Երկուշաբթի, 11 ապրիլ 2022-ին, նախկին հալէպահայ ազգայիններէն տէր եւ տիկին Աւետիս եւ Ռիթա Գարակիւլեան այցելեցին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Բերիոյ թեմի նախկին առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան:
Աւետիս եւ Ռիթա Գարակիւլեան վեհափառ հայրապետին յայտնեցին, որ 100.000 ամերիկեան տոլարի գումարով կը փափաքին դպրեվանքի հիմնադրամ մը հաստատել եւ յանձնառու եղան յառաջիկային աճեցնել հիմնադրամը:
Վեհափառ հայրապետը բարձրօրէն գնահատեց Գարակիւլեան ընտանիքին յանձնառութիւնը եւ իր հայրապետական օրհնութիւնը փոխանցեց անոր` դպրեվանքի առաքելութեան առաւել ծաղկման իր շօշափելի մասնակցութեան համար: