զբաղի հայերէնի ճգնաժամային կացութիւններու խափանումով եւ բացատրէ, որ պէտք չէ ըսել գործօն կերպով, այլ… գործնապէս:
3.Esplanade
Օրերս արեւելահայերէնը շնչահեղձող օտարաբանութիւններուն վրայ,− որուն բո՛ւն տարողութիւնը իմանալու համար կրնաք դիմել Յակոբ Պալեանին, որ ձեռնհաս տոմարակալի աչալրջութեամբ ցանկագրած է եւ օրնիբուն կը համալրէ զանոնք, իսկ ի պահանջել հարկին կրնաք դիմել նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի ասպետներուն, այլեւ «Արմենպրես»-ին, «Առաջին ալիք»-ին, ինչու չէ ակադեմիկոսներուն եւ ինտելիգենցիայի արժանապատիւ ներկայացուցիչներուն,− աւելցաւ միաւոր մըն ալ, որ է… esplanade-ը:
Ուրեմն մեր արտաքին նախարարի Ֆրանսա այցին առթիւ տեղւոյն իշխանութիւնները կամ հայասէր շրջանակները որոշեցին փարիզեան տարածք մը մկրտել Հայաստանի անունով. եւ առ այս հաստատուեցաւ ցուցանակ մըն ալ, որ կը կրէ «Esplanade d’Arménie» արձանագրութիւնը:
Այս բոլորը ուրախութեամբ պիտի լեցնէր մեր հոգիները եւ քիչ մը լուսաւորէր մեր մռայլ առօրեան, եթէ մեր արեւելահայ ապականեալ ու այլասերած ԶԼՄ-ները իսկոյն նոյնութեամբ չփոխադրէին այս օտարաբանութիւնը իրենց աղբանոցին մէջ՝ «Հայաստանի էսպլանադ» վերտառութեամբ:
Ոչ մէկը, բացարձակապէս ոչ մէկը նուազագոյն ճիգը թափեց կամ թէ մատը մատին զարկաւ՝ հայացնելու համար այս տարրական ու երիցս հասարակ բառը, որուն դիմաց արեւմտահայ բառարաններուն մէջ պատրաստ կը գտնենք այնքնա հարազատ թարգմանութիւններ՝ հարթավայր, տափաստան, դաշտավայր, հրապարակ, բացաստան, հարթագետին, չհաշուած տակաւին թրքերէնն ալ՝ աչըգ մէյտան:
Երբ այս բոլորը ունի մեր մայրենին, ալ ինչո՞ւ այս ձրի ու անմիտ մուրացկանութիւնը:
Ֆրանսաերէն նորագոյն բառարանները զայն կը բացատրեն. «Terrain plat, aménagé en vue de dégager les abords d’un édifice, de ménager une perspective».
Որ ոչ աւելի, ոչ պակաս՝ կ’ակնարկէ «շինութեան մը շուրջ յարդարուած տափառակ հողաշերտի մը, որ կը ծառայէ ապահովելու շրջապատի ազատ ընկալումը»:
Մեր բերած վեց հոմանիշներէն ո՛րեւէ մէկը պատուով կրնար ծառայել այդ հասկացութեան հայացումին, ինչպէս զայն առաջինը ըրաւ «Նոր Յառաջ»-ը ՝ «Հայաստանի հրապարակ» անուանելով զայն ու վե՛րջ:
Ծանօթ.− Աւելցնեմ, որ esplanade-ը «հրապարակ» միակի եզրով թարգմանած են նաեւ ժամանակակից արեւելահայ բառարանագիրներ Մուրադեան-Խաչատրեան համահեղինակները: Ուրեմն ոչ մէկ արեւելահայ թէ արեւմտահայ բառարան բացուած է:
Մանաւանդ որ ռուսը կը կիրարկէ նոյն բառը՝ эспланада:
Ալ ի՞նչ պէտք կայ հայերէն խաղցնելու. ո՛չ կ’ուտուի՝ որ ուտես, ո՛չ կը խմուի՝ որ խմես:
Ո՞ւր կը տանիք Հայաստանը եւ ո՞ւր կ’երթայ…. արեւելահայերէնը: