Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Վարչապետն ու ներքին գործոց նախարարը կը հաստատեն, որ խորհրդարանի  ընտրութիւնները յաջողութեամբ պիտի կատարուին

May 6, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Miqati says no plans to eliminate depositors’ rights, undermine banking sector

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ 40 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:

Նիստին ընթացքին վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախօրեակին ինք հանգիստ կը զգայ կառավարութեան մէջ տիրող մթնոլորտին նկատմամբ` աւելցնելով, որ նախարարաց խորհուրդը մէկ ընտանիքի նման կը գործակցի իրարու հետ:

Միքաթի հաստատեց, որ երկրին մէջ կառավարութեան նկատմամբ ժխտական տրամադրութիւն մը ստեղծելու միտում գոյութիւն ունի` աւելցնելով, որ այդ տրամադրութիւնը կը միտի կառավարութիւնը պատասխանատու նկատել երկրին մէջ արձանագրուած քանդումին:

«Մենք արդէն իսկ կը գտնուինք մեր նուաճումը արձանագրելու սեմին: Այդ նուաճումն է արտերկրի լիբանանցիներուն կատարելիք քուէարկութիւնը, եւ այս իմաստով կ՛ողջունենք ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուիի ջանքերը` ընտրութիւններու նախապատրաստական աշխատանքին համար», ըսաւ ան:

Վարչապետ Միքաթի քննադատեց ամբոխահաճոյ մօտեցումը` քեփիթըլ քոնթրոլի ծրագիրին առնչութեամբ: Ան նշեց, որ այդ ծրագիրը մշակուած է դրամատան մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն գումարները պահպանելու նպատակով:

Միքաթի ընդգծեց, որ Լիբանան տնտեսական իր կացութիւնը բարելաւելու համար ունի մէկ ընտրանք, որն է Միջազգային դրամական ֆոնտը, իսկ քեփիթըլ քոնթրոլի ծրագիրը կարելի է քննարկել եւ բարեփոխումի ենթարկել:

Վարչապետը նկատել տուաւ, որ տօնական օրերուն ընթացքին աննախընթաց աշխատանք արձանագրուած է պանդոկներուն պարագային` աւելցնելով, որ պահանջուածը միայն վստահութիւնն է:

Նշենք, որ կառավարութիւնը իր նիստին ընթացքին համաձայն գտնուեցաւ, որ առողջապահութեան նախարարութիւնը Կեդրոնական դրամատունէն խնդրէ դեղորայքի եւ բժշկական սարքերու ներածումին համար 35 միլիոն տոլար տրամադրել, ինչպէս նաեւ ապահովութեան ուժերուն բուժման համար ամսական 20 միլիառ լ. ոսկի տրամադրել:

Կառավարութիւնը որոշեց 300 միլիառ լ. ոսկի` շուրջ 12 միլիոն տոլար տրամադրել ֆրանսական ընկերութեան, որպէսզի 400 հազար անցագիր կարենայ գնել:

Միւս կողմէ, նիստին աւարտին տեղեկատուութեան նախարար Զիատ Մքերի հաստատեց, որ կառավարութիւնը գնդապետ Մունիր Շահատէն նշանակեց լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային ուժերուն միջեւ համադրումը կատարող պատասխանատու զինուորական:

Մքերի ընդգծեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները հարիւր առ հարիւր պիտի կատարուին. ան նշեց նաեւ, որ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի գոհունակ է երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախապատրաստական աշխատանքով:

Միքաթի Այցելեց Արտաքին
Գործոց Նախարարութիւն

Վարչապետ Միքաթի այցելեց արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր ստուգեց արտերկրի լիբանանցիներուն կողմէ երեսփոխանական ընտրութիւններու հոլովոյթին հետեւելու համար որդեգրուած քայլերն ու միջոցները:

Վարչապետը ընդունուեցաւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպի կողմէ:

Վարչապետը շեշտեց, որ արտերկրի լիբանանցիներուն քուէարկութիւնը փաստ մըն է, որ անոնք տակաւին իրենց երկրին կը զօրակցին եւ չեն մոռնար զայն:

Վարչապետը կոչ ուղղեց արտերկրի լիբանանցիներուն խուռներամ ուղղուելու քուէարկութեան եւ ընտրելու խիղճով, ազատ կամքով ու պարկեշտութեամբ:

Իր կարգին, Պու Հապիպ յայտնեց, որ պիտի շարունակեն արտերկրի մէջ ընտրութիւններն ու քուէարկութեան հոլովոյթը կազմակերպել արհեստավարժութեամբ` հեռու քաղաքական հաշիւներէ եւ նպատակներէ:

Վարչապետը Վրոնեցքայի Հետ Քննարկեց
Ընտրութիւններուն Վերաբերող Հարցեր

Վարչապետ Միքաթի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց ընտրութիւններուն վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Վրոնեցքա շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ արձանագրուած զարգացումները դրական են` աւելցնելով, որ ընտրութիւնները այսօր իսկ կը կայանան արտերկրի մէջ, իսկ յառաջիկայ կիրակի օր` Լիբանանի մէջ:

«Կարեւորը այն է, որ ընտրութիւնները կատարելու նպատակով վարչական եւ ապահովական բոլոր կարգադրութիւններուն ու միջոցառումներուն դիմուած է:

Միքաթի ընդունեց նաեւ զբօսաշրջութեան նախարար Ուալիտ Նասսարը, որուն հետ քննարկեց 12-13 յունիսին Ֆրանչիսկոս պապին Լիբանան կատարելիք այցելութեան նախապատրաստական աշխատանքները:

ՆՇԵՆՔ, որ ներքին գործոց նախարար Պասսամ Մաուլաուի երէկ այցելեց հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի, որուն հետ քննարկեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցեր:

Մաուլաուի ընդգծեց, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը կազմ ու պատրաստ է յաջողութեամբ եւ առանց որեւէ խոչընդոտի կատարելու երեսփոխանական ընտրութիւնները:

Մաուլաուի կոչ ուղղեց բոլոր լիբանանցիներուն մասնակցելու ընտրութիւններուն եւ քուէարկելու` իրագործելու համար իրենց իրաւունքն ու կատարելու համար իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնը:

«Մենք արթուն կը հսկենք ապահովութեան, եւ 15 մայիսին յաջողութեամբ պիտի կատարենք ընտրութիւնները` առանց խանգարելու քաղաքացիներուն հանգիստը», ըսաւ ան:

 

Previous Post

Ատրպէյճան կազ կը խոստանայ Եւրոպային

Next Post

Մարդկային պատմությունները կքանդեն ատելության պատերը. ի՞նչ փոխվեց հայկական արմատները բացահայտած Ֆեթհիյե Չեթինի կյանքում

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.